Թայ Չիի Աշխարհի 10-րդ Ախոյեանութիւն. Աւետիս Սերոբեան Տիրացաւ 3 Ոսկի Մետալի` Չինաստանի Մէջ
24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:
14-22 սեպտեմբերին Հենանի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցաւ թայ չիի ախարհի 10-րդ ախոյեանութիւնը, որուն Լիբանանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Աւետիս Սերոբեան:
Տիրանալէ ետք Չեն մարզաձեւի թայ չիի եւ Չեն` մարզաձեւի սուրի ախոյեանութեան ոսկի մետալներուն, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ զէնքերու մարտարուեստի դասակարգին:
Ան ոչ միայն առաջին դիրքը գրաւելով տիրացաւ ոսկի մետալին, այլ նաեւ արձանագրեց այս ախոյեանութեան ամէնէն բարձր արդիւնքը:
Այս ախոյեանութեան աւարտին ան յաջող քննութեան մասնակցելով (սեւ գօտի), 5-րդ կարգի գօտիէն բարձրացաւ 6-րդ կարգին եւ այսպիսով ունեցած եղաւ «Կոլտըն Թայկըր»-ի կարգը:
Ան միակն է Միջին Արեւելքէն, որ ունի այս կարգը, տրուած` Չինաստանի Ուու-շուի ֆետերասիոնէն:
Անոր այս նոր իրագործումը բնականաբար մեծ պարծանք մըն է անոր եւ լիբանանահայութեան համար:
aztagdaily.com/archives/459050