Նամակ երկրէն / ՆԱԽՈՐԴԸ /
ՃԻՇԴԻՆ՝ ՃԻՇԴ, ՍԽԱԼԻՆ՝ ՍԽԱԼ ԸՍԵՆՔ
Նախարարներու նշանակումը աւարտեցաւ եւ շուտով անոնք կ’անցնին աշխատանքի: Նորանշանակ նախարարներէն կը ճանչնամ մի քանիսը՝ գործնական թէ անհատական շփումներու բերումով: Սոցապ նախարար Զարուհի Բաթոյանին, Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին ու Տրանսպորտի եւ Տեղեկատուական Տեխնոլոգիաներու նախարար Յակոբ Արշակեանին մասին միայն դրական խօսքեր կրնամ ըսել՝ թէ՛ իբրեւ պատուաւոր մարդիկ եւ թէ իբրեւ մասնագէտներ:
Ուրախ եւ հպարտ եմ այս նշանակումներուն համար եւ վստահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին պիտի կարողանան լուրջ բարեփոխումներով իրենց ղեկավարած նախարարութիւնները վերածել պետական օրինակելի կառոյցներու: Արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարներուն մասին բոլորս ալ գիտենք՝ մասնագէտներ են եւ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայեն պետական համակարգին մէջ եւ մեծ յարգանք կը վայելեն բոլորին կողմէ անխտիր:
Մնացեալին մասին ես անձամբ շատ բան չեմ գիտեր: Ոմանք նոր են, միւսները տարիներէ ի վեր կ’աշխատին նախարարութիւններու մէջ՝ տարբեր պաշտօններով: Փոխ վարչապետներու մասին ալ կարծիք չեմ կրնար տալ, բայց մէկ բան յստակ է՝ ունինք նոր կառավարութիւն, երիտասարդ նախարարներ եւ…
մեծ ակնկալութիւններ: Յաջողութիւն մաղթենք իրենց աշխատանքներուն, եւ յուսանք ու մանաւանդ աջակցինք մեր նորանշանակ նախարարներուն, որպէսզի անոնք կարողնան տարիներէ ի վեր կուտակուած բազմաթիւ խնդիրներուն լաւ լուծումներ գտնել:
Անմիջապէս ըսեմ, որ աջակցիլ չի նշանակեր միայն փառափանանքի խօսքեր ըսել եւ շռայլ գնահատականներով անդրադառնալ կառավարութեան աշխատանքներուն: Աջակցիլ կը նշանակէ նաեւ տեղին կառուցողական, շինիչ քննադատութիւններ ընել, սխալներու եւ վրիպումներու մասին անդրադառնալ, ռիսքերը մատնանշել, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ եւ արդիւնաւէտ ուղղութեան վրայ պահել նախարարութիւններու աշխատանքները:
Ընդունուած 100 օրը պրծելուն պէս, բոլորս իրաւունք ունինք մեր դրական կամ բացասական կարծիքներով եւ կառուցողական քննադատութեամբ անդրադառնալու կառավարութեան գործունէութեան: Կը կարծեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ նշանակումներով սկսաւ նոր տարին: Լաւատես ըլլալու իրաւունք ունինք:
Այսքանը՝ ճիշդին մասին: Իսկ հիմա կ’արժէ անդրադառնալ մի քանի մարզպետներու որոշ արարքներուն, որոնք հանրութեան կողմէ խստօրէն քննադատուեցան այս օրերուն: Մամուլին մէջ լոյս տեսան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց կարգ մը մարզպետներ իրենք իրենց եւ/կամ իրենց աշխատակազմին տարեվերջի պարգեւավճարներ (bonus) տուած են՝ այսպէս ըսուած 13-րդ աշխատավարձ:
Սա, ի միջի այլոց, նորութիւն չէ Հայաստանի մէջ: Ժամանակին, մամուլին մէջ յաճախ կը կարդայինք, որ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին տխրահռչակ ղեկավարը՝ Գագիկ Խաչատրեանը, պարգեւավճարներ բաշխած է ՊԵԿ-ի պաշտօնեաներուն, եւ երբեմն այդ պարգեւավճարները թանկարժէք ժամացոյցներ եղած են, գնուած, մի՛ զարմանաք, նոյնինքն Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող Chronograph «լիւքս» խանութէն:
Հիմա վերադառնանք մարզպետներուն եւ ընդհանրապէս պարգեւավճարի երեւոյթին: Ի՞նչ հիման վրայ կը տրուին
տարեվերջի այս bonus-ները, ի՞նչ չափանիշերով կը ճշդուի գումարի չափն ու կ’ընտրուի պարգեւը ստացող պաշտօնեան: Կա՞ն յստակ օրէնքներ կամ կանոնադրութիւն՝ պարգեւավճարի վերաբերեալ:
Իմաստ ունի՞ պարգեւավճար տալը, թէ պարզապէս վատ սովորութիւն մըն է, որ պէտք է վերատասութեան ենթարկուի: Իսկ ամենավատը այն է, որ մարզպետները իրենք որոշած են իրենց պարգեւավճարը, մէկը՝ ինքնիրեն նոյնիսկ երկու անգամ արժանի համարած է bonus ստանալու: Սա սխալ է եւ կարիք ունի սրբագրուելու՝ յստակ օրէնքներով եւ կանոնադրութեամբ:
Գիտենք, որ ծիծաղելի ըլլալու, կամ աւելի ճիշդը՝ լալու չափ ցած են պետպաշտօնեաներու աշխատավարձերը, եւ անոնք անպայման վերատեսութեան պէտք է ենթարկուին: Իսկ պարգեւավճարները այս խնդրին լուծում չեն տար: Սխալ է: Եւ սխալին՝ սխալ պէտք է ըսել, իսկ ճիշդին՝ ճիշդ:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com