Թրամփի Վարչակազմը Պաղեստինի Տարածքին Մէջ Իսրայէլեան Բնակեցման Վայրերը Կը Նկատէ «Միջազգային Օրէնքը Չխախտող»

Թրամփի Վարչակազմը Պաղեստինի Տարածքին Մէջ Իսրայէլեան Բնակեցման Վայրերը Կը Նկատէ «Միջազգային Օրէնքը Չխախտող»

20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Պաղեստինի տարածքին մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու օրինականութեան վերաբերեալ ամերիկեան դիրքորոշումը եւ անոնց գոյութիւնը այլեւս միջազգային օրէնքին հակասող չի նկատեր: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ:

«Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Պարաք Օպամայի վարչակազմի իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն հարցին մէջ մօտեցումը: Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը միջազգային օրէնքի խախտում չէ», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ իր դիւանագիտական միջոցներով պիտի նպաստէ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի խաղաղ լուծման:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը սեպտեմբերին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Այսրյորդանանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը տարածելու ծրագիրի ծիրին մէջ որդեգրած էր Յորդանանի հովիտին մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրեր կառուցելու որոշումը:

Փոմփէոյի յայտարարութենէն ետք Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ նշեց, որ վերջինս «սրբագրած է պատմական անարդարութիւնը»:

Իսրայէլի վարչապետը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ես հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ ըսած, որ ան սրբագրած է պատմական անարդարութիւնը: Մէկը պէտք էր ըսէր յստակ ճշմարտութիւնը, եւ Թրամփ վարուեցաւ այնպէս, ինչպէս Կոլանի բարձունքներու ճանաչման եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու ժամանակ»:

Նեթանիահու նշեց, որ իրենք «օտար հողի վրայ չեն գտնուիր», եւ ատիկա աւելի քան 3000 տարի է, որ հրեաներու հայրենիքն է, իսկ Միացեալ Նահանգներու քայլը, ըստ Իսրայէլի վարչապետին, պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը նկատեց «անվաւեր, մերժելի, դատապարտելի եւ միջազգային օրէնքին ամբողջովին հակասող»` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմը որեւէ իրաւունք չունի իսրայէլեան բնակեցումին որեւէ օրինականութիւն շնորհելու:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը անօրինական են եւ կը հակասեն միջազգային օրէնքին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Միջազգային օրէնքէն վեր եղող պետութիւն գոյութիւն չունի»:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/466441

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail