Ակնարկ. Երեւանը Կրնայ Կամրջել Եւրոպական Միութիւնն Ու Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը

20 հոկտեմբեր 2015

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն նոր պայմանագիր կնքելու հեռանկարին մասին ուղենշային է, իրադրութիւններու հետագայ ընթացքին մասին որոշ կանխատեսումներ կատարելու ուղղութեամբ: Պարզ է, որ դեկտեմբերին, Եւրոպական Միութիւն կը ստանայ լիազօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բանակցութիւններ սկսելու` նոր ձեւաչափով փաստաթուղթ ստորագրելու համար: Վիլնիւսէն ետք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ տարուող բանակցութիւնները սառեցուած էին: Հիմա հետզհետէ պարզ կը դառնայ, որ կողմերը պատրաստ են նոր բովանդակութեամբ համաձայնագիր կնքելու:

Նոր համաձայնագիրի բովանդակութեան մասին տարատեսակ կանխատեսումներ կային եւրոպացի պաշտօնատարներու կողմէ: Ոմանք սահմանափակ բնոյթ կը նախատեսէին այն առումով, որ համաձայնագիրը կ՛ունենայ քաղաքական բնոյթ, սակայն ոչ տնտեսական` նկատի ունենալով, որ Երեւանը իր որոշումը կայացուցած էր արդէն լիիրաւ անդամ դառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ):

Երեւանը կը շարունակէր յայտարարել, որ ինք պատրաստ է «ԹԷ՛, թէ՛»-ի կամ «Ե՛ւ, ե՛ւ»-ի փոխլրացուցիչ, բազմաշառաւիղ (բազմավեկտոր) կամ հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւնը շարունակելու:

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը կը շրջէ հետագայ պայմանագիրին բովանդակութեան սահմանափակ ըլլալու տեսութիւնը: Յատկանշական է յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՏՄ-ին անդամակցութիւնը բոլորվին չի նշանակեր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը չեն կրնար ունենալ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններ յատկապէս այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մեծամասնութիւնը ուղղուած է դէպի Եւրոպական Միութեան տարածք: Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի համար, որ ԵՏՄ-ի անդամ է եւ աւելի հակուած է դէպի Մոսկուա, իսկ կնքուելիք փաստաթուղթը Հայաստանին կու տայ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն»:

Ուրեմն, ըստ համաեւրոպական գլխաւոր հաստատութեան փոխնախագահին, բանակցելի փաստաթուղթը կ՛ունենայ նաեւ առեւտրատնտեսական բաժին, քաղաքականին առընթեր: Իսկ եթէ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական բաժինները ներառուած են, ապա պէտք է սպասել իմանալու համար տարբերութիւնները ա՛յն փաստաթուղթին, որ Երեւանը չստորագրեց Վիլնիւսի մէջ եւ այն, որուն շուրջ շուտով կը սկսին բանակցութիւնները:

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին մէջբերուած յայտարարութեան երկրորդ բաժինը աւելի յատկանշական է: Ուղղակի կը խօսի այն մասին, որ Երեւանը կ՛ուզէր իբրեւ հիմնարար դերակատարութիւն ինքնաստանձնել: Կնքուելիք փաստաթուղթը Երեւանին կու տայ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու միջեւ հաւասարակշռութիւն պահպանելու հնարաւորութիւն: Այլ խօսքով` Եւրոպական Միութեան եւ ԵՏՄ-ի միջեւ կամուրջի դեր կրնայ ստանձնել Երեւանը, նոր պայմանագիրին ստորագրութեամբ:

Աշխարհաքաղաքական կարեւոր կեդրոններու միջեւ կամրջումի եւ հաւասարակշռումի դերին ստանձնումով Երեւանին առջեւ կրնան բացուիլ նոր հեռանկարներ:

Այդպիսի դերակատարութիւն ստանձնելուն համար կայ նաեւ նպաստաւոր հիմք, ինչպէս օրինակ աշխարհաքաղաքական խաչմերուկի դերը, որ ի դէպ Իրանի ու Վրաստանի միջոցով կարող է կապել նաեւ ասիական արեւելքը (Պարսից ծոց ու Չինաստան) Եւրոպայի հետ` Սեւ ծովու ճանապարհով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ դերին կրնայ յաւակնիլ նաեւ հեռանկարային հաշուարկով կայունութեան կղզեակ հանդիսանալու հանգամանքին շնորհիւ: Այսօր բոլորին համար յայտնի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զերծ է ներքաղաքական ցնցումներու տեղի տուող կրօնական, ժողովրդագրական եւ այլ առանձնայատկութիւններէ: Առկայ թերութիւններով հանդերձ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ հետեւողականօրէն խորացնել երկրին ժողովրդավարական մթնոլորտը, ինչ որ նոյնպէս կարեւոր հանգամանք է ներքաղաքական լուրջ ցնցումներէ ապահովագրուած ըլլալու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ արտօնեալ առեւտրական դրութիւն ունի Եւրոպական Միութեան հետ, ինչ որ բարենպաստ հնարաւորութիւն է ԵՏՄ երկիրներուն համար: Անոնք կրնան օրինակ նոր արտադրութիւններ կամ իրենց ունեցածին մասնաճիւղերը հիմնել հայաստանեան հասցէին ներքեւ եւ լիարժէքօրէն օգտուիլ առեւտրական արտօնեալ պայմաններէն: Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական պայմանները առաւել բարենպաստ են ԵՏՄ-ի հետ առեւտրական փոխգործակցութեան համար, քան` Եւրոպական Միութեան երկիրներուն ունեցած հնարաւորութիւնները: Վերջապէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի գիտական եւ աշխատանքային որակեալ քատրային ներուժ, ինչ որ նոյնպէս կրնայ խթանիչ հանգամանք հանդիսանալ յիշեալ նպատակը իրականացնելու համար:

Քաղաքական իրատեսութիւնը սակայն նուազ լաւատեսական երանգներ կը յուշէ այս բոլորին մէջ: Երկար ատեն դէպի Եւրոպական Միութիւն բանակցելէ ետք, յանկարծակի ԵՏՄ-ի դիմում ընելը, այն ալ Վիլնիւսի նախօրեակին, չի բացառեր, որ նոր բանակցութիւններէն ետք կոճակի սեղմումներ կտրուկ շրջադարձներ կատարել տան մեր երկրի վարիչներուն: Հիւսիսի մեր ռազմավարական գործընկերէն ճակատագրորոշ փոխանցումները այնպայման դեր պիտի ունենան անշուշտ:

Եւրոպական շրջանակներէն Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղակիօրէն համընկնող այս խանդավառութիւնները ունին իրենց քաղաքական շարժառիթները: Եւրոպական Միութեան հետ նոր պայմանագիրի մասին յայտարարութիւնները աշխուժացան սահմանադրութեան բարեփոխումներուն ուղղութեամբ Երեւանի առած արագ քայլերուն զուգընթաց: Վենետիկի յանձնաժողովը պարբերութիւն առ պարբերութիւն ուսումնասիրած է բարեփոխուած սահմանադրութիւնը, իր վերապահութիւնները յայտնած, ապա իր համաձայնութիւնները եւ ապա իր ողջոյնները յայտարարած: Իսկ Վենետիկի յանձնաժողովը Եւրոպայի պաշտօնական կառոյցներուն կից գործող սահմանադրագէտներու խորհուրդն է, որ կ՛աշխատի համարկուող պետութիւններու սահմանադրութիւնները եւրոպականացնել:

Պարզ է, որ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան նոր փաստաթուղթ կնքելու այսօրուան դրական հանգրուանը սերտօրէն կապ ունի սահմանադրական բարեփոխումներուն հետ: Հիւսիսի մեր գործընկերը Կովկասի իր գործընկերոջ պէտք է տայ աշխարհաքաղաքական կեդրոններ կամրջելու դերակատարութիւնը: Որուն համար ալ պէտք չէ արգելակէ սահմանադրական բարեփոխումներու ընթացակարգն ու մանաւանդ կայացումը:

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail