ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Սպիտակ Տան Մէջ Էրտողան Տեսակցեցաւ Թրամփի Հետ. Արդիւնքը՝ Ողբերգակատակերգութիւն

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Սպիտակ Տան Մէջ Էրտողան Տեսակցեցաւ Թրամփի Հետ. Արդիւնքը՝ Ողբերգակատակերգութիւն

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

1227haroutsassounianՉես գիտեր, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսիլ մեկնաբանելու այն ծիծաղելի մամլոյ ասուլիսը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ տեղի ունեցաւ 13 Նոյեմբեր 2019ին, Սպիտակ տան մէջ: Ցաւօք, չենք գիտեր, թէ ի՛նչ քննարկեցնին երկու նախագահները փակ դռներու ետեւ, աւելի կանուխ կայացած հանդիպման ընթացքին:

Մինչեւ Էրտողանի Ուաշինկթըն գալը, Քոնկրեսի քանի մը դեմոկրատ եւ հանրապետական անդամներ միացեալ նամակ մը ստորագրած էին խորհուրդ տալով Թրամփին՝ չհրաւիրել Թուրքիոյ նախագահը Սպիտակ տուն, բան մը, զոր Թրամփ անտեսեց: Ասիկա զարմանալի չէր, քանի որ ան բազմաթիւ անգամ Էրտողանը կոչած է «ընկեր» եւ «ուժեղ տղայ, որ արժանի է յարգանքի»: Աւելին, Թրամփ իբրեւ նախագահի թեկնածու, 2015ին խոստովանած է, որ ինք նիւթական շահեր ունի Թուրքիոյ մէջ. «Ես քիչ մը շահերու բախում ունիմ, քանի որ մեծ, հսկայական շէնք մը ունիմ Իսթամպուլի մէջ: Շէնքը կը կոչուի Թրամփի աշտարակներ՝ երկու աշտարակ, մէկի փոխարէն… Եւ ես շատ լաւ ծանօթ եմ Թուրքիոյ: Թուրքերը զարմանալի մարդիկ են: Անոնք անհաւատալի մարդիկ են: Անոնք ուժեղ առաջնորդ ունին»: Միացեալ ասուլիսի ընթացքին Թրամփ Թուրքիան բնութագրեց իբրեւ «ՆԱԹՕի մեծ դաշնակից», «Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկեր» եւ ըսաւ. «Ես նախագահ Էրտողանի մեծ երկրպագուն եմ»:

Թրամփ հրաժարեցաւ օրինականօրէն պատժամիջոցներ կիրարկելէ Թուրքիոյ դէմ ՝ ռուսական C-400 հրթիռներ գնելուն համար: Անցեալ շաբաթ NBC News հաղորդեց, որ Ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն Մայամիի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, որ «ինք կը հաւատայ, որ կայ անձնական կամ գործնական յարաբերութիւն, որ կը թելադրէ Թրամփի դիրքորոշումը Թուրքիոյ վերաբերեալ, քանի որ Թրամփի խորհրդականներէն ոչ ոք համաձայն է հետը այդ հարցին մէջ»: Մէկ շաբաթ առաջ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էր երկու բանաձեւեր՝ վերահաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝ 405 կողմ, 11 դէմ, եւ պատժամիջոցներ սահմանելով Թուրքիոյ ու անոր կարգ մը առաջնորդներուն, այդ շարքին՝ Էրտողանին նկատմամբ, 403-16 ձայներու քուէարկութեամբ, այն բանէն ետք, երբ Թրամփ ամերիկեան զօրքերը հանած էր Սուրիայէն՝ լքելով քիւրտ գործընկերները եւ թոյլ տալով, որ թուրք զինուորականներն ու անոր ճիհատական դաշնակիցները սպաննեն հարիւրաւոր քիւրտ քաղաքացիներ եւ արտաքսեն մօտաւորապէս 200 հազար քիւրտեր եւ ուրիշներ, թրքական սահմանի հարաւային շրջանէն:

Սպիտակ տան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղի ունեցան քանի մը ապշեցուցիչ պահեր: Նախ եւ առաջ, Էրտողան իր զայրոյթը արտայայտեց Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ 29 Հոկտեմբեր 2019ին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի վերաբերեալ: Ան կրկնեց թրքական սովորական քարոզչական գիծը, այն, որ պէտք է ըլլայ պատմական յանձնախումբ, որ պէտք է ուսումնասիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը, մինչդեռ Թրամփ լուռ կը հետեւէր: Ո՛չ Էրտողան, ո՛չ ալ Թրամփ, հաւանաբար, տեղեակ չեն, որ այս հարցը ուսումնասիրուած է բազմաթիւ պատմաբաններու, անոնց շարքին՝ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային ընկերակցութեան կողմէ, որ հանդէս եկած է համատեղ յայտարարութեամբ՝ հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:

Միացեալ ասուլիսին Թրամփ քաջալերեց Էրտողանը հարցման համար դիմել թուրք լրագրողին. «Կ՛ուզէի՞ք ոեւէ մէկը ընտրել: Բարեացակամ մարդը՝ Թուրքիայէն, բարեացակամ: Միայն բարեացակամ լրագրողները: Մենք կ՛ուզէինք տեսնել, անոնց նմանները շատ չեն»: Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի նկատմամբ ոչ բարեացակամ լրագրող չէ մնացած: Միայն այս տարի 68 լրագրող ձերբակալուած է Թուրքիոյ մէջ, ուր աւելի շատ լրագրողներ բանտարկուած են, քան աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ:

Այնուհետեւ Թրամփ արդարացուց Էրտողանի կողմէ քիւրտերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները՝ ըսելով. «Եւ, ի դէպ, իմ կարծիքով, նախագահը (Էրտողանը) կրնայ քանի մը խմբակցութիւններ ունենալ քիւրտերու մէջ, բայց ես կը կարծեմ, որ նախագահը լաւ յարաբերութիւններ ունի քիւրտերուն հետ: Ներկայիս շատ քիւրտեր կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ, եւ անոնց հանդէպ հոգատար են»: Ասիկա բացարձակ սուտ է: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն թրքական զինուած ուժերը սպաննած են Թուրքիոյ մէջ 30 հազար քիւրտ քաղաքացիներ: Աւելին, ընտրուած 15 քիւրտ քաղաքապետներ պաշտօնանկ եղած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ եւ ձերբակալուած շինծու մեղադրանքներով:

Սպիտակ տան մամլոյ ասուլիսին Էրտողան հանդէս եկաւ գայթակղեցուցիչ այլ յայտարարութեամբ մը՝ ըսելով, որ վերադարձուցած է Թրամփին նամակը, որ իրեն ուղարկուած էր 9 Հոկտեմբեր 2019ին՝ իրենց հանդիպման ժամանակ, եւ զայն թողած նախագահի սեղանին: Այդ նամակին մէջ Թրամփ Էրտողանի ըսած էր. «Ձեզ մի՛ երեւակայէք ուժեղ տղայ, յիմար մի՛ ըլլաք…»:

Էրտողան եւս ապուշ մեկնաբանութիւն մը ըրաւ 13 Նոյեմբեր 2019ին՝ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու տնօրէնութեան Ուաշինկթընի կեդրոն կատարած այցի ընթացքին: Էրտողան յայտարարեց, որ հայերը «քոչուոր» եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ: Հայերը «քոչուորներու նման թափառած են տարբեր վայրերու մէջ: Բռնի արտաքսումը տեղի ունեցած է այն ատեն, երբ անոնք իբրեւ քոչուորներ կ՛ապրէին Թուրքիոյ մէջ», խաբէութեամբ պնդած է Էրտողան՝ անտեսելով, որ հայերը բնիկ ժողովուրդ են իրենց երկրին մէջ, ուր ապրած են հազարամեակներ, մինչեւ թրքական ցեղերու ներխուժումը Արեւելեան Ասիայէն եւ հայերու հայրենիքի նուաճումը:

Անհաւատալի խօսակցութիւն տեղի ունեցած է Էրտողանի՝ Միացեալ Նահանգներ ժամանելէն մէկ շաբաթ առաջ: Թրքական «Սապահ» թերթը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներու միջեւ 5 Նոյեմբեր 2019ին կայացած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Էրտողան ըսած է, որ Թրամփ հարցուցած է իրեն՝ «արդեօք աւելի նպատակայարմա՞ր է «ցեղասպանութիւն» կոչելու փոխարէն օգտագործել «պատերազմ» բառը»: Զարմանալիօրէն, Էրտողան ըսած է, որ ինք մերժած է Թրամփին առաջարկը այն հիմնաւորումով, որ «պատերազմ տեղի կ՛ունենայ երկու պետութիւններու միջեւ, իսկ հայ ժողովուրդը ենթարկուած է բռնի տեղահանութեան»:

Էրտողան ըսած է Թրամփին, որ «ջանքեր կը գործադրուին, որպէսզի մեզ վախցնեն այսպէս կոչուած հայկական օրինագծով եւ պատժամիջոցներու սպառնալիքով»: Թրամփ հետաքրքրուած է Էրտողանէն, թէ ԱՄՆ նախկին նախագահները ինչպէ՞ս կարգաւորած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, Էրտողանի պատասխանը եղած է. «Մինչեւ հիմա ես աշխատած եմ Պուշի ու անոր զաւկին հետ եւ նոյն ձեւով Օպամայի հետ: Հիմա ես կ՛աշխատիմ ձեզի հետ: Այն ատեն անոնք այդ (Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը) կը ներկայացնէին (Ներկայացուցիչներու պալատի) յանձնախումբին, իսկ յանձնախումբը զայն ետ կը ղրկէր: Այս անգամ անոնք շրջանցեցին յանձնախումբը եւ բանաձեւը յղեցին Քոնկրեսին»: Էրտողան ըսաւ, որ Թրամփ պատասխանած է. «Ես կ՛ուսումնասիրեմ զայն եւ կը խօսիմ բարեկամներու հետ»:

Անշուշտ, Էրտողան կեղծ տեղեկութիւններ հաղորդած է Թրամփի: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը նախապէս՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն, հաստատուած էր Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ եւ քանի մը անգամ անցած է Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բովէն:

Ծիծաղելին այն է, որ Թրամփ Էրտողանէն խորհուրդ կ՛ուզէ, թէ ինչպէ՛ս անուանել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահները ինչպէ՛ս կարգաւորած են Ցեղասպանութեան հարցը: Թրամփի կողմնակից բոլոր «հպարտ» ամերիկահայերը անյապաղ պէտք է քայլերու ձեռնարկեն՝ կրթելու համար Ամերիկայի նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւններու մասին այնպէս, որ ան չկերակրուի Ցեղասպանութիւնը ժխտող Էրտողանի սուտերով…

13 Նոյեմբերին Էրտողանի հետ կայացած հանդիպումէն եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսէն անմիջապես ետք, Թրամփ հանրապետական ծերակուտականներու փոքր խումբ մը հրաւիրեց Սպիտակ տուն՝ իր ներկայութեամբ Էրտողանի հետ տեսակցելու: Ասիկա ակնյայտօրէն խորամանկ քայլ մըն էր Թրամփի կողմէ՝ պատասխանատուութիւնը ձգելու Ծերակոյտի վրայ, որեւէ գործողութեան համար, որ ծերակուտականները կրնան ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ:

Այս հանդիպումէն ետք, երբ ծերակուտականները վերադարձան Ծերակոյտի նիստերու դահլիճ, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) առաջարկեց կասեցնել կանոնները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացիկ բանաձեւը ուղղակիօրէն ներկայացնել Ծերակոյտի լիագումար նիստին՝ շրջանցելով Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը: Ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ (հանրապետական, Հարաւային Քերըլայնա) մերժեց ծերակուտական Մենենտեզի՝ համաձայնութեան գալու խնդրանքը: Ծերակոյտի կանոններով, նոյնիսկ մէկ ծերակուտականի դէմ ըլլալը բաւարար է, որ թոյլ չտրուի շրջանցել Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը: Ծերակուտական Կրեհեմ Ծերակոյտի իր խօսքին մէջ բացատրեց. «Քիչ առաջ տեսակցեցայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ ԱՄՆ նախագահ Թրամփի հետ եւ խօսեցայ այն խնդիրներուն մասին, որոնց հետ մենք բախում կ՛ունենանք Սուրիոյ մէջ, Թուրքիոյ ռազմական ներխուժման պատճառով: Ես լիայոյս եմ, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան միասին լուծել այդ խնդիրը»: Ծերակուտական Կրեհեմ աւելցուց, որ ինք դէմ էր «ոչ թէ անցեալի, այլ ապագայի պատճառով»: Այս մեկնաբանութիւնները աւելի վատթարացուցին անոր առարկութիւնը:

Ծերակուտական Կրեհեմի մերժումը մոլորութեան մէջ ձգեց կարգ մը մարդիկ այն առումով, որ Ծերակոյտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը ջախջախուած է: Այդպէս չէ: Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը այժմ պէտք է քննարկէ բանաձեւը, իսկ հաստատելէ ետք, զայն փոխանցէ Ծերակոյտի լիագումար նիստին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/358092/Սպիտակ-Տան-Մէջ-Էրտողան-Տեսակցեցաւ-Թրա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail