Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Միջին Արեւելքի Հայ Սփիւռքը

Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Միջին Արեւելքի Հայ Սփիւռքը
-28 Յուլիս 2015
Դոկտ. Արա Սայեղ կը գրէ.

Հայկական սփիւռքը ներկայիս կը կազմեն հայ ժողովուրդի այն համայնքները, որոնք կ՛ապրին Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու սահմաններէն դուրս: Ժամանակակից հայկական սփիւռքի մեծ մասը ստեղծուեցաւ որպէս հետեւանք Հայոց ցեղասպանութեան, որ իրագործուեցաւ 1915 թուականին Օսմանական կայսրութեան մէջ, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, թրքական կեդրոնացած ու ծրագրուած բնաջնջումի ծրագիրով` բնիկ ողջ հայ բնակչութեան դէմ: Հայութեան ընդհանուր թիւը ամբողջ աշխարհի մէջ ներկայիս կը կազմէ մօտ 12 միլիոն մարդ: Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութիւնը 2011-ի մարդահամարի տուեալներուն համաձայն, կը կազմէ 3,3 միլիոն մարդ, իսկ հայկական սփիւռքի թիւը` մօտ 9 միլիոն մարդ: Սփիւռքի մեծագոյն հայկական գաղութներէն կարելի է թուել` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի, Վրաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Արժանթինի, Ուքրանիոյ, Քանատայի, Թուրքիոյ, Պրազիլի, Յունաստանի, Աւստրալիոյ գաղութները:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ 1915-1923 թուականներէն ետք առաջին անգամ էր, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` նախ կորսնցուց իր հողային տարածքներու հիմնական հատուածը` Արեւմտեան Հայաստանն ու Հայկական Կիլիկիան, հայ բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջովին վերացաւ իր պապենական ու պատմական հողերէն, ուր դարեր շարունակ կառուցած ու ստեղծած էր իր առանձնայատկութիւնը, պատկանելիութիւնը, ազգային ինքնութիւնը, իր մշակութային, ընկերային, հոգեւոր, տնտեսական ժառանգութիւնը: Ոտնահարուեցան հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները, բացի այդ, բռնագաղթած հայ ժողովուրդի սերունդները եւ անոնց ժառանգորդները զրկուեցան պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքէն ու հնարաւորութենէն:

Ահռելի էին նաեւ մեր նիւթական ու տնտեսական անվերականգնելի կորուստները: Վիճակագրական որոշ տուեալներու համաձայն, ոչնչացան քանի մը տասնեակ հայկական քաղաքներ եւ հազարաւոր հայկական գիւղեր: Թալանուեցան եւ քանդուեցան 2500 եկեղեցիներ, վանքեր, սրբավայրեր, յուշարձաններ, հոգեւոր կալուածներ, անշարժ գոյքեր, անվերագտնելի արուեստի գլուխ գործոցներ: Ոչնչացան հազարաւոր հայկական դպրոցներ ու վարժարաններ, մշակութային տուներ, արհեստանոցներ, տնտեսական կեդրոններ եւ այլն: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ ու անտեսել թուրքերուն իրագործած սարսափելի բրտութիւնները, անգթութիւններն ու անմարդկային բարբարոսութիւնները, վայրագութիւնները, ոչ միայն հայ կիներու, այլեւ անչափահաս երեխաներու, ծերունիներու հանդէպ: Այդ բոլոր տառապանքները իրենց բազմաթիւ հետեւանքներով երկար տարիներ ուղեկից եղան իրերայաջորդ հայ սերունդներուն: Մենք ազգովին կը կրենք Ցեղասպանութիւնը ապրողի ծանր հոգեվիճակը: Մեր ենթագիտակցութիւնը ծանրաբեռնուած է ցեղասպանութեան զգացումով առ այն, որ մեր նահատակները տակաւին գերեզման չեն գտած, տակաւին ոտնակոխուած է մեր անմեղ զոհերու մարդկային արժանապատուութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան աննախադէպ ողբերգութիւնը, հայոց վիշտը չեն անցած սգոյ հոգեբանական բոլոր հանգրուանները եւ մեր յիշողութիւնը գերծանրաբեռնուած է միլիոնաւոր զոհերու մշտական ներկայութեամբ: Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը անդարմանելի ու անջնջելի է ողջ հայ ժողովուրդի էութեան ու յիշողութեան մէջ:

1915-ի 23-24 ապրիլի գիշերը, որ ճանչցուած է իբրեւ Կարմիր կիրակի, տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքի աւելի քան 250 յայտնի հայ ներկայացուցիչներու եւ նշանաւոր մտաւորականներու` գրագէտներու, բանաստեղծներու, իսկ հետագային նաեւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններու հայ ղեկավարներու ձերբակալութիւնն ու տեղահանութիւնը` դէպի Անգարայի մօտ համակեդրոնացման երկու վայր: Ձերբակալուած մտաւորականներու ընդհանուր թիւը հասաւ 2500-ի: Այս ձերբակալութիւններն ու տեղահանութիւնները ի գործ դրուեցան Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային 24 ապրիլ 1915 թուականին արձակած հրամանով: Ապրիլի 24-ը աշխարհի բոլոր ծայրերուն կը նշուի որպէս Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մէկ ու կէս միլիոն զոհուած հայերու յիշատակի օր:

Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն` երիտթուրքերուն կողմէ ծրագրուած ու իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն բնաջնջեց 1,5 միլիոն հայ, իսկ 1 միլիոն հայ տեղահանուեցաւ ու սփռուեցաւ աշխարհի տարածքին: Հայոց ցեղասպանութենէն բռնագաղթած հայերու հիմնական զանգուածը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մնայուն բնակութիւն հաստատեց Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ մտնող դրացի երկիրներու` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, իսկ մնացած մասն ալ տեղափոխուեցաւ` Յունաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին եւ այլ երկիրներ:

Յատուկ խնամքի եւ ուշադրութեան արժանացան թրքական եաթաղանէն փրկուած հայ գաղթականները իրենց առաջին միջավայրին մէջ` Սուրիոյ արաբներուն կողմէ, յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին` Տէր Զօրի եւ Հալէպի մէջ: Սուրիացի արաբները 1915-1923 տարիներուն սիրով եւ ընդհանրապէս բարեսիրտ վերաբերմունքով ընդունեցին Եղեռնէն ճողոպրած հայերը: Այս մէկը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ` հայերուն ապահովելով նոր կենսապայմաններ: Կարեւոր առանձնայատկութիւն էր նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքներուն տրուած ազգային – կրօնական համայնքի կարգավիճակը, որուն շնորհիւ` հայկական համայնքները իրենց ներկայացուցիչները ունեցան տուեալ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ:

Միջին Արեւելքի երկիրներու հայութեան ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, ի տարբերութիւն սփիւռքի միւս գաղութներուն, որ անոնք կ՛ապրին ու կը գործեն մահմետական երկիրներու մէջ, մահմետականութեան եւ քրիստոնէութեան հիման վրայ ձեւաւորուած ու կազմակերպուած մշակոյթներու մէջ, ուստի ապրելակերպի ու մշակութային էական տարբերութիւնները դրական մեծ դերակատարութիւն ունեցան ու նպաստեցին հայերու ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան պահպանման: Կրօնամշակութային այդ առանձնայատկութիւններու պատճառով հազուադէպ էին տեղացիներու եւ հայերու միջեւ խառն ամուսնութիւնները:

Պէտք է նշել նաեւ, որ հայ ինքնութեան տեսանկիւնէն դիտուած` Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու մարդուժը, իր ազգային պինդ պատրաստուածութեամբ ու դիմացկուն թրծուածութեամբ, երկար ժամանակ կարողացաւ իր կարեւոր նպաստն ու ծառայութիւնը ունենալ ու սփիւռքին մատակարարել` արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, արուեստի եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ ուսուցիչներ, լեզուաբաններ, բանասէրներ, հոգեւորականներ, դպրապետներ ու եկեղեցական ոլորտին մէջ նուիրեալ ծառայողներ, յատկապէս` Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայ գաղութներուն: Բացայայտ է, անցեալ դարուն, մասնաւորապէս Հալէպի եւ Պէյրութի բարերար դերը` սփիւռքի կազմաւորման եւ ոգեղէն սնունդով աջակցութեան մէջ: Անոնք եղած են սփիւռքեան տարբեր գաղութներուն հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային մշակներ տրամադրող օճախներ:

Շատ ընդհանրացած, խօսուած ու գրուած ըլլալուն պատճառով աւելորդ է կրկնել, թէ ինչպէ՛ս թիթեղաշէն գաղթակայաններու մէջ ապրելով հանդերձ, դարձանք կազմակերպուած գաղութ, վերաշինեցինք դպրոցներ, եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, վերակառուցեցինք հրատարակչատուներ, հրատարակեցինք հայ մամուլ, վերակազմակերպեցինք ազգային, մշակութային, միութենական, մարզական, տնտեսական տարաբնոյթ գործունէութիւն: Կարելի է կտրականապէս ըսել, որ անցնող հարիւր տարիները, տիտանեան մաքառումներով, աննախադէպ գոյապայքարի փորձառութիւն մը կազմեցին: Այդ մաքառումներուն շնորհիւ կարողացանք ազգովին վերականգնիլ, գոյատեւել եւ մեր ազգային արժանաւորութիւնը վերահաստատել: Ցեղասպանութենէն ետք, առաջին յիսուն տարիները մեզի համար եղան ֆիզիքական գոյատեւումի, վերակերտումի, տքնաջան ու բարդ աշխատանքի, բայց վերյառնումի տարիներ, Ցեղասպանութեան կոտտացնող վէրքերը մասամբ մը մեղմացնելու շրջան: Իսկ յաջորդող յիսուն տարիները եղան ու կը շարունակուին ըլլալ մեր ազգային Դատի, պահանջատիրութեան, մեր միջազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան տարիներ:
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail