«Ես Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ Եւ Ալլահին, Որպէսզի Ոչինչ Լաւ Յարաբերութիւններ Կառուցելու Հարցին Մէջ Խանգարէ Զիս Եւ Էրտողանը» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

17 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, թէ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իրեն «եղբայր» կը կոչէ, իսկ ինքն ալ անոր` «ընկեր»:

«Ես Էրտողանը ընկերս կ՛անուանեմ: Թուրքիոյ ղեկավարը ինծի դիմած ատեն «եղբայր» կ՛ըսէ: Մենք, կարելի է ըսել, մտերիմ, հարազատ մարդիկ ենք», ըսած է Լուքաշենքօ:

Պիելոռուսիոյ նախագահը յայտնած է, թէ ինք եւ Էրտողան միշտ բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ կ՛աջակցին իրարու` աւելցնելով, որ իրենք չունին համագործակցութեան համար փակ նիւթեր:

«Ես կ՛աղօթեմ Աստուծոյ եւ Ալլահին, որպէսզի ոչինչ խանգարէ մեզ այս լաւ յարաբերութիւնները կառուցելու հարցին մէջ», ըսած է Լուքաշենքօ:

Ան նշած է, որ իր առաջին մասնագիտութեամբ պատմաբան է եւ լաւ գիտէ Թուրքիոյ դերը ժամանակակից աշխարհի ձեւաւորման հարցին մէջ:

«Ժամանակակից Թուրքիան ունի հզօրագոյն հիմնաքար հետագայ զարգացման համար: Եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը շրջանային ու համաշխարհային մակարդակի վրայ ահռելի է», ըսած է ան` թուրք ժողովուրդը «հնագոյն, հերոսական եւ ուժեղ» անուանելով:

«Թուրքերը շատ բան ժառանգած են իրենց նախնիներէն: Թուրք ժողովուրդը շատ վառ, ամուր, առնական ժողովուրդ է», ըսած է Լուքաշենքօ:

aztagdaily.com/archives/435085

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail