Նամակ երկրէն – Քաղաքացիական Պայմանագրին՝ Չմեծամտանալու Եւ Համագործակցելու Մաղթանքով

17 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ: / (ՆԱԽՈՐԴԸ) /

Նամակ երկրէն

Կառավարող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնը երեկ աւարտեց իր Համագումարը եւ բաց, թափանցիկ ու մրցակցային պայմաններու տակ ընտրեց նոր ղեկավար կազմ՝ Վարչութիւն։

Մի քանի նշումներ այս առիթով.

– Այս կուսակցութիւնը ունի երիտասարդ շարքեր եւ ղեկավարութիւն, չունի սակայն, դասական առումով, գաղափարաբանութիւն։ Գաղափարախօսութեան բացակայութեան՝ թէ ի՞նչը պիտի ըլլայ այս երիտասարդները խանդավառողը՝ դժուար է պատկերացնել… Պետական պաշտօ՞նը, կառավարութեան ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացու՞մը… Ցանկալի էր տեսնել գաղափարական ուղղութիւններու բիւրեղացում։ Չեղաւ այդ մէկը։

– Զարմանալի էր կիներու բացակայութիւնը՝ ղեկավար կազմին մէջ, հակառակ անոր, որ կանայք մեծ թիւով ներկայ են այս կուսակցութեան մէջ ու նաեւ շատ գործունեայ կուսակցութեան հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ յեղափոխութիւն։ Հասկնալի է, երբ հայկական աւանդապաշտ եւ պահպանողական կուսակցութիւնները կիներու ներառումը կը սահմանափակեն ու գենդերային հաւասարութեան առումով lip service-է անդին չեն անցնիր։ Ի վերջոյ այդ մարդիկ, իրենց տոկմաթիկ ուղեղներով եւ մօտեցումներով, այդպէս կը հասկնան ազգային աւանդութիւն ըսուած բանը։ Հասկնալի չէ, սակայն, կառավարող ՔՊ-ի այս քայլը, մանաւանդ երբ անիկա 21-րդ դարու արդիական Հայաստան կը խոստանայ…

– Ըլլալով կառավարող ուժ, ՔՊ-ն պէտք է սորվի ՀՀՇ-ի եւ ՀՀԿ-ի սխալներէն եւ կուսակցութիւնն ու կառավարութիւնը չշփոթէ իրար հետ։ Պէտք չէ իյնալ պետական վարչական լծակներով կուսակցութիւն հզօրացնելու եւ տարածելու վտանգաւոր փորձութեան ծուղակին մէջ։ Պետական լծակներով ամրանալ ու տարածուիլը՝ պետական վարչական մեքենան կուսակցականացնելու պիտի ծառայէ ու դուռ պիտի նեփոթիզմի, հովանաւորչութեան եւ վերջապէս՝ կոռուպցիայի առջեւ…

– Յեղափոխութեան յաջորդող ամիսներուն անտեղի ինքնավստահութիւնը եւ մեծամտութիւնը շեշտուած կերպով ի յայտ եկաւ կարգ մը ՔՊ-ականներու մօտ։ Բարեբախտաբար վարչապետ Փաշինեան կրցաւ որոշ չափով սանձել այս տեսակի մարդոց բազմապատկումը՝ պետական օղակներուն մէջ։ Այս նոր վարչութեան մէջ, ըստ երեւոյթին, մեծաւ մասամբ իրապաշտ եւ down to earth մարդիկ են եւ յուսամ, որ կուսակցական եւ իշխանական ուժը մոլորութեան, մեծամտութեան, անտեղի եւ չափազանցուած ինքնավստահութեան ենթահող պիտի չստեղծէ իրենց համար։

– Անձամբ ծանօթ եմ եւ ընկերական կապեր ունիմ բազմաթիւ ՔՊ ղեկավարներու հետ եւ անոնց հայրենասիրութեան եւ ազնւութեան վրայ կաթիլ մ՚իսկ կասկած չունիմ։ Վստահ եմ, որ ինչպէս յեղափոխութեան օրերուն, այնպէս ալ հիմա՝ իշխանութեան բարձրագոյն օղակներուն մէջ, անոնք նուիրումով ու կշռադատուած ինքնավստահութեամբ պիտի կատարեն իրենց պետական աշխատանքը։ Ցանկութիւնս է, որ անոնք չպարփակուին իրենք իրենց մէջ, չմեկուսանան ու կարկինը լայն բանալով՝ երկրի, պետութեան վերականգնման ու զարգացման աշխատանքներուն մէջ, այլ խօսքով՝ իշխանութեան մէջ ներառեն տարբեր քաղաքական կողմերու կարող եւ ատակ տարրեր, մանաւանդ անոնք, որոնք պայքարած են նախկիններուն դէմ՝ կոռուպցիայի վերացման եւ իրա՛ւ արդարութեան համար եւ ունին մաքուր վիճակացոյց։ Առողջ ուժերու համագործակցութենէն կը շահի միայն պետութիւնը։

Դեռ կարելի է այլ խորհրդածութիւններ եւս կիսել այս էջով։ Բայց հիմա եկեք շնորհաւորենք ՔՊ-ի նորընտիր Վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթենք կառավարող կուսակցութեան ղեկավարներուն։ Ի վերջոյ, իրենց յաջողութեամբ կամ ձախողութեամբ պայմանաւորուած է նաեւ մեր երկրի յառաջընթացը կամ յետընթացը։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail