Մաքրոն Անձամբ Էրտողանը Տեղեակ Պահած է Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ազգային Օր Հռչակելուն Մասին

06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անձամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տեղեակ պահած է Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելուն մասին: Վկայակոչելով Euronews.com-ը՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին ընթացքին՝ Մաքրոն, խօսելով յիշատակի օր հռչակելու նախաձեռնութեան մասին, յայտարարած է, որ Էրտողանին նախապէս տեղեակ պահած է իր որոշումին մասին, քանի որ «կը փափաքի բաց երկխօսութիւն պահպանել Թուրքիոյ հետ»:

«Մենք տարաձայնութիւններ ունինք «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին, Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հարցերուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան խնդիրին վերաբերեալ»,- ըսած է Մաքրոն: Ան նկատած է, որ նաեւ միատեսակ կարծիքներ ունին Սուրիոյ հարցով, իսկ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը, Ֆրանսայի նախագահին կարծիքով, առաջնային է:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքը կայացած է Փետրուար 5-ին: Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր հռչակել խոստացած էր Մաքրոնը՝ իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին։ Ընթրիքին՝ Մաքրոն նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին:

yerakouyn.com/2019/02/06/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail