Տեսակէտ: / ՆԱԽՈՐԴԸ /
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ ամենաերիտասարդ նախարարը Յակոբ Արշակեանն է: Մօտ մէկ ամիս յետոյ ան պիտի դառնայ 34 տարեկան եւ պիտի շարունակէ գլխաւորել Հայաստանի Տրանսպորտի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների նախարարութիւնը, որ հաւանաբար, կառավարական կառուցուածքային փոփոխութուններու պատճառով վերանուանուի ՀՀ Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարութիւն:
Յակոբ Արշակեանի հետ Հայաստանի ապագային մասին խօսիլը բացառիկ հաճոյք է: Ան իր երկրի եւ իր ժողովուրդի կարողութիւններուն ջերմեռանդ հաւատացողներէն է: Ու ոչ միայն: Արշակեանը յստակ տեսլական, պատկերացում եւ նպատակ ունի եւ լաւ գիտէ, թէ ի՞նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ բարձր տեխնոլոգիաները՝ երկրի տնտեսական զարգացման եւ անվտանգութեան բարձրացման եւ երաշխաւորման մէջ:
Տարիներ շարունակ Հայաստանը կը ներկայացուի իբրեւ արժան աշխատուժի երկիր, մինչդեռ մենք բոլորս գիտենք, որ Հայաստանը ուղեղներու երկիր է եւ ճիշդ չէ՛ արժան աշխատուժը համարել մեր երկրի գլխաւոր գրաւչութիւնը եւ անուշադրութեան արժանացնել՝ բարձր կրթութիւն եւ լուրջ կարողականութիւն ունեցող մարդուժը ու պատճառ դառնալ ուղեղներու արտահոսքին, որուն հետեւանքով մեր հայրենիքէն հեռացած են երկրի զարգացման խթանը հանդիսացող մասնագէտներ, կը շեշտէ նախարար Արշակեանը:
Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը միայն «hi-tech»ի զարգացումով պիտի չզբաղի, այլ՝ բարձր տեխնոլոգիաները ուղղակիօրէն պիտի առնչէ երկրի ռազմարդիւնաբերութեան հետ: Այս նպատակով պիտի ստեղծուի առանձին վարչութիւն, որուն պիտի յատկացուի շեշտակիօրէն բարձրացած ֆինանսաւորում, գիտատեխնիկական եւ գիտահետազօտական ոլորտը ուղղակիօրէն կապելու՝ երկրի ռազմարդիւնաբերութեան հետ: «Ներկայ իրավիճակում աշխարհում ամբողջութեամբ փոխուել են մարտի վարման կանոնները, հին ու արդի տեխնոլոգիաներին աւելացել են ռատիո-էլէկտրոնային, ինֆորմացիոն-տեղեկատուական զէնքեր-զինատեսակները, անօդաչու թռչող սարքերը, կապի միջոցներն ու կապի խափանման միջոցները, ռատիո լոգացիոն միջոցները (որ յայտնաբերում տեղորոշում է կապի կայանները եւ դրանց ուղղակի հարուած է հասցւում), հարուածային տեխնիկայի արդիականացման եւ ճշգրտացման միջոցները, աւտոմատ համակարգերը, եւայլն», կ’ըսէ նախարարը, անդրադառնալով ժամանակակից պատերազմի եւ բարձր տեխնոլոգիաներով ռազմարդիւնաբերութեան առնչութեան:
«Մենք մրցունակ ենք շուկայում մեր գիտելիքներով ու կարողութիւններով, եւ մեր արդիւնաբերութիւնը պէտք է կառուցուի գիտելիքատար, գիտելիքահէն եւ գիտահետազօտական մտքի վրայ, հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ինտելեկտի վրայ հիմնուած պրոտուկտների արտադրութեան եւ արտահանման վրայ», կը շեշտէ նախարարը: Հայաստանի գիտական միտքը ուժեղ է մաթեմատիկական ալկորիթմերու (algorithm), լազերային (laser) եւ օպտիկական (optical) տեխնիկայի, արհեստական բանականութեան (artificial intelligence) ոլորտներուն մէջ եւ այս ներուժը անպայմանօրէն պէտք է վերածուի արդիւնաբերական եւ բարձր տեխնոլոգիաներով յատկանշուող ռազմարդիւնաբերութեան արտադրութիւններու: Կառավարութիւնը ընդհանրապէս եւ բանակը մասնաւորաբար պիտի ըլլան հայկական բարձր տեխնոլոգիաներով արդիւնաբերութեան մղիչ ուժը եւ յստակ պատուէրներ պիտի տրուին հայկական ընկերութիւններու:
Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, Յակոբ Արշակեանը նորեկ կամ սկսնակ մը չէ բարձր տեխնոլոգիաներու ոլորտին մէջ: Աւագ դպրոցը աւարտելէ ետք, ան առիթ ունէր բանակային ծառայութիւնը յետաձգելու եւ մտնելու համալսարան, բայց ի զարմանս բոլորին, կ’որոշէ նախ կատարել իր զինուորական ծառայութիւնը եւ միայն ատկէ ետք շարունակել բարձրագոյն կրթութիւնը: Ան իր ծառայութիւնը կը կատարէ Արտաշատի եւ ապա՝ Վանաձորի մէջ: «Մեծ եղբայրս ծառայում էր Արցախում, իսկ ես եւ միջնեկ եղբայրս միաժամանակ գնացինք ծառայութեան Արտաշատ, յետոյ Ծաղկաձոր», կը պատմէ նախարարը, «ստացուեց այնպէս, որ մէկ տարի՝ երեքով միաժամանակ էինք ծառայում»: Զինուորական ծառայութեան աւարտէն 6 ամիս առաջ, ապագայ նախարարը իր զինակից ընկերներէն կը խնդրէ օրուան որոշ ժամերուն չխանգարել զինք: «Արդէն որոշել էի մասնագիտանալ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների մէջ, տեսնում էի դրա կարիքը մեր զինուորական գործողութիւնների ընթացքում, եւ ծառայութեանս աւարտից 6 ամիս առաջ սկսեցի պարապել զօրանոցի իմ անկիւնում: Պատրաստւում էի համալսարանական քննութեան: Ընկերներս գիտէին, որ օրուան ընթացքում, պարապմունքի ժամանակ, ինձ չեն կարող խանգարել», կը յիշէ նախարարը: Ընկերները սկիզբը կը մտածեն, որ Յակոբ Արշակեանի առօրեայ «ճգնաւորութիւն»ը կարճ պիտի տեւէ, ի վերջոյ ո՞ր 19 տարեկան զինուորը կրնայ զօրանոցային առօրեային մէջ, 6 ամիս շարունակ օրական մի քանի ժամ ինքնամեկուսանալ եւ մաթեմատիկայի եւ այլ նիւթերու վրայ կեդրոնանալ, համալսարանի քննութիւններուն պատրաստուելով: Կարճ ժամանակ մը ետք, ընկերները կը համոզուին, որ պատերազմէն զատ, զօրանոցի մէջ ոչ մէկ բան կրնայ խանգարել Յակոբ Արշակեանի ուսումնատենչութիւնը…
2005-ին կ’ընդունուի Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի քոմփյութերային համակարգեր և ինֆորմատիկա բաժին եւ 2011-ին կ’աւարտէ Մագիստրոսի աստիճանով: Քաղաքացիական երիտասարդական շարժումներու մէջ (ՀԻՄԱ, Դէմ եմ) գործունեայ ըլլալուն եւ ղեկավարի դեր ստանձնելուն կողքին, 2012-ին, մասնագիտական իր հմտութիւններուն շնորհիւ աշխատանքի կը սկսի ամերիկեան National Instruments ընկերութեան հայաստանեան մասնաճիւղին մէջ, իբրեւ Համակարգերու Ինժիներ (Systems Engineer), իսկ երկու տարի անց կը դառնայ նոյն ընկերութեան «Ալյանս» գործընկերներու ծրագրի տարածաշրջանային ղեկավար (տարածաշրջանը կ’ընդգրկէ Հնդկաստանը, Ռուսաստանը և ԱՊՀ-ն (CIS), արաբական երկիրները եւ Ափրիկէն, Աւստրալիան եւ ասիական շարք մը երկիրներ): Իր եւ իր գործընկերներու աշխատանքին շնորհիւ, National Instrument-ի հետ ամենաբարձր մակարդակի տեխնոլոգիաներով աշխատող 15 ընկերութիւն կը ստեղծուի Հայաստանի մէջ, ուր կը հաւաքուին Հայաստանի ՏՏ ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներէն շատեր եւ կը դառնան միջազգային ամենայայտնի ՏՏ ընկերութիւններու հետ աշխատող հայկական բարձր տեխնոլոգիական ընկերութիւններ, արժանանալով ամենաբարձր գնահատանքներու եւ մրցանակներու:
Յակոբ Արշակեանն ու իր գործընկերներէն ոմանք կը հասկնան, որ արդէն ժամանակը եկած է սկսելու իրենց սեփական ընկերութիւնը: 2018-ի սկիզբը Արշակեան կը հիմնէ ու տնօրէնը կը դառնայ հայկական «Արաքսիս ինժինիրինկ» ընկերութեան եւ անմիջապէս կապեր կը հաստատէ միջազգային ամենայայտնի բարձր տեխնոլոգիական ընկերութիւններու հետ: Ապրիլին, կը պատմէ նախարարը, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ բազմաթիւ հանդիպումներէ ետք, երբ նոր վերադարձած էր Հայաստան, տեղի կ’ունենայ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը: 2018-ի Մայիսի կէսերուն տոմսակը գնած էր արդէն եւ երբ կը պատրաստուէր դարձեալ մեկնելու Նիւ Եորք, հանդիպումներ ունենալու համար միջազգային կարգ մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, հեռաձայն մը կը ստանայ Նիկոլ Փաշինեանէն: Նորընտիր վարչապետին հետ Արշակեանը ծանօթ էր վաղուց, երբ դեռ նոր կը հիմնուէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որուն հիմնադիր անդամներէն մէկը դարձած էր ինք: Ճամբորդութենէն վերադառնալէն ետք, Արշակեան կապուէր էր Փաշինեանին եւ հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր: Քանի մը օր լռութենէ ետք, ահաւասիկ Փաշինեան կը հեռաձայնէ եւ կ’առաջարկէ Տրանսպորտի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու փոխ նախարարի պաշտօնը: Որոշում առնելու ժամանակը կարճ էր, կամ պէտք է մեկնէր Նիւ Եորքի իր բիզնէս հանդիպումներուն, իբրեւ նորաստեղծ ընկերութեան հիմնադիր-տնօրէն, կամ՝ ընդունիլ վարչապետի առաջարկը եւ մնալ Հայաստան ու ծառայել հայրենիքին՝ փոխ նախարարի պաշտօնով: Արշակեան կ’որոշէ մնալ:
Նախարարին հետ հանդիպումի մը ընթացքին երբ այս մասին կը զրուցէինք, «իսկ ինչու՞ բաց թողեցիր բիզնէս հնարաւորութիւնները: Չէ՞ որ կարող էիր այդ ձեւով ալ հայրենիքին ծառայել, միաժամանակ շարունակել ունենալ մեծ եկամուտ ու միջազգային բիզնէս կապեր», սովորութեան համաձայն կէս արեւելահայերէն-կէս արեւմտահայերէն հարցուցի նախարարին:
Արշակեան պահ մը մտածեց եւ ըսաւ, «տարիներ շարունակ խօսել ենք զարգացած, բարձր տեխնոլոգիաներով, ժողովրդավարական, արդար եւ հարուստ Հայաստանի մասին: Տարիներ շարունակ ժողովրդին համոզել ենք դուրս գալ պայքարի: 5 միլիոն բնակիչ ունեցող Հայաստան ենք ցանկացել, ուզեցել ենք համակարգերի համակարգ ստեղծող եւ արտադրող հայրենիք: Իսկ հիմա եկել է մեր խօսքը գործի վերածելու ժամանակը: Եթէ ես քարոզել եմ ու պայքարել եմ, ուրեմն նաեւ հիմա պատրաստ պէտք է լինեմ պատասխանատուութիւն վերցնելու: Եթէ ոչ ես, ապա ո՞վ…»
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com