Խմբագրական Ազատ Խօսք- Անկախ Պարբերաթերթի- ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՁՆԱԳԻՐՆ Է

yeran k
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամիսը՝ հայերուս համար, ընդհանրապէս կը բնութագրուի որպէս հայ մշակոյթի ամիս, երբ անգամ մը եւս կը փորձենք իմաստաւորել եւ արժեւորել հայ գիրերու գիւտին փառքը, որ դարձաւ մեկնակէտը հայ դպրութեան եւ գրականութեան շքեղ ծաղկումին, թարգմանչական բեղուն գործունէութեան եւ հայ մշակոյթի ոսկեդարեան արտայայտութիւններուն: Հայոց գիրերու գիւտով, հայալեզու դպրոցներ բացուեցան ամբողջ Հայաստանի տարածքին, վանքերը դարձան կրթութեան կեդրոններ, ձեռագրատուներ, ժամանակի գիտութեան, փիլիսոփայութեան յայտնի երկերը հայացան, ժամերգութիւնը դարձաւ հայալեզու, Աստուածաշունչ մատեանի դարակազմիկ թարգմանութեամբ…. Այսպէս, հայոց այբուբենը հզօրագոյն ազդակ դարձաւ ազգային ինքնաճանաչման, ազգային ինքնագիտակցութեան նոր որակի կերտումին, ոգիի եւ մտքի յեղափոխութեան….

Մեր մեծասքանչ լեզուն նոյնացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի սրբացած կերպարանքին հետ: Ան իրաւամբ դարձաւ «Հայ դարերու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառաժ», որ իր վսեմագոյն սխրագործութեամբ, պահեց-պահպանեց հայուն ազգային ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը ընդ հուր եւ ընդ սուր, դարերու փոթորիկներուն ընդմէջէն, շատ յաճախ հայոց պետականութեան բացակայութեան պայմաններու տակ:

Անհայրենիք դարձած հայը այբուբենին կառչեցաւ որպէս հոգեւոր հայրենիք…: Տէր Զօրի անապատներուն վրայ, հայրենի բնօրրանէն վտարանդի հայը՝ սովալլուկ ու յոգնասպառ, շէկ աւազին վրայ դրոշմեց Այբ-Բեն-Գիմը որպէս անձնագիր հայեցի ինքնութեան եւ զայն կտակեց նոր սերունդին որպէս ազգային վերապրումի գրաւական…: Աշխարհի չորս ծագերուն, հոն ուր ապաստան գտան հայեր, այնտեղ հիմնեցին հայ դպրոց ու վարժարան, հայ թերթ ու մամուլ, ուր հայ լեզուն ու հայ գիրը դարձան ոգեղէն հայրենիք պանդուխտ հայուն, ոգեղէն հայրենիք՝ հայ բառ ու բանով, հայ բանաստեղծութեամբ, հայ երգով, հայոց պատմութեամբ շնչաւորուած: Հայ լեզուն ու գիրը իրենց շուրջ համախմբեցին հայութեան տարտղնուած, ցիրուցան եղած մասնիկները, «փոշի ազգ»ի բեկորները իրարու շաղկապելով հայ բառ ու բանով, հայ երգ ու տաղով, հայալեզու մշակոյթով….

Հայոց լեզուին, հայ գիր ու գրականութեան մէջ է, գերազանցօրէն, որ հայը գտաւ իր ինքնութիւնը ցոլացնող հայ շունչն ու ոգին, հայուն տագնապներն ու ցաւերը, երազներն ու տեսիլքը, աշխարհը ընկալելու եւ ապրելու կերպը, իր բարոյական առաքինութիւնները, հայրենեաց աշխարհի բոյրն ու թոյրը, համն ու հոտը: Իր էութիւնը:

Հայոց երկաթեայ տառերը իրարու կամրջեցին դարերն ու մեզ իրարմէ անջատող աշխարհագրական տարածքները, իրարու կապեցին ովկիանոսներն ու ցամաքամասերը, աշխարհասփիւռ հայագաղութներն ու Մայր հայրենիքը….եւ դարձան հայութիւնը հայկականութեամբ միաւորող հզօրագոյն ազդակ:

Հայ գիրերու գիւտը տակաւին հնարաւորեց բարձրորակ գրականութեան մը ստեղծումը, որ մշակութային հզօր ու անմար ճառագայթ դարձաւ՝ հայուն խորտուբորտ ճանապարհը լուսաւորող: Կարելի է՞ հայութիւնն ու հայկականութիւնը պատկերացնել առանց Նարեկացիի մատեանին, Խորենացիի, Եղիշէի հայոց պատմութիւններուն, Ռաֆֆիի վէպերուն, Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ին, Շնորհալիի շարականներուն, Վարուժանի, Դուրեանի, Մեծարենցի, Սիամանթոյի, Թէքէեանի, Չարենցի, Սեւակի հայաշունչ եւ ոգեշունչ բանաստեղծութիւններուն, որոնց մէջ հայը ճանչցաւ եւ կը ճանչնայ ինքզինք՝ իր հոգեւոր-բարոյական արժէքներով, ոգեկան խոյանքով վսեմ, գեղեցիկի ինքնատիպ ճաշակով, ազատութեան, արդարութեան, արութեան ազնուագոյն եւ քաջարի մաքառումով եւ պայքարով, իր ուրոյն ապրելակերպով, իր պատմական բազմադարեան անցեալով, զի լեզուն լեզուամտածողութիւն է, առաջին հերթին, հարազատ հայելին ազգի հոգեբանութեան, նկարագրին, աշխարհազգացողութեան, պատմութեան, մշակոյթին….
Որքան իմաստալից կը հնչեն Դանիէլ Վարուժանի հետեւեալ խօսքերը. «Փա՛ռք հայ տառերուն, որոնք անիմանալի խնամիութեամբ մոգական գրիչներու տակ հաւաքուած՝ Եղիշէին լեզուն ոսկի ըրին, Բագրատունիինը՝ ադամանդ, Ալիշանինն ու Հայրիկինը՝ մեղր քաղցրախօս: Հայ լեզուն այդ տառերու սանդղամատերուն վրայ ոտն առ ոտն բարձրացաւ ամէն դարու ճակատին վրայ՝ հոն փորագրելու համար անմահութիւնը Ցեղին»:

Ցեղը, իրաւամբ ալ, անմահ կ’ընծայուի իր մշակոյթով, որուն հիմքերու հիմքը մայրենի լեզուն է, հայախօսութիւնն ու հայագրութիւնը, առանց որոնց հայրենիքն անգամ կը պարպուի իր հայկականութենէն, իր էութենէն, իր ոգիէն, սերունդներու շարունակականութենէն….եւ կը դառնայ սոսկ աշխարհագրական տարածք եւ բնակութեան վայր, օտարագիր եւ օտարալեզու խառնամբոխի մը համար, որ խզած ըլլալով իր ոգեղէն կապը լեզուին մէջ խտացած մտածողութենէն եւ ինքնութեան տարրերէն, կը դառնայ անդիմագիծ զանգուած, նիւթին եւ դրամին սպասարկու….

Այսօր, տէ՞րն ենք մեր լեզուին, լիարժէք տէ՞րը, թէ՞ զայն կ’աղճատենք քիչ մը ամէն օր, մեր օտարաբանութիւններով, մեր լատինատառ գրութիւններով, մեր կիսատ-պռատ հայերէնով, մեր անփոյթ վերաբերմունքով…., շատ յաճախ յանկերգի նման կրկնելով որ «Ի՞նչ օգուտ կու տայ հայերէնը»…., մոռնալով որ ազգային ինքնութիւնն ու արժանապատւութիւնը առուծախի ապրանք չեն, շահոյթ ապահովելու «պիզնէս» կամ առեւտուր չեն երբեք: Այս տխուր մտայնութեամբ ալ, կը փակենք հայ դպրոց ու վարժարան, կ’արհամարհենք հայ գիրք ու թերթ, մեր զաւակները կը յանձնենք օտար վարժարաններու խնամքին, անձնատուր համաշխարհայնացման կամ դրամի կայսերապաշտութեան ահեղ լափումին….

Հայ տառի ու հայ լեզուի սրբազան աւանդը այսօր յանձնուած է մեզի՝ աւագ եւ նոր սերունդին: Պիտի ըլլա՞նք լիիրաւ եւ լիարժէք տէրը այդ աւանդին, որ հայութեան յաջորդական սերունդներուն գոյութեան կռուանն է: Պիտի կարենա՞նք անխորտակելի, անկորնչելի պահել այդ կռուանը: Քանզի, վկայակոչելով դարձեալ Վարուժանը, «…Ատոր վրայ պիտի միանան ու իրարու բոցով հրդեհուին սիրտերը ուծացած, այդ կռուանին վրայ է ջահը դարաւոր Յոյսին ու վերածնունդը դարաւոր Ողջակէզին»:

Հայերէնի նկատմամբ մեր այսօրուան ու վաղուան վերաբերմունքն է որ պիտի պայմանաւորէ հայութեան եւ հայոց հայրենիքի գալիքն ու ապագան: Մեր լինելութիւնը որպէս ազգ ու հայոց երկիր: Հայերէնով է որ մենք պիտի ունենանք ազգային ինքնաճանաչում, ազգային ինքնագիտակցութիւն, ազգային գաղափարախօսութիւն, որոնք առանձին անհատները կը միաւորեն որպէս ժողովուրդ, ժողովուրդը որպէս ազգ ու հայոց երկիր:

Հայերէնը մեր հաւաքական անձնագիրն է:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

http://www.azadkhosk.com/khempakragan5101.html
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (51) Հոկտեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail