Ակնարկ. Տնտեսական Պատերազմ Իրանեան Յենակէտերու Դէմ

Ակնարկ. Տնտեսական Պատերազմ Իրանեան Յենակէտերու Դէմ

19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին ուղենշային յայտարարութիւն կատարած է Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու ուղղութեամբ ամերիկեան ընկալումներուն մասին: Յայտնելով, որ Ուաշինկթըն կ՛ըմբռնէ Իրանի նշանակութիւնը Հայաստանի համար, ան յստակացուցած է, որ անիկա խնդիր չի տեսներ Իրանի հետ Հայաստանի եւ հայաստանեան առեւտրական շրջանակներու միջեւ օրինական համագործակցութեան առումով: Դեսպան Թրէյսին պարզաբանած է, որ Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնները կապուած են ոչ թէ Իրանի հետ օրինական առեւտուրին, այլ այն հարցերուն, որոնք կը վերաբերին Իրանի կողմէ ահաբեկչական միաւորումներուն պետական մակարդակով աջակցութիւն ցուցաբերելուն:

Առաջին հայեացքով այն համոզումը կը գոյանայ, որ հայաստանեան իւրայատուկ վիճակին ըմբռնումով կը մօտենայ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը: Խնդիրը սակայն նաեւ կը վերաբերի տնտեսական առումով Իրանի ապաշրջափակման: Որքան ընկալուի հայաստանեան իւրայատուկ կարգավիճակը այնքան նաեւ կը վերաբերի Իրանին, այս պարագային արտահանում թոյլատրելու առումով: Իրանի բացարձակ մեկուսացումը կամ ամբողջական շրջափակման ամերիկեան միտումները նման բացառութիւն չէին հանդուրժեր: Քաղաքական առումով ուրեմն երկկողմանիօրէն հասկացողութիւն ցուցաբերելու դրսեւորման կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական դիրքորոշումը:

Ընթացող խաղի կանոնները օրինաչափ են. մէկ կողմէ պատժամիջոցներ, միաժամանակ հանդիպման հրաւէր պաշտօնական Թեհրանին Միացեալ Նահանգներէն, զուգահեռ պայմաններ` հիւլէական ծրագիրէն հրաժարելու, եւ ապաշրջափակման փոքր ելքերու հնարաւորութիւն տալու:

Ճնշամիջոցներ` ամերիկեան պայմաններով հանդիպումը կայացնելու քաղաքականութեան հասկնալի ուղերձներ կը հնչեն այս ձեւով: Յայտարարութեան երկրորդ մասի ուղերձը այլ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնները կապուած են Իրանի կողմէ ահաբեկչական միաւորումներուն պետական մակարդակով աջակցելուն: Խօսքը շեշտակի տարածաշրջանին մէջ իրանեան ազդեցութեան գօտիներու պահպանման համար ընթացող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն կը վերաբերի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը պէյրութեան այցելութեան ընթացքին չէր վարանած ահաբեկչական որակելու իրանամէտ Հըզպալլա կուսակցութիւնը: Աւելի ուշ ան յորդորած էր տարբեր պետութիւններուն աջակցիլ Իրաքի եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն` ձերբազատելու համար իրանեան ազդեցութենէն: Բնութագրելով իրանեան վերջին ցոյցերը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ Լիբանանի, Իրաքի եւ Իրանի ժողովուրդները փտածութեան դէմ կը պայքարին եւ թափանցիկութիւն կը պահանջեն:

Իրան յայտարարած էր, որ միլիառաւոր տակառներու քանակով նաւթի նոր հանք յայտնաբերած է: Անոր զուգահեռ սակայն վառելանիւթի գիներու բարձրացումն ու սահմանափակ տրամադրումը բողոքի դրսեւորումներու առիթ տուած է երկրին մէջ:

Այս բոլորը կարելի է մեկնաբանել ճնշամիջոցներու սաստկացումով նախապատրաստելու Թեհրան – Ուաշինկթըն հանդիպումը: Առ այս պահը Թեհրանը մերժած է ամերիկեան պայմաններով հանդիպիլը:

Տարածաշրջանին մէջ կ՛ուրուագծուի նոր խորապատկեր: Տարբեր երկիրներու մէջ ընթացող ընկերային եւ քաղաքացիական պահանջներով հանդէս եկած ցոյցերուն կը տրուի հակաիրանեան դիմագիծ: Թէեւ, Իրաքի ցոյցերը պաշտօնապէս այդ գունաւորումը ստացած էին արդէն: Սկսած են երեւիլ շիի զանգուածներու մօտ հակաիրանեան դրսեւորումներ:

Շիի քաղաքական բեւեռի չէզոքացումը անպայման չ՛ենթադրեր սիւննի քաղաքական բեւեռի հզօրացում. տարածաշրջանային մակարդակով տնտեսաքաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողը կը նկատէ Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութեան թուլացման միտումները:

Սիւննի-շիի կամ ներշիիական բախումնային իրավիճակներէն գլխաւոր օգտուողը տնտեսականօրէն եւ գործնապէս Իսրայէլն է, որուն անհրաժեշտ է անվերջ եռացող Միջին Արեւելք: Ընթացքն ու դէպքերուն ապահոված արդիւնքը այդ մասին կը վկայեն:

Իսկ Իրան-Հայաստան առեւտրական շրջանակներու մէջ օրինական առեւտուրը հանգիստ ընկալելու ամերիկեան ուղերձը ունի լուռ ենթաառաջարկ: Իրանեան տնտեսութիւնը կրնայ զարգանալ կամ Թեհրանի դէմ յայտարարուած տնտեսական պատերազմը կրնայ աւարտիլ տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական յենակէտերու չէզոքացման պարագային:

«Ա.»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/466257

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail