
Յայտարարութիւն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Ականջալուր Ըլլալու Հայ Երիտասարդութեան»
15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Երէկ հայրենի խումբ մը մտաւորականներ, ակադեմականներ, գրողներ եւ արուեստագէտներ յայտարարութիւն հրապարակելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դէմ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան բողոքին: Ստորեւ` յայտարարութեան բովանդակութիւնը.
Այսօր մէկ նախարարութեան պատասխանատուութեան ներքոյ մէկտեղուած էին հանրային կեանքին մէջ բացառիկ առաքելութիւն ունեցող ոլորտներ` կրթութիւնը, մշակոյթը, մարմնակրթութիւնն ու երիտասարդութիւնը:
Նշեալ ոլորտներու մէջ կառավարութեան քաղաքականութիւնը իրականացնող կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ քաղաքական օրակարգ բերուած շարք մը գործողութիւններ` ուղղուած մեր ազգային արժեհամակարգին, ինքնութեան եւ ազգային հաստատութիւններուն, տարակուսանք եւ բնական ընդվզում կը յառաջացնեն հասարակութեան լայն շրջանակներու մէջ:
Ընդվզումին յառաջամարտիկը հայ երիտասարդութիւնն է, որ դէմ է ազգային ինքնութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը խաթարող գործողութիւններուն, ազգայինի եւ համամարդկայինի արհեստական հակադրութեան, որդեգրուած քաղաքականութեան մէջ խմբագրումներ կատարելու իշխանութիւններու անդրդուելիութեան:
Արդարացի նկատելով երիտասարդներու ընդվզումը, մեր համաձայնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով անոնց`
Կոչ կ՛ուղղենք հայրենի մտաւորականներուն` սատարելու ազգային արժէքներու եւ ազգային արժանապատուութեան համար ոտքի ելած հայ երիտասարդներուն:
Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն` ականջալուր ըլլալու հայ երիտասարդութեան, գիտամանկավարժական եւ մշակութային հանրութեան:
Դաւիթ Գասպարեան բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր
Համլեթ Գէորգեան պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր
Դաւիթ Սարգսեան գրող, հրապարակախօս
Վիգէն Ստեփանեան դերասան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ
Կարին Տօնոյեան «Հայ ասպետ» հիմնադրամի տնօրէն
Ռազմիկ Դաւոյեան բանաստեղծ
Աշոտ Աւագեան գեղանկարիչ, Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր
Սերժ Սրապիոնեան բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ
Ալվարդ Պետրոսեան գրող, հրապարակախօս
Սարգիս Քելեան ԵՊՀ, դոցենտ
Գագիկ Մարկոսեան ԵՊՀ, դոցենտ
Արսէն Գրիգորեան ԵՊՀ, դոցենտ
Շահէն Խաչատրեան ԵՊՀ, դոցենտ
Պետրոս Դաւթեան ԵՊՀ, դոցենտ
Սէյրան Սուվարեան ԵՊՀ, դոցենտ
Վահագն Գրիգորեան ԵՊՀ, դոցենտ
Սերգէյ Առաքելեան արուեստագէտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ
Թադեւոս Տօնոյեան բանաստեղծ, ԵՊՀ դոցենտ, «Կանչ» պարբերականի խմբագիր
Արտակ Մովսիսեան ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր
Ռիտա Սաղաթելեան ԵՊՀ դոցենտ
Փիրուզա Մելիքսէթեան «Իրատես» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր
Նելլի Շահնազարեան արձակագիր, թատերագիր
Վահրամ Վարդանեան ԵՊՀ դոկտոր, փրոֆեսէօր
Նիկա Բաբայեան երաշժտական արտադրող
Յակոբ Աւետիքեան «Ազգ» թերթի խմբագիր
Աշոտ Մանուկեան յարդարանքի մասնագէտ
aztagdaily.com/archives/465821





