Նամակ երկրէն – ԱԼԻ ՊԱՊԱՆ ԵՒ 7 ՄԻԼԱՐԴ ՊԱՐՏՔԸ – Րաֆֆի Տուտագլեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Նամակ երկրէն – ԱԼԻ ՊԱՊԱՆ ԵՒ 7 ՄԻԼԱՐԴ ՊԱՐՏՔԸ – Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն

ԱԼԻ ՊԱՊԱՆ ԵՒ 7 ՄԻԼԱՐԴ ՊԱՐՏՔԸ «//ՆԱԽՈՐԴԸ//»

Հայաստանի պետական պարտքը 7 միլիարդ տոլար է: Անցեալ տարուան Մայիսէն մինչեւ այսօր, պարտքը նուազած է 120 միլիոն տոլարով: Այլ խօսքով, այս ժամանակահատուածին կառավարութիւնը ոչ միայն չէ աւելցուցած, այլեւ մէկ տարուան ընթացքին կարողացած է 120 միլիոն տոլարով պակսեցնել պարտքը:

Եթէ, լաւագոյն պարագային, Հայաստանը պարտք չվերցնէ (ինչ որ անհաւանական է) եւ ամէն տարի 120 միլիոն տոլարով պակսեցնէ պետութեան պարտքը, ապա 58 տարի է պէտք, որ ամբողջութեամբ դառնայ անպարտք երկիր: 58 տարի, այսինքն՝ մի քանի սերունդ:
Շնորհակալութիւն նախկին իշխանութիւններուն՝ ՀՀՇ, ՀՀԿ եւայլն, եւ ասոնց հետ գործակցած ուրացող եւ չուրացող դաշնակիցներուն, Հայաստանը արտաքին պարտքերով չոքեցնելու համար: Կարծէք այս կառավարութիւնները պարզապէս ըրած են ամէն ինչ, երկիրը պարտքերու տակ խեղդամահ ընելու:

Սխալ չհասկնանք: Ես չեմ քննադատեր պետական պարտք ունենալը: Աշխարհի մէջ երկիր չկայ, որ արտաքին կամ ներքին պարտք չունենայ: Թէեւ մասնագէտ չեմ, բայց գիտեմ, որ տնտեսագէտները երկրի մը արտաքին պարտքը ընդունելի կը համարեն, եթէ անիկա ՀՆԱ-ի (GDP) 50 տոկոսէն աւելի չէ: Թող այդպէս ալ ըլլայ, իսկ Հայաստանի պարտքը արդէն ՀՆԱ-ի 50 տոկոսին չափ է գրեթէ: Այսինքն՝ ընդունելիի սահմանին ենք արդէն: Աւելի մեծ պարտք առնելը վտանգաւոր կը համարուի տնտեսագէտներու կողմէ, մանաւանդ եթէ չկայ համապատասխան տնտեսական աճ:

Իսկ ինչո՞ւ դժգոհ ենք ու բարկացած՝ այս կուտակուած պարտքերուն համար: Չէ՞ որ ընդունելի է ՀՆԱ-ի 50 տոկոսի չափով պետական պարտքը:

Բարկացած ենք, որովհետեւ երկիրն ու պետութիւնը շատ քիչ բան ստացած են այս պարտքին դիմաց: Ո՛չ ճանապարհները նորմալ վիճակի մէջ են, ո՛չ որոգման ջուրի բաշխման արդիական համակարգ կայ, ո՛չ հսկայական նոր պետական ներդրումներ գոյութիւն ունին, ո՛չ հիւսիս-հարաւ մայրուղի կայ, ո՛չ արդիական գազաբաշխման եւ ելեքտրական ցանցեր կան, ո՛չ ամբողջութեամբ նորոգուած հիւանդանոցներ կան, ոչ ալ ամբողջութեամբ նորոգուած դպրոցներ, մանկապարտէզներ, համալսարաններ:

Բայց կայ 7 միլիարդ տոլար պարտք, կայ վերջին 10-ամեակին ռուսաստաններ եւ այլ երկիրներ արտագաղթած 400 հազար հայ պանդուխտ, կան կոռուպցիայի, պետպիւտճէի թալանի սարսափազդու փաստեր եւ տուեալներ, կայ ու կայ կողոպուտի ու չարաշահումի սահմռկեցուցիչ պատմութիւններ: Կան ու կան, ինչքան ուզէք՝ այդքան շատ: Ահա թէ ինչու՛ բարկանալու իրաւունք ունի իւրաքանչիւր մարդ, որ հայրենիքի մէջ կ’ապրի ու պետութեան տուրք կը վճարէ…

Մեր սուրճի հերթական ընկերական հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, այս մասին խօսակցութիւն սկսաւ ակնաբուժ ընկերներէս՝ Արմէնը: Հարաւ-հիւսիս ճանապարհի ծրագրէն միլիոններու թալանին մասին լուր մը կարդացած էր եւ կը զարմանար, որ այդքան անմարդկային եւ այդքան ագահ կրնան ըլլալ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաները։ Արդա՞ր է, կը շեշտէր Արմէն, որ մի քանի տասնեակ պաշտօնեայ, եւ անոնց շուրջ հաւաքուած Ալի Պապայի աւազակները, դղեակներ պիտի գնեն Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ Լոս ԱՆճելըսի ծովափնեայ շրջաններէն, իսկ ինք ու իր զաւակները, նոյն այդ մարդոց կատարած թալանին համար, յառաջիկայ 60 տարիներուն իրենց հարկերով 7 միլիարդ տոլար պետական պարտք պիտի փակեն, փոխանակ այդ գումարներով երկրի առողջապահական եւ ընկերային համակարգը բարեփոխելու:

– Լաւ էլի, սա արդէն արտագաղթի ուղղակի քաջալերանք ա: Երբ պարտք ես կուտակում, ու մի հատ նորմալ ճանապարհ կամ հիւանդանոց չես կարողանում սարքել, դու պարզապէս երեխեքիդ ասում ես գնացէ՛ք էստեղից, որովհետեւ մենք առողջապահական համակարգ չունենք, կամ էլ մնացէք ու վճարէք մեր պարտքը, պոռթկաց Արմէն:

– Դէ լաւ, ինչ անենք, այ ախպէր, հիմա էսա, ունենք էն ինչ ունենք: Ես էլ եմ դէմ՝ որ իմ թոռները մի քանի գող աւազակի լափած փողերը իբրեւ պետական պարտք իրենց ուսերին վերցնեն: Դէ հիմա դատարանները թող գնան ու էդ ալիպապաներից հետ բերեն էդ փողերը, մենք ստիպուած չենք նրանց յանցագործութիւնների համար մեր կեանքի մինչեւ վերջը զրկուել շատ բաներից ու պարտք փակել… Ինչի՞ համար են դատարանները, չե՞ն կարող մի երկու հոգու քթից պոկեն էդ փողերը, արձագանգեց ծրագրաւորման մասնագէտ Վազգէնը:

– Ի՜նչ դատարան, ի՜նչ բան, այ մարդ… ըտենց էլ չհասկացաք, որ դատարաններն էլ, դատաւորներն էլ, ձեր ասած էդ ալիպապաների պարտնէօրներն (գործընկերներ) են եղել: Եթէ արդարադատութիւն լիներ, պիւտճէի թալան վաղուց չէր լինի… Սրանք բոլորն էլ նոյն մաֆիայի տարբեր օղակներն են եղել, դատարան-բան մոռացէք, ըսաւ Վահանը, որ ժամանակին աշխատած էր կառավարութեան ԾԻԳ-երէն (Ծրագրի իրականացման գրասնեակ) մէկուն մէջ, եւ լաւ գիտէր, իր բառերով, «փողերի լուացման մեխանիզմը»:

Զրուցակիցներս չկրցան եզրակացնել, թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերադարձնէ պետութենէն կողոպտուած գումարները: Իրենք եւ իրենց զաւակները անարդարութեան զոհ գացած ըլլալու զգացումով՝ ընկերներս գացին տուն:

Եւ այսպէս, տարիներ շարունակ, իրաւազրկուած եւ անարդարութեան զոհ դարձածի զգացումով ապրած են ու կ’ապրին հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ: Իսկ անդին, ալիպապաներն ու իրենց չորս կողմը հաւաքուած գողերը կամ փախած են այս երկրէն ու հիմա կը վայելեն իրենց կողոպտած հարստութիւնը, կամ դէմք ու գոյն փոխած՝ կը փորձեն յարմարիլ նոր իրավիճակին, կամ ալ դարձած են ընդդիմադիր ու կը փորձեն երկիրը ապակայունացնելով վերապրիլ ու գոյատեւել… Անբախտ թալանչիներէն ոմանք դատական հետապնդումի տակ են, ուրիշներ՝ փախստական…

Ամէնէն ցաւալին ալ այն է, որ այս բոլորը մոռնալու, հին էջերը փակելու, նոր էջ ու նոր կեանք սկսելու, թալանչիով ու թալանուածով համերաշխ ապրելու կոչեր կը հնչեն հեռուէն ու մօտէն: Երբ ընկերներուս ըսի, որ շա՜տ իմաստուն մարդիկ անցեալի էջը փակելու եւ հինը մոռնալով՝ նոր կեանք սկսելու կոչեր կը հնչեցնեն այս օրերուն, ընկերներէս բժիշկ Արմէնը արդէն չդիմացաւ:

– Իյա՜, իրօ՞ք, հեգնանքով ըսաւ Արմէն, թէ որ տենց ա, ասա բոլորն էլ իրենց երեխեքի ու թոռների հետ գան ու փակեն մեր 7 միլարդ պարտքը, թող գան ու բուժուեն միջնադարից մնացած պետական հիւանդանոցներում, թող գան ու իրենց երեխեքը գրանցեն գիւղերի ջերուցում ու զուգարան չունեցող դպրոցներում եւ յետոյ միայն ասեն՝ «ոչինչ, արդար չի, բայց մենք պատրաստ ենք վճարելու անարդարութեան գինը եւ համերաշխ ապրելու՝ մեզ թալանողների հետ…»

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail