ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Գ

Անդրադարձ Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Գ.

22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԵՐ:

Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Տրդատ Ա. 65 թուականին իր ընտանիքով, շքախումբով, բազմութեամբ եւ ծառաներով ու 3000 հայոց եւ պարսից սպառազէն ձիաւորներով ուղղուեցաւ դէպի Հռոմ` ցամաքի ճամբով… որ կը տեւէ 9 ամիս»: Իրականութեան մէջ այս զինուոր ձիաւորներուն թիւին պէտք է աւելցնել նուազագոյնը շուրջ 200 (ոմանք` 500) ձիաւորներ` պալատականներուն շքախումբը, ծառաները եւ ձիաքարշ գումակները, կառքերը` մարդոց եւ ձիերուն սնունդ-մթերքը, վրաններ ու այլ անհրաժեշտ գոյքեր եւ նուէրներ տեղափոխելու: Ուրեմն ուղեւորները առնուազն շուրջ 3200 հոգի էին, իսկ ձիերուն թիւը` շուրջ 3500, նկատի առնելով հաւանական շուրջ 100 ձիեր 50 ձիաքարշ կառքերու համար եւ 200 բեռնակիր ձիեր: Հաւանական է նաեւ, որ այսքան երկար ճամբորդութեան համար որոշ թիւով պահեստի ձիեր ալ ունէին:

Ձիերուն նախատիպը Ս. Մարկոսի թանգարանին մէջ եւ Ներոնի դէմքով 66 թուականի դրամը, որուն միւս կողմը յաղթական կամարին վրայ կ՛երեւին չորս ձիերը (1):

Այս շքախումբ-բանակը, ինչպէս նշուեցաւ, մայրաքաղաք Արտաշատէն այդ օրերու ցամաքի ծանօթ ճամբաներով ուղղուեցաւ դէպի արեւմուտք` Հռոմ, նախընտրաբար` քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, որպէսզի ջուր, սնունդ եւ այլ կարիքներ ապահովէին: Մինչեւ Իտալիոյ հիւսիսային սահմանը, այժմու «Կուկըլ» քարտէսով, 270 օրերու ընթացքին անոնք նուազագոյնը շուրջ 3000 քմ ճամբայ քալեցին` օրական շուրջ 11-էն 15 քմ յառաջանալով: Եթէ նկատի առնենք, որ իւրաքանչիւր ձիու երկայնքը 2,5 մեթր է, եւ եթէ նոյնքան հեռաւորութիւն պահեցին իրարու միջեւ, ետեւ-ետեւի, եւ ոչ լայն ուղիներէ երկու շարքով յառաջացան` ուղեւորներուն կարաւանին ընդհանուր երկայնքը շուրջ 8 քմ-ի կը հասնէր:

Այս պատմական եւ բոլո՛ր չափանիշներով եզակի ու հսկայակա՛ն ձեռնարկը չուագիտական (2), բանակավարութեան (2), բարդ գործողութիւններու, տեղաշարժի ու սարքաւորման մանրամասն ծրագրում, կազմակերպում եւ իրականացում կ՛ենթադրէր, որ Տրդատ թագաւոր իր զօրավարներով կրցաւ յաջողութեամբ կատարել: Արդեօք Ներոն երբ Տրդատը Հռոմ հրաւիրեց թագադրելու, միտքէն անցա՞ւ, որ ան շուրջ 3200 անդամ բանակով եւ 9 ամիս տեւողութեամբ, ցամաքի ճամբով պիտի ժամանէր… Հաւանաբար` ոչ:

Այստեղ միջանկեալ կը մէջբերեմ յորդանանեան կատակ մը. 1970-ական տարիներուն, երբ Հիւսէյն թագաւորը Չինաստան կ՛այցելէ, Մաօ Ցէ Թունկ կը հարցնէ Յորդանանի բնակչութեան թիւը, երբ ան կ՛ըսէ 3 միլիոն, Մաօն կ՛ըսէ. «Հա՜ միա՞յն, ինչո՞ւ հետդ չի բերիր…»:

117 թուականի Հռոմէական կայսրութեան քարտէսը` խնդրոյ առարկայ քաղաքներով. հիւսիս-արեւելքի սահմանին մօտ միա՛կ նշուած քաղաքը Աքուիլէեան է (3)

Յստակ է, որ Տրդատ 62 թուականի Հռանդեայի ճակատամարտին հռոմայեցիներուն յաղթելէ ետք, որոնց հրամանատարն էր զօրավար Լուկիոս Պետոս, (Lucius Paetus, 20-72) երկրորդ յաղթանակ մը եւս տարաւ` 3000 այրուձիով արշաւանքի մը համազօր, Հռոմէական կայսրութեան տարածքներով հասնելով մայրաքաղաք Հռոմ, սեփական ուժին ապաւինելով եւ դաւադրութիւններու առաջքը առնելով:

Կ՛արժէ նշել, որ հռոմայեցիներուն համար նուաստացուցիչ հաշտութիւն կնքուած էր, որովհետեւ Պետոսը ամբողջ բանակով անձնատուր եղաւ` հայերուն յանձնելով ցարդ գրաւած ամրութիւնները, զէնքն ու պարէնը եւ պէտք էր անմիջապէս հեռանար Հայաստանէն: Ինչպէս նախորդիւ նշուած էր, Պետոսի պարտուած բանակը խոնարհած անցաւ Տրդատի երեք նիզակէ կազմուած կամար-լուծին տակէն:

Առաջին դարուն այդ 270 օր ճամբորդութեան իւրաքանչիւր գիշերը եւ ցերեկը ինքնին վիպային արկածախնդրական դրուագներ, միջադէպեր եւ եղելութիւններ կ՛ենթադրէ, որոնց մասին դժբախտաբար որեւէ յիշատակութիւն չէ եղած, կամ` մեզի չէ հասած, եւ մենք միայն կրնանք երեւակայել: Բարեբախտաբար «Գեղարուեստ»-ի խմբագիրը` Գարեգին Լեւոնեան 1913-ին Վենետիկ այցելելով, թարմացուցած է Տրդատ Ա.-ի թագադրութեան պատմութիւնը` շատ հաւանաբար օգտուելով Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանէն եւ պատմաբաններէն:

Ա. դարու հայկական այրուձիի նմուշ մը եւ 14-րդ դարու ձեռագիրին մէջ ձիաւոր հայ զինուորներ

Դժբախտաբար արդի հայ, թէ օտար պատմութեան հեղինակներ եթէ յիշած են այս մասին` առանց քննական արժեւորումի կամ տրամաբանութեան, կրկնած են Չամչեան վարդապետին աշխատասիրութիւնը, անոր նշած քաղաքներու անունները անուշադիր կերպով սխալ կիրարկելով` կ՛ըսեն, թէ Իտալիոյ սահմանին, Նափոլի քաղաքին մէջ Ներոն դիմաւորեց Տրդատը… Հռոմը Իտալիոյ կեդրոնէն դէպի հարաւ կը գտնուի եւ հիւսիսարեւելեան սահմանէն` 550 քմ հարաւ, իսկ Նափոլին Հռոմէն շուրջ 200 քմ աւելի՛ հարաւ եւ հիւսիսարեւելեան սահմանէն` 750 քմ հարաւ… Ինչպէ՞ս կարելի է տրամաբանել այս սխալ մեկնաբանութիւնը: Նափոլին երբե՛ք սահմանային քաղաք չէ եղած:

Ցամաքի ճամբով, Յունաստանէն եւ Պալքանեան երկիրներէն անցնելով, Իտալիոյ առաջին դարու քարտէսին վրայ, հիւսիս-արեւելքի միակ նշուած քաղաքը, Վենետիկի շրջանին մէջ եւ Ատրիական ծովէն 10 քմ հիւսիս, Աքուիլէեան է, որ օրին մեծ քաղաք եղած էր օժտուած արեւելք-արեւմուտք, հիւսիս-հարաւ «պաշտպանուած միջազգային» ճամբաներով, մինչեւ Իտալիոյ արեւելքի դրացի Վերին Փանոնիայի (այժմ` Սլովենիա) Լուպլիանա քաղաքը (4): Ուրեմն հաւանական է, որ Ներոնը Աքուիլէեայի մէջ դիմաւորեց Տրդատը:

Իտալիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանին մօտ Աքուիլէեան եւ Օտերզօ քաղաքը

Երկրորդ սխալին կը հանդիպինք համացանցի էջերուն, ուր Տրդատ Գ. Մեծի (250-330) արձանը կը ներկայացուի իբրեւ Տրդատ Ա.: Հեգնականը այն է, որ արձանը իր երկարած ձախ ձեռքին բռնած է Հռիփսիմեանց տաճարին մանրակերտը, որ իր կարգին երկրորդ սխալ մըն է, քանի որ տաճարին կառուցումը 641-659 տեւեց… Հաւանական է, որ Տրդատներէն ոեւէ մէկուն արձանը չէ եւ` բոլորովին այլ անձի մը արձանը:

Տրդատ թագաւորին Հռոմ այցելութեան մասին մեր արդի շրջանին զանազան դիտանկիւններէ ուղղակի, թէ անուղղակի ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, որոնցմէ երկու օրինակներ կը ներկայացնեմ ստորեւ:

1992-ին Էվերս Սեսիլ, «Լ՛անթիքիթէ Քլասիք»-ի մէջ գրախօսական կատարած է Լուիճի Սփերթիի 1990-ին հեղինակած «Ներոնը եւ Տրդատին պրոնզէ փոքր նուէրը Օփիթերկիումի մէջ» 65 էջ աշխատասիրութիւնը (5), (6): Օփիթերկիումի արդի անունն է Օտերզօ (7)` Իտալիոյ հիւսիսը Աքուիլէեայէն 87 քմ դէպի արեւմուտք, ուր շուրջ 100 տարի առաջ գտնուած է այս 11 սմ բարձրութեամբ պրոնզէ քանդակը, որ ենթադրաբար կը ներկայացնէ Տրդատը` ծնրադիր զինուորական մը, որուն աջ ձեռքը Ներոնին ուղղուած է, իր հաւատարմութիւնը յայտնող, որ 55 թուականէն սկսեալ Ներոնի ենթականերուն կատարած դասական արարողութեան պատկեր-նմուշ մըն է:

Քանդակը այժմ կը գտնուի Վենետիկի Հնագիտական թանգարանին մէջ: Ըստ Լուիճի Սփերթիի, Տրդատ Ներոնին նուիրած է այս պրոնզը` իբրեւ հաւատարմութեան նշան, որ սակայն Էվերս Սեսիլ անհաւանական կը նկատէ հետեւեալ պատճառներով.

ա.- Այս քանդակը յար եւ նման է բարբարոս ղեկավարներու հաւատարմութեան քանդակներուն, որոնց շարք մը օրինակները կը թուէ, ուրեմն նշուած պրոնզին ենթական բարբարոս զօրավար մըն է եւ ոչ թէ` Տրդատը:

բ.- Տրդատ 63 (պէտք է ըլլայ 62) թուականին Հայաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան սահմանին գտնուող Ռանտէեայի մէջ (այժմու Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ քաղաքին մօտ, Արածանիի արեւմտեան ափին) իր թագը յանձնեց Ներոնը խորհրդանշող քանդակին, որպէսզի Հռոմ ղրկուի եւ ինք այնտեղ նոյն թագով Ներոնին կողմէ թագադրուի երեք տարի ետք (65-ին), ինչ որ տեղի ունեցաւ: Այլ խօսքով, Տրդատ պէտք չունէր այդպիսի քանդակ մը նուիրելու, քանի որ իր հաւատարմութիւնը արդէն յայտնած էր:

Վերադառնալով պղինձէ ձիերուն` անոնց վիզերուն ստորոտը երեւցող գօտենման զարդարանքը հետագային աւելցուած է, քանի որ, 1206-ին, երբ Մարինօ Զենօ Կոստանդնուպոլիսէն Վենետիկ պիտի տեղափոխէր զանոնք, փոխադրութեան դիւրութեան համար ձիերուն գլուխները սղոցած էին, եւ վերամիացումի ժամանակ է, որ այդ զարդարանքը աւելցուցած են: Այստեղ բարենիշ մը եւս կ՛աւելնայ Տրդատի հաշիւին, որ Զենոյէն շուրջ հազար տարի առաջ կրցած էր այդ իւրաքանչիւրը 900 քկ կշռող պղինձէ ձիերը հազարաւոր քմ ցամաքի ճամբով բերել Հռոմ:

4 օգոստոս 2019
(Շար. 3)

———————-

(1) https://www.coinarchives.com/a/results.php?search=Nero%20AND%20Sestertius%20AND%20arch

(2) http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&dt=EN_HY&r=0&query=logistics

(3) https://www.vox.com/world/2018/6/19/17469176/roman-empire-maps-history-explained

(4) http://www.comune.aquileia.ud.it/index.php?id=6950&no_cache=1&L=4

(5) Evers Cécile. Luigi Sperti, Nerone e la «submissio» di Tiridate in un bronzetto da Opitergium. In: L’antiquité classique, Tome 61, 1992. pp. 724-725.

(6) Luigi Sperti, Nerone and the “submissio” di Tiridate in a bronzetto da Opitergium. Rome, G. Bretschneider, 1990. 1 booklet. 23.5 X 30 cm, 65 pp., 30 pU. (Supplementi alla Rivista di Archeologia VIII) ISBN 88-7689-059-9.

(7) http://dare.ht.lu.se/places/10644.html

aztagdaily.com/archives/450664

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail