Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն Ընկերակցութիւն « ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ»

Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն Ընկերակցութիւն « ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ»

Սիրելի հայրենակիցներ,

Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն Ընկերակցութիւնը ստեղծուած է 2011-ին, եւ առաքելութիւն ունի օգտակար ըլլալու ծայրահեղ աղքատութեան մէջ գտնուող բազմանդամ ընտանիքներուն եւ մասնաւորապէս լուսարձակի տակ արած է երեխաները:

Ընկերակցութիւնը իր աշխատանքը կը տանի տարբեր միջոցներով՝ Ճշգրիտ անհատական ընտանիքներու օժանդակութեամբ կամ ուսանողներու կրթաթոշակի աջակցելու ծրագրերով:

Հետեւաբար, ընկերակցութիւնը կը փնտռէ կնքահայրեր, մէկ տարուայ տեւողութեանբ ընտանիքներու կենսական պէտքերուն աջակցելու նպատակով (սնունդով եւ կրթաթոշակով ապահովելու):

Եթէ կը փափաքիք կամ կարելիութիւն ունիք ընտանիքի մը կնքահայր ըլլալու, հաճեցէք մեզ հետ կապ պահել: Եթէ ձեր կարելիութիւնները սահմանաբակ են, կրնաք նաեւ փոքր նուիրատուութիւնով մասնակից դառնալ:

Սպասելով ձեր արձագանգին, կանխաւ շնորհակալութիւն:

Յոյս Հայաստանի Եւ Արցախի ընկերակցութիւն՝

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail