«Հասած Է Օտարները Շրջանէն Վտարելու Ժամանակը» Կ՛ըսէ Իրանեան Բանակի Հրամանատարը

Իրանի բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտելռահիմ Մուսաւի

«Հասած Է Օտարները Շրջանէն Վտարելու Ժամանակը» Կ՛ըսէ Իրանեան Բանակի Հրամանատարը

16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտելռահիմ Մուսաւի յայտնեց, որ Ծոցի եւ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութիւնը կարելի է երաշխաւորել միայն շրջանային երկիրներու գործակցութեան միջոցով:

«Հասած է օտարները շրջանէն վտարելու ժամանակը», նշեց ան:

Մուսաւի Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Պուշահր նահանգին մէջ բանակային զօրամասեր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Վերջին տարիներու զարգացումները փաստեցին, որ օտարները չեն կրնար շրջանի երկիրներուն համար վստահութեան աղբիւր ըլլալ»:

«Հորմուզի նեղուցի եւ Ծոցի անվտանգութիւնը կարելի է ապահովել միայն շրջանի երկիրներու գործակցութեան միջոցով, եւ անվտանգութեան հաստատումը կը բխի ներսէն եւ ոչ թէ կեղծ դաշինքներ կազմելու միջոցով», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Հասած է օտարները շրջանէն վտարելու ժամանակը»:

Իրանի բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտելռահիմ Մուսաւի

aztagdaily.com/archives/465982

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail