Թուրքիոյ ՊՆ-ն ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան Քննադատող Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է

Թուրքիոյ ՊՆ-ն ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան Քննադատող Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է

04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, որուն միջոցով կը քննադատէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ուժեր»-ը դաշնակից որակելը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը՝ վկայակոչելով Cumhuriyet.com.tr կայք-ը։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը որոշում ընդունած է առանց հաշուի առնելու պատմական փաստերը եւ Ֆրանսային կոչ կ՝ընէ ողջախոհութեան գալու:

«Թուրքիան միայնակ մնաց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Թուրքիան բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգալից է: Սակայն երբեք թոյլ չի տար իր սահմաններուն մէջ ահաբեկչական միջանցքի ստեղծման: ԱՄՆ-ն, որ հետաքրքրուած է՝ արդեօք 100 տարի առաջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւն, թող ուսումնասիրէ ո՛չ թէ այսպէս կոչուած աղբիւրներու տեղեկութիւնները, այլ ամերիկացի զօրավար Ճէյմզ Հարպըրտի գլխաւորած ԱՄՆ ռազմական պատուիրակութեան պատրաստած զեկոյցները՝ Ամերիկեան ազգային արխիւներուն մէջ»,- նշուած է Թուրքիոյ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի Ազգային ժողովն ալ, օրեր առաջ ընդունած էր բանաձեւ, որուն միջոցով կը քննադատէր Թուրքիոյ՝ Հոկտեմբեր 9-ին Սուրիոյ մէջ սկսած Խաղաղութեան ակունք ռազմական գործողութիւնը: Բանաձեւին մէջ սուրիացի քրտական խմբաւորումները կ՝որակուէին իբրեւ դաշնակիցներ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/11/04/թուրքիոյ-պն-ն-ամն-ն-եւ-ֆրանսան-քննադատո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail