Րաֆֆի Տուտագլեան – ՄԵՐ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ – (Քաղաքական հումոր է, թեթեւ տարեք)

Րաֆֆի Տուտագլեան – ՄԵՐ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ – (Քաղաքական հումոր է, թեթեւ տարեք)

Րաֆֆի Տուտագլեան

Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

ՄԵՐ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ

(Քաղաքական հումոր է, թեթեւ տարեք)

Ուրեմն, ըստ մեզի՝ վերնատուն հաւաքուած քաղաքական անտունիներուն, յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ ոչ մէկ լաւ բան կայ.

1. Արցախը շուտով պիտի յանձնեն, գրեթէ յանձնած են արդէն, կամ յանձնեցին եւ մենք լուր չունինք։ Չենք գիտեր ինչ է իրենց քաղաքականութիւնը. յստակ քաղաքականութիւն կ՚ուզենք, ինչպէս մեր տէր Սերժի ատեն՝ մատրիտեան սկզբունքներուն պէս, պարզ ու թափանցիկ, սեւով ճերմակի վրայ գրուած։

2. Երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն չկայ, հալածանք կայ եւ 37 թիւը վերադարձած է։ Ստալինը վերայարնած է Նիկոլի կերպարով եւ միակ ճերմակը ինքն է, մեզ բոլորիս սեւ սարքած է եւ մենք ստիպուած ենք սեւերու յատուկ տրանսբորտ օգտագործել, սեւերու յատուկ դպրոց երթալ եւ սեւերու յատուկ ճաշարաններու մէջ ուտել։

3. Կոռուպցիայի դէմ պայքար չկայ, այդ բոլոր մեղադրանքները սուտ են, եւ տեղի կ՚ունենան քաղաքական ընդդիմադիրները լռեցնելու նպատակով։ Բոլորին պէտք է ազատ արձակել եւ ետ վերադարձնել այդ խեղճերուն ճակտի արդար ու հալալ քրտինքով վաստակած միլիոնները։

4. Ազատ խօսք չկայ, մարդիկ սարսափի մթնոլորտի մէջ կ՚ապրին… Այդ ընդդիմադիր տասնեակ թիվիները, ռատիոները, փողոցային հայհոյանքները, ֆէյքերը եւ ցոյցերն ու ցուցարարները՝ բոլորը սուտ են, Նիկոլի սարքածն են… եթէ ճիշդ ըլլային, այդ երեխեքը տհոլն ու զուռնան աւելի լաւ կը նուագէին…

5. Եթէ մենք, սուրբերս, որ սովի մէջ մնացինք եւ աղքատ ապրեցանք որպէսզի խեղճ ժողովուրդը կշտանայ, եթէ բերաննիս բանանք, մեր վրայ շինծու մեղադրանքներ պիտի դնեն։ Ստիպուած, հիմա բոլորս լուռ ենք, համարձակութիւնը չունինք բան մը խօսելու, եւ այն, որ ամէն օր մեզի եւ մեր զրոյցները թիվիներէն կը տեսնեք, մենք չենք, մեր clone-ներն են…

6. Ազգային արժեքները ոտնակոխեցին, բանակը քանդեցին, զէնք զինամթերք չունինք, հրամանատար չունինք, զարմանալի է, որ Ադրբեջանը մինչեւ հիմա Հայաստանը չգրաւեց, ու՞ր են, ու՞ր… չէ՞ որ Նիկոլը ըսաւ Արցախը Հայաստան է եւ այդպէս կոչ ըրաւ Ալիեւին գրաւելու Հայրենիքը…

Ուստի, մեր բոլոր ուժերը պիտի հաւաքենք ու պիտի տապալենք այս ազգակործան ու հայրենադաւ իշխանութիւնը, որ միաժամանակ կը ծառայէ ռուսին եւ բելառուսին, ամերիկացիին ու եւրոպացիին, Թրամփին եւ Էրդողանին եւ մասամբ նորին…

ՎԵՐՆԱՏԱՆ ՎԱՐՁԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail