Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը – ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (Շար. 1)

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը – ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (Շար. 1)

07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Իրաքահայոց Ազգային իշխանութեան
նախկին փոխատենապետ

«Մենք առիւծասիրտ ժողովուրդի շառաւիղ ենք…»
Հօրս կրկնած խօսքերէն

Ճակատագրական Նահանջը

Մարտ 21-ին (1918) Վան վերահաստատուած ժողովուրդը վերջնականապէս լքեց սրբազնագոյն հայրենի աշխարհը եւ բռնեց նահանջի ճամբան, որուն հետեւանքը նահանջող ընտանիքներու եւ անոնց շառաւիղներուն համար աղէտալի եւ ճակատագրական եղաւ:

Զինուորական մարմինը, օրուան ղեկավարները Բերկրիի կողմէն, ուրկէ ռուսական սահմանը պիտի դիմէին անցեալի իրերայաջորդ նահանջներուն նման, իրենց լսած պայթիւններու պատճառը չկրնալով ստոյգ տեղեկանալ, սխալմամբ կիրճը գրաւուած համարելով թշնամիի կողմէն, 20.000-է աւելի ժողովուրդը կ՛ուղղեն դէպի պարսկական սահման:

Այդպէս, խուճապի մատնուած զինուորական մարմինը եւ ժողովուրդը, Վանի օրուան կառավարիչ, մեծանուն ազգասէր Կոստի Համբարձումեանի ղեկավարութեամբ, կամաց-կամաց կը ջանան իրենք զիրենք գտնել: Կոստի Համբարձումեանը Վանի կառավարութեան անունով Խոյի նահանգապետէն (Խանէն) արտօնութիւն կը խնդրէ, որ նահանջողները Խոյի եւ Ջուլֆայի վրայով Երեւան անցնին:

Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, նիւթէս դուրս ըլլալուն համար, յիշատակենք, որ թէեւ զինուորական հարկաւոր զգուշութիւններ առնուեցան դէպի Խոյ տանող ճամբուն վրայ, յատկապէս` Կոտոլի նեղ կիրճը անցնելուն, սակայն աւազակներու կողմէ, ինչպէս, օրինակ, քիւրտ Սմկոյի կողմէ համազարկի ենթարկուելով, նահանջը ստիպուած կ՛ուղղուի դէպի Սալմաստ:

1918 ապրիլ 8-10 օրերուն Վասպուրականի յոգնած ու սոված ժողովուրդին վերջին մնացորդները կը հաւաքուին Սալմաստ` պարսկական հողի վրայ, սակայն դրութիւնը հոս ալ ողբալի էր: Սալմաստի քրիստոնեաները` հայ եւ ասորի, նմանապէս ենթակայ էին հետապնդող թշնամիի յարձակումներուն: Վերոյիշեալ աննպաստ պայմաններու մէջ վասպուրականցիներու մէջ բուռն պահանջ կը ստեղծուի մեկնիլ Սալմաստէն Խոյ եւ դժուարին ու զոհեր խլող Խոյ-Ջուլֆա գիծի ճամբով Երեւան անցնիլ: Այս անել վիճակին վերջ կը դնէ թշնամին` փորձելով կտրել Սալմաստի ժողովուրդի եւ հոն ապաստանած Վանէն նահանջողներու փրկութեան միակ ու վերջին ճամբան դէպի Ուրմիա, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենան յաջող ինքնապաշտպանական գործողութիւններ` յաջորդ երկու ամիսներուն, եւ նահանջը կը պարտադրուի դէպի Ուրմիա` անկանոն ու շտապ:

Ուրմիա հասնելով` նահանջողները ապահով կարծեցին իրենք զիրենք, բայց շուտով հիասթափուեցան եւ սոսկումի մատնուեցան` գտնելով քաղաքը թշնամիին կողմէ գրաւուելու վտանգին տակ: Ուրեմն` կրկին ինքնապաշտպանական գործողութիւններ, եւ 60 հազարէ աւելի հայերն ու ասորիները շարունակեցին նահանջը իրենց մորթը փրկելու համար` հասնելով Սուլտուզ, ապա Սային Կալա` ջոկատ մը անգլիացի զինուորներու հանդիպելով:

Սային Կալան նահանջող վասպուրականցիներուն համար եղերական դարձաւ` ծպտուած թշնամիի կողմէ Կոստի Համբարձումեանի սպանութեամբ: Թանկագին հայրենասէրին կորուստը ողբալով, անտէր ու անտիրական հօտի վերածուած վասպուրականցիներու եւ այլոց կարաւանը, անգլիական փոքրիկ ջոկատին օգնութեամբ, կ՛առաջնորդուի դէպի Համատան` իրաքեան սահմանի ուղղութեամբ: Սահմանագլուխ չհասած, նահանջող ժողովուրդին կը պարտադրուի զէնքերու յանձնումը` անգլիական բանակայիններու կողմէ:

Այնուհետեւ անգլիացիք ծերերը, հիւանդները եւ փոքրերը կը զատեն կառքերով փոխադրելու համար: Սկիզբը անոնք կը մտադրեն գաղթականները տեղաւորել Պարսկաստանի մէջ, եւ արդէն մաս մը իսկապէս կը տարուի երկրին ներսերը` Սուլթանապատ, թէեւ կարաւան մը կրցած էր Կասր Շիրին գիւղաքաղաքի վրայով Իրաքի սահմանը անցնիլ եւ հասնիլ Հնետիի անգլիացիներու զօրատեղին (այսօրուան Մուասքար Ռաշիտ կոչուած վայրը` Պաղտատ):

Շուտով Անգլիոյ զինուորական վերին իշխանութեան որոշումով փոխադրութիւնը կը շարունակուի դէպի Խանագին, անկէ` Պաքուպա երթալու, ուր անապատի մը մէջ վրաններու տակ կը սկսին տեղաւորել իրարու ետեւէ հասնող ժողովուրդը` մաշուած եւ հիւծած վիճակի մէջ:

Ամբողջ չորս ամիս տեւեց վասպուրականցիներու նահանջն ու տեղէ տեղ փոխադրութիւնը` Պարսկաստանի մէջ: Տեղին է հոս յիշատակել պարսիկ ժողովուրդի գնահատելի կեցուածքն ու դիրքը այդ ընթացքին, որ շնորհակալութեան արժանի արարք մըն էր:

(Շար. 1)

aztagdaily.com/archives/426266?

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail