ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Երբ Մոռցուած Է Արժանահաւատութիւնը, Երբ Բորբոքած Է Պատեհապաշտութիւնը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Երբ Մոռցուած Է Արժանահաւատութիւնը, Երբ Բորբոքած Է Պատեհապաշտութիւնը

25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ն. Պէրպէրեան

Այն օրէն, որ Նոր Հայաստանի իշխանութիւնները տենդագին լծուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահը՝ Ռոբերտ Քոչարեանը պետական դատ ու դատաստանի առջեւ կանգնեցնելու օրինական հետապնդումին, այդ օրէն սկսաւ ոչ միայն հայրենական տարածքի, այլեւ ողջ հայաշխարհի արագընթաց թաւալումը դէպի ազգային ու քաղաքական, քաղաքացիական եւ հասարակական «արշակաւան»ի տղմուտ անդունդը:

Իր առաջադրած ու գործնապէս սանձազերծած ազատութիւններով՝ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը անխուսափելիօրէն դատապարտուած էր այսօրինակ արշակաւանի, ուր մտածելու, արտայայտուելու եւ շարժելու բոլորին՝ ամէն տեսակի հայ մարդոց ազատութիւնը երաշխաւորուած է թէ՛ օրէնքով, թէ՛ մանաւանդ գործնական հնարաւորութիւններով:

Մէկուկէս տարիէ ի վեր հայաշխարհի ե՛ւ հայաստանեան, ե՛ւ սփիւռքեան տարածքներուն վրայ, իրենց պահանջներուն եւ իրաւունքներուն համար անկաշկանդ պայքարելու լիարժէք ազատութիւն ձեռք բերած են ոչ միայն նախորդ երեսնամեակին արհամարհուած, հարստահարուած եւ իրաւազրկուած բազմութիւնները հայ ժողովուրդի աշխատունակ զաւակներուն, այլեւ նոյն ժամանակաշրջանին պետութեան ղեկին եկած, աթոռի տիրացած եւ ազգային ու հանրային հիմնական արժէքներ յափշտակած եւ իւրացուցած իշխանաւորներն ու անոնց մեծ ու փոքր հետեւորդները:

Երեւոյթը հասկնալի, օրինաչափ կամ բնականոն կրնար նկատուիլ, եթէ ստեղծուած արշակաւանին համար հայ հանրային կարծիքը ամէն քայլափոխի դէմ յանդիման չկանգնէր Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ Նոր Հայաստանի հասցէին շպրտուած ցեխարձակումներու, ստապատիր վարկաբեկումներու եւ «թաւշեայ» տեսակը սրբող-տանող նոր տեսակի ինչ-որ «յեղափոխութեան» մը գովազդներու:

Ճիշդ է, Հայաստանի նորահաստատ իշխանութիւնները ոչ միայն սկսնակ են ու անփորձ, այլեւ ձեռնարկած են անկախ Հայաստանը ազատութեամբ օժտելու եւ հզօրացնելու պատմակշիռ առաքելութեան, որուն ընթացքին բնականաբար պիտի ե՛ւ սխալներ գործեն, ե՛ւ այդ սխալներուն համար հաշիւ տալու, զանոնք սրբագրելու քաջութիւնը ունենան:

Կը նշանակէ, որ ժողովրդային պատուիրակումով իշխանութեան ղեկին հասած այսօրուան վարչապետը իրաւունք ունի եւ արժանի է ուղղակի անձամբ իր գործած կամ իր գործակիցներուն թոյլատրած թերութիւններն ու սխալները հանրային քննարկման լուսարձակին տակ տեսնելու եւ զանոնք սրբագրելու հնարաւորութեան:

Այսինքն՝ բոլորին ընձեռուած ազատութիւններէն իրենք եւս օգտուող երէկի նարգիսական բռնակալները եւ անոնց հետեւորդները չեն կրնար երկար ատեն վայելել այսօրուան ազատութիւնները, եթէ կամուրջները այրելու այսօրուան իրենց վարքագիծը շարունակեն եւ համընդհանուր իրաւունքները միայն ու պարզապէս չարաշահեն, որպէսզի ամէն գնով տապալեն ազգընտիր իշխանութիւնները եւ կարենան խուսափիլ մեր պետութեան ու ժողովուրդին նկատմամբ իրենց գործած յանցանքներուն համար հաշիւ տալու տարրական պարտաւորութենէն:

Ողբերգական այս մետալին միւս՝ դառն ու հեգնախառն երեսը այն է, որ ներկայի իշխանաւոր ճամբարէն, ինչպէս եւ Թաւշեայ յեղափոխութեան այսպէս կոչուած «համակիր»ներու շրջանակէն, դարձեալ գրեթէ ամէն քայլափոխի, հայ հանրային կարծիքը ի Հայաստան թէ սփիւռս հայաշխարհի ականատես եւ ականջալուր կը դառնայ «դաշնակ»ներու եւ, աւելի՛ն, Դաշնակցութեան ոչ թէ ներկային, այլ պատմական վաստակին դէմ հակադաշնակցական ծանօթ, այլեւ մաշած ու պատմութեան աղբանոցը նետուած խծբծանքներու, վարկաբեկման լուտանքներու եւ գաղափարական պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացող քաշքշուքներու:

Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին նորահասները հաւանաբար բաներ մը լսած են Դաշնակցութեան բնորոշ, այլեւ Դաշնակցութեան նկարագիր տուած կուսակցականութեան եւ ինքնապաշտպանութեան հուժկու ներուժին մասին: Լսած ըլլան կամ ոչ, մասնակի կամ խեղաթիւրուած ըլլան անոնց լսածները կամ ոչ՝ ժամանակն է, որ այսօրուան երիտասարդները գիտնան, թէ կրակին հետ խաղալու, աւելին՝ իրենք զիրենք այրելու ու ամբողջ հանրային մեր կարծիքը կրակի տալու համազօր են Դաշնակցութեան պաշտպանողականին եւ հակադաշնակցական ցեխարձակման վրայ դրուած այսօրուան գրաւները, ուրկէ՛ որ ալ գան ատոնք եւ որո՛նք ալ ըլլան զանոնք հրահրողները:

Արագօրէն կատարուած ընդհանրացումներ չեն այս հաստատումները: Ոչ միայն զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ոլորտները, այլեւ ու մանաւանդ համացանցի ողջ հորիզոնը ծանրաբեռնուած է աժանագոյն քարոզչական-հոգեբանական պատերազմի այսօրինակ խաժամուժով:

Խուլերու խօսակցութեան եւ հանրային կարծիքին բաժին հանուած անվստահութեան տղմուտ ոլորապտոյտին վերստին յղում կատարելու կարիք չկայ:

Աղաղակող իրողութիւնը մէկ ու միակն է՝ ով ի՛նչ կ՛ուզէ կը գրէ կամ կ՛ըսէ այսօր եւ կորսուած է այն սահմանագիծը, որ արժանահաւատ հեղինակութիւններով կը պահպանուի որեւէ ազգի ու պետութեան կեանքին մէջ, որոշապէս Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-հաւաքական ինքնահաստատման երթին մէջ:

Աւելի ահաւորն ալ կայ:

Սկսած է իր այլանդակօրէն զզուելի ու արգահատելի գլուխը ցցել հայութիւնը հայաստանցիի եւ արտասահմանցիի բաժնող երկփեղկման սադրանքը, որմէ ցարդ ոչ ոք օգտուած է, բացի Հայաստանն ու հայութիւնը բաժնելու եւ բոլորիս տիրապետելու մոլուցքով տարուած թշնամիներէ:

Դաշնակցականներու նկատմամբ Հայաստանի մէջ մերժողական կեցուածքը այսօր կրնայ ըլլալ, որ համատարած բնոյթ ունի: Դաշնակցութեան այսօրուան մասին սորվելու կամ գիտնալու համար, Հայաստանի մէջ, նորահաս սերունդն ու անոր ծնողները հաւանաբար կարիքը չեն զգար դասագիրքերու, որովհետեւ դպրոցներու մէջ իրենց չսորվածը կը կարծեն փոխարինել կեանքի դպրոցին մէջ իրենց տեսածով՝ զայն գումարելով պոլշեւիկներու եւ նոր-պոլշեւիկներու սրսկած հակադաշնակցական թոյնին վրայ…

Բայց խորապէս նախապաշարումներէ սնանող խորհրդահայ այդ ժողովրդային մտածելակերպը նախ տարրական ընկալումը չունի հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան անկիւնաքար տուած եւ ամրապնդած դաշնակցական աւանդին, ապա՝ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ Նոր Հայաստանէն կ՛այլասերէ ու կը վանէ Հայաստանի եզերք եւ բդեշխ Սփիւռքը, որ դաշնակցական ըլլայ թէ ոչ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի դաշնակցական հանգանակին եւ Եռագոյնին անդաւաճան երկրպագուն է:

Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ Նոր Հայաստանին նկատմամբ, հետեւաբար, ազգովին պարտական ենք աննախապաշար ընկալումն ու արժեւորումը մեր նորագոյն պատմութեան… գաղափարական աւանդներուն՝ Դաշնակցութեամբ բիւրեղացած արժէքային համակարգին, որ մենաշնորհը բնաւ եղած չէ եւ չի կրնար ըլլալ միայն դաշնակցականներուս, որովհետեւ մեր ժողովուրդին ծնունդն է՝ միսը միսէն եւ ոսկորը ոսկորէն… ինչպէս որ կ՛ըսէին մեր մեծերը:

Արժէքներ՝ որոնց ամէնէն վաւերական վերընձիւղման տէր կանգնեցաւ հայրենի հայութիւնը երեսուն տարի առաջ, երբ Ղարաբաղեան շարժման հետ պատմակերտ իր ոստումին ձեռնարկեց եւ լծուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման համաժողովրդային շարժումին, 1990ի Օգոստոս 23ին:

Հայ քաղաքական միտքը ոչ մէկ հիմք ունի, մանաւանդ իրաւունք չունի անհարկի տուրք վճարելու, աւելին՝ պատանդ իյնալու ձեռքին անցեալ երեսուն տարիներուն Հայաստանն ու հայութիւնը, իրենց բոլոր արժէքներով ու հնարաւորութիւններով, բռնագրաւած, հարստահարած եւ ծայրագոյն յուսահատութեան անդունդը գլորած իշխանաւորներուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կոչուին անոնք թէ Ռոբերտ Քոչարեան կամ Սերժ Սարգսեան:

Իր ուղին անխոտոր շարունակելու եւ անկախ Հայաստանը լիարժէք ազատութեամբ հզօրացնելու իր պատմակերտ երթին մէջ, ի Հայաստան թէ Սփիւռս հայաշխարհի, մեր ժողովուրդը առաջնահերթաբար կոչուած է դիմագրաւելու օրհասական վտանգը հայ քաղաքական միտքի պատեհապաշտներուն՝ հացկատակներու եւ գաղափարական ցեցերուն, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ եւ շուրջ կը վխտան՝ ամէնէն սրբազան արժէքներն անգամ չարաշահելով՝ իրենց վայելած բարօր կեանքի դիրքերը չկորսնցնելու միակ մտասեւեռումով, ամէն կարգի մակաբուծութեան ընդունակ սողունները:

Մեր կեանքէն կորսուած է արժանահաւատութիւնը եւ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ չկայ աւելի ծանր ճգնաժամ, քան արժանահաւատ խօսքի եւ հեղինակութեան կորուստն է:

Եւ երբ ազգային, պետական, քաղաքական կամ հասարակական իշխանութեանց ղեկին կանգնած ուժերը եւ դէմքերը չունին սեփական ժողովուրդին արժանահաւատ ներկայանալու վստահութեան բարոյական դրամագլուխը, անոնք թափ կու տան իրենց նիւթական-դրամական միջոցներով պատեհապաշտներ իրենց քարոզչութեան ծառայեցնելու սադրանքին:

Ատոր հետեւանքով է, ահա՛, որ զանգուածային լրատուամիջոցները, ելեկտրոնային եթերը եւ ընդհանրապէս համացանցը խեղճացած ու միջակութիւններու ձեռքին խաղալիք դարձած են:

Նիւթական-դրամական միջոցներու վրայ հակակշիռ ունեցող, բայց արժանահաւատութեան դոյզն դրամագլուխն իսկ չունեցող հին թէ նոր հեղինակութիւնները այսօր իրենց անձնական ուղղակի քարոզչութեան սայլին լծած են անցեալի «պալատական աշուղներ»ը յիշեցնող մտաւորականներ, հրապարակագիրներ եւ քաղաքական մեկնաբաններ, որոնք ամսական երկու-երեք հազար տոլարի սիրոյն, ինչ որ Հայաստանի մէջ շատ խոշոր եկամուտ է, կը ծախեն ոչ միայն խիղճ, այլեւ՝ նոյնինքն խօսքի եւ հեղինակութեան արժանահաւատութիւնը:

Եւ մեր օրերու կեղծ քարոզչութեան՝ սուտի ու յերիւրանքի նորածին մշակոյթ մը սկսած է կործանել աւելի քան մէկուկէս դարու ուղի հարթած հայ քաղաքական միտքի ազգային զարթօնքին հոյակերտ տաճարները արժանահաւատութեան:

Պատեհապաշտութեան նորօրեայ ու կատաղած այդ բորբոքումին դէմ պայքարի ահազանգը կը հնչէ արդէն:

Իրաւունք չունի՛նք այդ պայքարը կորսնցնելու:

yerakouyn.com/2019/11/25/երբ-մոռցուած-է-արժանահաւատութիւնը-եր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail