«Ազատագրուած տարածքները պահելու միայն երկու ձեւ կայ՝ առաջնագիծերու շարունակական ուժեղացում եւ բոլոր ազատագրուած հողերու բնակեցում ու տնտեսական զարգացում։»
Նամակ երկրէն / (ՆԱԽՈՐԴԸ) /
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ՝ ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՈՒՄՈՎ
«Ազատագրուած տարածքները պահելու միայն երկու ձեւ կայ՝ առաջնագիծերու շարունակական ուժեղացում եւ բոլոր ազատագրուած հողերու բնակեցում ու տնտեսական զարգացում։
Երկու ուղղութեամբ ալ պետութիւնը պարտաւոր է աշխատանք տանիլ եւ խուստումնալից քայլեր արդեն կան։ Թէ՛զօրանոցներու մէջ եւ թէ առաջնագիծի վրայ զինուորներու սնունդի, հագ ու կապուստի, հիգենիայի եւ ռազմական պատրաստութեան համար տարուած աշխատանքները մէկ կողմէն, եւ արդիական զէնքերով ու սարքերով զինուելու նախաձեռնութիւնները՝ միւս կողմէն, անհնարին պիտի դարձնեն պատերազմով ազատագրուած տարածքներու վերագրաւումը եւ պիտի երաշխաւորեն ազատագրուած ու նորակառոյց գիւղերու եւ քաղաքներու անվտանգութիւնը։
Իսկ այդ տարածքներու տնտեսական զարգացման ու աւելիով վերաբնակեցման համար՝ ենթակառոյցներու ու մանաւանդ ճանապարհներու վերականգնումը անյետաձգելի է: Այդ ճանապարհներն են, որ շեշտակիօրէն պիտի կարեւորեն ազատագրուած հողերու ռազմավարական դիրքի նշանակութիւնը, անոնց սոցիալական եւ տնտեսական արժեքը՝ Հայաստանի ու Արցախի համար։ Այդպէսով, աազատագրուած տարածքները պիտի դառնան Հայաստան աշխարհի անբաժան մասնիկը։
Ասոնք են, ահա, ամենակարեւոր խնդիրները, որոնք դրուած են համայն հայ ժողովուրդին ընդառաջ։
Ճանապարհներու կառուցումը պէտք է սկսի յառաջիկայ տարի։ Կապանէն՝ Սիւնիքը Արցախի հարաւային շրջաններուն՝ Քաշաթաղի եւ Հադրութի կապող ճանապարհը բնական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ Գորիս-Ստեփանակերտ եւ ապա Վարդենիս-Մարտակերտ ռազմավարական գիծերու բացումին։ Այսօր իսկ մեծ գումարներու ներդրումը այս ճանապարհներուն համար աւելի քան կենսական է։
Եւ սա միայն պետութեան գործը չէ, սա համայն հայ ժողովուրդի գործն է։ Գործն է ու առաջնահերթութիւնը մանաւանդ անոնց, որոնք կը հաւատան Միացեալ Հայաստանին ու կը պնդեն ազատագրուած տարածքներու անսակարկելիութեան վրայ։»
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com