Միջազգային Գիտաժողով` «Հայերի Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923»

Միջազգային Գիտաժողով` «Հայերի Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923»

21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նոյեմբեր 8-9 «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հովանաւորութեամբ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աջակցութեամբ, կազմակերպած էր «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում. 1915-1923 թթ» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողով:

Գիտաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ, թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն հայր Ասողիկ Կարապետեանը նախ գիտաժողովին փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի ողջոյնի ու բարեմաղթանքի խօսքը, ապա կարեւորեց նմանօրինակ համաժողովներու գումարումը` ըսելով. «Միշտ պէտք է արծարծուի այն հարցը, որ ինչպէս մեր այսօրուան կեանքում, այնպէս էլ բոլոր ժամանակներում հայի համար առաջնորդող է եղել մարդասիրութիւնն ու ինքնազոհողութիւնը` որպէս ազգային լինելիութեան կարեւոր գրաւական: Հակառակ այն բանին, որ մեր ժողովուրդը դաժանօրէն կոտորուել է իր բնօրրանում, նա իրեն յատուկ վեր յառնելու զօրութեամբ կարողանում է իր ստեղծագործ ու շինարար ընթացքը շարունակել եւ դրանում մեծ է նուիրեալների դերը»:

Յարութիւն Մարութեան

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի  տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ այս գիտաժողովը իրականացնելու գաղափարը ծնած է թանգարան-հիմնարկի եւ ԱՀԱԸ երկկողմ համագործակցութեան շնորհիւ եւ նպատակն է ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած հայութեան բեկորներու ճակատագրերը, լուսաբանել հայկական եւ միջազգային այն կազմակերպութիւններու, անհատներու գործունէութիւնը, որոնք զբաղած են հայ գաղթականներու, մասնաւորապէս, երեխաներու ու կիներու փրկութեան հարցերով: «Ինչո՞ւ 2019-ին,- բացատրեց Մարութեանը,- որովհետեւ ուղիղ 100 տարի առաջ սկսուեց «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» շարժումը, երբ բազմահազար որբեր գտնւում էին գերութեան մեջ, մուսուլմանացման եզրին, հայ մտաւորականութիւնը գիտակցում էր, որ իր ապագան մեծապէս կախուած է այդ որբերից, որ պէտք է անել ամէն ինչ, որպէսզի այդ երեխաները փրկուեն ու դառնան վաղուան Հայաստանի քաղաքացիներ»:

Զաւէն Խանճեան

ԱՀԱԸ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը գիտաժողովի մասնակիցները ողջունեց տեսակապով, ուր ան մասնաւորապէս կ՛ըսէր. «Պատմութեան հեգնանքն է, որ կ՛ապրինք: Մինչ այսօր, այստեղ, ա՛յս նիւթով գիտաժողովի բացումը կը կատարուի, անդին` սուրիական անդաստաններուն մէջ նոյն անողոք դահիճին նոր ոճիրներուն ականատեսն ենք եօթը երկար տարիներէ ի վեր, եւ որուն զոհերէն մեզ այսօր հետաքրքրողը նոյն ինքն, Եղեռնէն փրկուած մնացորդացի շառաւիղն է: Ոճրագործը եւ ոճիրը դադար չունին, ուստի անհրաժեշտ է արթուն ըլլալով` ակնկալել չարը: Հետեւաբար ազգովին պէտք է պատրաստ ըլլանք փրկութեան գործին»:

Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունեցին եւ բարեմաղթեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Սամուէլ Կարաբեկեանը, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեանը:

Նարինէ Մարգարեան

Գիտաժողովի առաջին օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցասրահին մէջ «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թուականներին. ազգային միասնութիւնից դէպի վերածնունդ» խորագրով ցուցադրութեան բացումը, որուն ծիրին մէջ եւս ներկայացուած էր բացառապէս հայկական կողմի կատարած ներդրումը Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու փրկութեան գործին մէջ: Բացման ժամանակ թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար Նարինէ Մարգարեանը առանձնայատուկ համարեց այս ցուցադրութիւնը եւ հայերու փրկութեան համար կազմակերպուած տարբեր որբախնամ ձեռնարկումներու գործունէութեան յաջողութիւնը պայմանաւորեց անոնց ազգային, գաղափարական համախմբուածութեամբ: «Այս գործում եղան առաքեալներ, մարդիկ, որոնք յստակ գիտակցում էին պահի լրջութիւնը եւ անշեղօրէն կատարեցին իրենց գործը: Մի մասը հանգանակութիւնների ու նուիրատուութիւնների ձեւով, մի մասը անապատից հայերին հաւաքելով, միւս մասն էլ` որբանոցներում նրանց մասին հոգ տանելով», ըսաւ ան եւ ներկաները հրաւիրեց ծանօթանալու այդ մարդոց ու կազմակերպութիւններու մասին պատմող նիւթերուն:

Առանձին խորագիրներով ներկայացուած էին հայկական հոգեւոր կառոյցներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու` ՀԲԸՄ, Հայ ազգային միութեան, Եգիպտոսի հայ որբախնամի, Միջագետքի հայկական կազմակերպութիւններու, Հայկական կարմիր խաչի, հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ նուիրեալներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ապա` Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւններու իրականացուցած որբախնամ ձեռնարկումները: Ցուցադրուած էին եզակի արխիւային նիւթեր` փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, ցուցանմուշներ` հիմնականին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի, Երեւանի Պատմութեան թանգարանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի աշխատակից Միհրան Մինասեանի հաւաքածոներէն: Ներկաներուն համար անչափ հետաքրքրական էին որբանոցային յուշերը, մինչ այս շրջանառութեան մէջ չդրուած լուսանկարները, գաղթի ճանապարհի եւ որբանոցային իրերը, որբերու ձեռքով ստեղծուած ասեղնագործութիւնները:

Վահրամ Շեմմասեան

Քալիֆորնիոյ համալսարանի ժամանակակից եւ դասական լեզուներու ու գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան ծրագրի տնօրէն, Նորթրիճ, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Վահրամ Շեմմասեանի զեկուցման թեման վերապատուելի Ահարոն Շիրաջեանի հայանպաստ գործունէութիւնն էր, որ ան ծաւալած էր Սուրիոյ մէջ` Ցեղասպանութեան տարիներուն բռնի առեւանգուած հայ կիներու ու մանուկներու փրկութեան համար: Վերապատուելի Շիրաջեանը 1922 թուականէն Բրիտանիոյ Հայոց բարեկամներու ընկերակցութեանը յանձնուած Քարէն Եփփէ ապաստարանի վերակացուն էր եւ շարունակեց այդ հաստատութեան աշխատանքը: Մինչեւ 1933 թուականը ինքն ու իր կինը ըստ ամենայնի կ՛օգնէին կոտորածներէն փրկուած կիներուն ու աղջիկներուն: Ժամանակի ու հանգամանքներու թելադրանքով անոնք երեխաներուն նոր անուններ կու տային, անոնց համար դպրոց բացին, ուր երեխաները լեզուներ կը սորվէին, կրօնական դասընթացներ կը ստանային, կը հայանային: Վերապատուելին ու իր կինը մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենային նաեւ այդ աղջիկները ամուսնացնելու հարցին. մանրազնին կ՛ընտրէին փեսացուները` վստահ ըլլալու, որ այդ դժբախտացած աղջիկները հետագային լաւ ընտանիքներ պիտի կազմեն եւ լաւ հայ զաւակներ պիտի ունենան:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի գիտքարտուղար, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նարինէ Մարգարեանի զեկուցման թեման էր «Հալէպի հայկական որբանոցը 1915-1924 թուականներուն»:

Բանախօսը ներկայացուց 1915 յուլիսին գործունէութիւն ծաւալած հայկական որբանոցի պատմութիւնը, որբերու փրկութեան հարցին մէջ կառոյցին ունեցած դերը, ներկայացուց որբանոցի կրթական, առողջապահական, ֆինանսական, արհեստագործական ոլորտի մանրամասնութիւնները, խնամատար մարմիններու ծաւալած գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ որբանոցի առջեւ ծառացած խնդիրներն ու անոնց լուծումները: Ն.Մարգարեանը անդրադարձաւ նաեւ խնդրոյ առարկայ ժամանակահատուածին մէջ տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնք իրենց անմիջական ազդեցութիւնը ունեցած են որբանոցային կեանքի վրայ:

«Հալէպի հայկական որբանոցն իր գործունէութիւնը սկսել է 1915 յուլիս 31-ին վերպատուելի Ահարոն Շիրաջեանի ղեկավարութեամբ (Ահարոն Շիրաջեանը ծնունդով Մարաշից էր: Ուսում էր ստացել Այնթապի  քոլեճում, որից յետոյ յաճախել էր Մարաշի աստուածաբանական դպրոցը, 1912-ին մեկնել էր Էտինպուրկ` աստուածաբանական ուսումը շարունակելու: Նա ականատես էր եղել համիտեան, երիտթուրքական, քեմալական ժամանակահատուածների հայաջինջ քաղաքականութեանը: Ահարոն Շիրաջեանը Մարաշից արտաքսուելուց յետոյ հասել էր Հալէպ, որտեղ եւ հիմնել էր որբանոցը): Սա այն ժամանակահատուածն էր, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը հետեւողականօրէն իրականացնում էր հայերի բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Որբանոցի հիմնադրման գործում մեծ էր բժշկապետ Ասատուր Ալթունեանի եւ նրա դստեր` Նորա Ալթունեանի դերը, որոնք իրենց անձնական կապերն օգտագործելով` փորձել են որբերի կեցութեան եւ առողջութեան հարցերը լուծել»:

Գիտաժողովին ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, քաղաքագիտութեան դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանը: Անոր զեկուցման թեման էր` «Նաւարկում` շիջած երազներու, մրցակից կեցուածքներու եւ նոր կեանքի միջեւ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՉՆԱԿ»-Ը 1919-1923 թուականներուն»:

1919 յունուարին 20-ամեայ «ԿՈՉՆԱԿԸ» վերանուանուեցաւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՉՆԱԿ»: Այս անուանափոխումը կապ ունէր Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման, նոր Հայաստանի յառաջացման հաւատքի եւ պանդուխտ հայերը Հայաստան կանչելու թերթի առաքելութեան հետ: «Հայաստանի Կոչնակ»-ին մէջ տպագրուած յօդուածները, տեղեկագրութիւնները, հայկական ազգային զգայարանքներուն ուղղուած կոչերը տուին իրենց արդիւնքները: Իբրեւ հանրային խորհրդամիջոց` «Կոչնակը» պարտաւոր էր եւ իր առաքելութիւնն ունէր բեկուած հոգիներուն նոր եռանդ, նոր հաւատք ու երազ ներշնչելու: Զեկուցման մէջ դոկտոր Տագէսեանը մէկտեղած էր «Հայաստանի Կոչնակ»-ի 1919 թուականի աւելի քան 150 խմբագրականներու բովանդակութիւնն ու անոնց գլխաւոր հայեցակարգը:

Առաջին նիստէն ետք գիտաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրին անմար կրակին քով:

Գիտաժողովի երկրորդ օրը անցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմածնի` Գարեգին Ա. կրթական կեդրոնին մէջ: Ընդհանուր առմամբ զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանէն եւ արտասահմանէն` Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն ժամանած 23 գիտնականներ, որոնք անդրադարձան Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերու փրկութեան գործին առնչուող մանրամասներուն:

Հիլմար Քայզեր

Երեւանի պետական համալսարանի հետազօտող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ցեղասպանագետ Հիլմար Քայզերը, որուն զեկուցման թեման էր` «Բողոքականներու նպաստամատոյց գործունէութիւնը օսմանեան 4-րդ բանակի շրջանին 1915-1917 թուականներուն» անդրադարձաւ աւետարանական գործիչներ Գունտաքճեանի, Մհուտեանի, Հայտոսթեանի, վեր. Էսքիճեանի, Շիրաջեանի գործունէութեան, որոնք Համայի ու Հալէպի մէջ ստանձնած էին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուածներու փրկութեան գործը: Այդ մարդասիրական գործունէութեան ճանապարհին աւետարանականները ունեցած են նաեւ կորուստներ: Բանախօսը մասնաւորապէս յիշեց Արաքսիա Ճէպէճեանը եւ Պէաթրիս Ռոյները: Հիլմար Քայզերը միակ զեկուցողն էր, որ անդրադարձաւ նաեւ ազգութեամբ թուրք այն մարդոց, որոնք դէմ եղած են ջարդերուն եւ օգնած են տեղահանուածներուն: Մասնաւորապէս ան ներկաներուն ուշադրութեանը ներկայացուց օսմանեան 4-րդ բանակի կատարած բարեսիրական գործողութիւններն ու օգնութիւնը հայերուն: Յատկապէս ուշագրաւ էր Այնթապի ապաստարաններէն մէկու օսմանեան պատասխանատուի պատմութիւնը: Ա. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը ան ցանկութիւն յայտնած էր դառնալու քրիստոնեայ, պատերազմի աւարտէն ետք դուրս եկաւ բանակէն, հայ կնոջ մը հետ հեռացաւ Թուրքիայէն ու վերջաւորութեան ապրեցաւ Սուրիա` աւետարանական համայնքի հետ:

Գիտաժողովի միւս մասնակիցները եւս ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուածներու ճակատագրերը, լուսաբանեցին հայկական եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու, անհատներու գործունէութիւնը, որոնք զբաղած են հայ գաղթականներու, երեխաներու եւ կիներու փրկութեամբ:

Գիտաժողովի աւարտին տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը, ամփոփելով կատարուած աշխատանքը, բարձր գնահատեց զայն եւ շատ կարեւոր` այն առումով, որ եթէ մինչեւ հիմա մենք միշտ նշած ենք օտարներու դերակատարութիւնը հայոց փրկութեան մէջ, այս անգամ կը շեշտուէր հայո՛ց դերակատարութիւնը հայոց փրկութեան մէջ: Իսկ այդ հայերը եղած են թէ՛ անհատներ, թէ՛ մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններ, որոնք այսօրուան եզրաբանութեամբ ստանձնած էին փախստականներու կամ գաղթականներու նախարարութեան դերը եւ կատարած հսկայական կազմակերպչական աշխատանք: Գիտաժողովը նաեւ բացայայտեց բազմաթիւ հարցեր, որոնք տակաւին հետազօտութեան կարիք ունին: «Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան երկրորդ հարիւրամեակն է սկսւում, եւ հին հարցադրումներին նորովի պատասխաններ են պէտք: Նոր հարցադրումներ նոյնպէս կան, որոնք եւս պահանջում են ժամանակին համահունչ պատասխաններ», նկատեց թանգարան-հիմնարկի ղեկավարն ու յայտնեց, որ յաջորդ տարի կը նախատեսուի իրականացնել երեք միջազգային գիտաժողով եւ երկու ցուցադրութիւն: Այս գիտաժողովին աջակցելու համար շնորհակալութիւն յայտնելով ԱՀԱԸ-ին եւ մասնաւորապէս անոր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանին ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին` Մարութեանը յոյս յայտնեց, որ անոնք պատրաստակամ կ՛ըլլան նաեւ իրենց հետագայ ծրագիրներուն աջակցելով:

aztagdaily.com/archives/466197

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail