ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – Բառերու Գանձարանին Մէջ – 3. «Դա» Ու «Թօ», Դեւ Ու Թեւ, Դեր Ու Թերի

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – Բառերու Գանձարանին Մէջ – 3. «Դա» Ու «Թօ», Դեւ Ու Թեւ, Դեր Ու Թերի

25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԳՐԱԿԱՆ:

Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ: //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

Ի՞նչ կը կարծէք. մեր լեզուին մէջ «դա»-ո՞վ սկսող բառերը աւելի շատ են, թէ՞ «թօ»-ով սկսողները:

Այսպիսի հարցում մը ես ինծի ալ չէի հարցուցած մինչեւ այսօր: Սակայն հիմա սկսած եմ հետաքրքրուիլ նմանօրինակ մանրամասնութիւններով:

Մալխասեան բառարանը «դ»-ով սկսող բառերը ժողված է 67 էջի մէջ, իսկ «թ»-ին ալ տրամադրած է 63 էջ: Իսկ Սուքիասեանի «Հոմանիշներու բառարան»-ը «դ»-ին յատկացուցեր է 36, իսկ «թ»-ին` 32 էջ: Հետաքրքրական տուեալ մըն է ասիկա: Կը նշանակէ, որ նմանահնչիւն այս երկու տառերը գրեթէ հաւասար են իրարու դիմաց եւ մօտաւորապէս նոյն թիւով «զինուոր»-ներ կը պահեն իրենց կուռ շարքերուն մէջ…

Ա՜խ, Մաշտոցի այս զինուորները որքա՛ն կը չարչարեն մեզ: Մենք ու մեր զաւակները յաճախ չենք յաջողիր զատորոշել զանոնք. իրարու հետ կը շփոթենք զինուորներու այս երկու ջոկատները: Անոնք միեւնոյն ձայնով ու միեւնոյն համազգեստով կը ցցուին մեր դիմաց ու շփոթի կը մատնեն մեզ: Կ՛անճրկինք զանոնք ճանչնալու մեր ճիգին մէջ, հակառակ անոր որ գիտենք, որ «դ»-ի զինուորները առհասարակ աւելի մեղմաձայն են ու մեղմաբարոյ, մինչդեռ «թ»-ի համազգեստաւորները թաւաձայն են ու աւելի՛ առնական…

«Դա» ու «Թօ»: Հայերէնի չորրորդ ու իններորդ տառերն են ասոնք:

Կարդա՛նք հետեւեալ երկու նախադասութիւնները.

– Դպրոցին Դ. դասարանի դաստիարակը դասագիրքերու դէզերը դրաւ դռան դիմացի դարաններուն մէջ:

– Թագաւորն ու թագուհին թեւանցուկ թափառեցան թաւուտ թուփերով թերակղզիին վրայ:

Սփիւռքի տարածքին գործող մեր բազմատասնեակ դպրոցներու հազարաւոր աշակերտներէն քանի՞ հոգի պիտի կարենայ վերի զոյգ նախադասութիւնները գրել ԱՆՍԽԱԼ, առանց ուղղագրական վրէպի: Ես կու տամ ո՛չ մէկ հաւանականութիւն:

Նախադասութիւններէն առաջինին մէջ բացարձակ տիրապետողն է «դա»-ն, իսկ երկրորդին մէջ` «թօ»-ն: Հետեւաբար անվարան կարելի է հաստատել, որ երկու բաղաձայններն ալ հաւասար տարողութեամբ տեղ ու դեր ունին մեր լեզուին ընդհանուր բառամթերքին մէջ:

Եթէ գրաւոր պիտի արտայայտուինք, այս երկու տառերը ամէն առիթով գլխապտոյտ պատճառող խաղեր կրնան սարքել մեր գլխուն: Արմանքէ զարմանք ու սայթաքումէ սայթաքում կը քշեն-կը տանին մեզ… Այս խաղին մնայուն պարտեալը մի՛շտ մենք կ՛ըլլանք, այնքան ատեն որ կատարելապէս չենք տիրապետեր մեր մայրենիին:

Մեր ուղեղն ու աչքը որոշ չափով պէտք է «լուսանկարած» ըլլան գէթ ամէնէն գործածական եւ լայնօրէն կիրարկելի բառերուն, մանաւա՛նդ արմատներուն, արտաքին պատկերները, որպէսզի ինքնավստահ կերպով ու առանց վարանումի բառ մը գրել սկսինք «դա»-ով, կամ ընդհակառակն` «թօ»-ով:

Ենթադրենք, թէ պիտի գրենք ԹԵՒ բառը: Թեւ` մարդու մը բազուկը, ուսէն մինչեւ ձեռքին ափը: Կամ` թռչուններու եւ միջատներու թեւերը: Կամ` հագուստի մը թեւերը: Կամ` խաչի մը հորիզոնական երկու թեւերը:

Եթէ «թեւ» բառին ուղղագրութիւնը իւրացուցինք, ապա ինքնաբերաբար ճիշդ ու անսխալ պիտի գրենք այն բոլոր բարդ կամ ածանցաւոր միւս բառերն ալ, որոնք կազմուած են միեւնոյն արմատէն: Ճիշդ պիտի գրենք թեւանցուկ (թեւ-թեւի մտած), թեւազուրկ կամ թեւատ (անթեւ),

թեւաւոր, թեւատարած (թեւերը լայն բացած` տարածած), թեւածել (թեւերը թափահարել` թռչելու համար), թեւակոխել (հասնիլ` մտնել վիճակի մը կամ փուլի մը մէջ) եւ այլն:

Բայց եթէ սայթաքեցանք ու «թեւ»-ը գրեցինք սխալ ուղղագրութեամբ` «դեւ» ձեւով, այն ատեն… սատանան գրկե՛ց մեզ: Որովհետեւ ԴԵՒ կը նշանակէ սատանայ, չար ոգի:

Միշտ ըսած եմ ու հիմա ալ կը կրկնեմ, որ բառերը շնչաւոր էակներ են, եթէ գիտնանք անոնց մօտենալ գուրգուրանքով ու պատասխանատուութեամբ: Բառարանը, որ «չոր» ու անհրապոյր գիրք մը կը նկատուի շատերու կողմէ, անսպասելիօրէն գեղեցիկ հորիզոններ կրնայ բանալ մեր առջեւ ու զարմանահրաշ խորհուրդներ պարզել մեր դիմաց, եթէ երբեմն-երբեմն գլուխ հակենք անոր վրայ, վարպետօրէն քննենք, պեղենք, ստուգաբանենք հոն քնացող բազմահազար բառերուն արմատները, կազմութեան եղանակը, բազմադիմի իմաստները:

Վերը յիշուած սա «դեւ» բառը, օրինակ, անակնկալ մը ապրեցուց ինծի: Ես առ այսօր այն համոզումը գոյացուցեր էի, որ «դեւ»-ը չար ոգին է, սադայէլը, մի՛շտ ժխտական իմաստով:

Բառարանս կը յիշեցնէ սակայն, որ «դեւ»-ը հրեշտակներու կերպարանքով չար կամ բարի ոգին է: Այսինքն անիկա կրնայ ունենալ նաեւ դրական իմաստ: Եւ թերեւս ա՛յս պատճառով է, որ պարսկահայ մեր յայտնի բանաստեղծներէն մին «դեւ» բառը որդեգրած էր իբրեւ իրեն գրչանուն: Բանաստեղծ Դեւ: Բուն անունով` Մարգար Ղարաբէգեան (1901-1976): Իրանահայ քերթողութեան ամէնէն աչքառու անուններէն մին էր Դեւ` Արմանտի, Գալուստ Խանենցի, Արամ Գառօնէի ու Վարանդի կողքին: Ան նաեւ շնորհալի գեղանկարիչ էր: Նկարչական իր գործերը անպայմա՛ն կը տպաւորեն մեզ իրենց յստակ գիծերով ու հարազատ գոյներով: Դեւ, 40-ական թուականներէն սկսեալ, երեսուն տարի տեւաբար, տիրապետող անուն մը մնաց Իրանի մէջ` մեր գրադարաններուն կտակելով չորս քերթողագիրքեր, երկուքը` Թեհրան տպուած, երկուքը` Երեւան:

Կրկնեմ, որ «դեւ» բառը առաւելաբար կը հասկցուի «սատանայ, հեքիաթներու հրէշ, հեթանոսական աստուած» իմաստով: Արդ, եթէ այս արմատ բառին ուղղագրութիւնը իւրացուցինք, ապա անշեղօրէն ճիշդ պիտի գրենք անկէ բխող բոլոր միւս բառերը. դիւային (սատանայական), դիւահար (դեւի մը կողմէ հարուածուած, ցաւագար), դիւահարցութիւն (կախարդութեամբ դեւեր կանչելու արարք), դիւապետ (սատանայապետ) եւ այլն: Այս վերջին բառին պարագային` զգո՜ւշ: Չըլլայ որ «դիւապետ»-ը շփոթէք «դիւանապետ»-ին հետ…

«Դիւանապետ» բառը հիմնովին տարբեր կազմութիւն ունի: Անիկա յառաջ եկած է «դիւան» եւ «պետ» բառերուն միացումով: Դիւանը ոչ հայկական փոխառեալ բառ մըն է, որ գլխաւորաբար կը նշանակէ պետական գրագրութիւններու յատուկ գրասենեակ կամ արխիւատուն (արաբերէն ու պարսկերէն` տիվան): Դիւանապետը այդ գրասենեակի գլխաւոր պաշտօնեան է: Մեր առաջնորդարաններն ու պատրիարքարանները` իբրեւ ազգապետական պաշտօնական հաստատութիւններ, ունին իրենց դիւանապետները: Հաւանաբար այս նոյն արմատէն կու գան «դիւանագէտ» եւ «դիւանագիտութիւն» բառերն ալ, որոնք առատօրէն կը գործածուին քաղաքական լրատուութիւններու մէջ: Թերթի մը Ա. էջին վրայ կը կարդանք. «Ռուսաստան արտաքսեց երեք ամերիկացի դիւանագէտներ` զանոնք լրտեսութեամբ ամբաստանելէ ետք»: Կամ` «Արտաքին գործոց նախարարը ի գործ դրաւ իր ամբողջ դիւանագիտութիւնը` պայթուցիկ կացութիւնը մեղմացնելու համար»:

Դեռ «դիւան»-ը ունի ուրիշ նշանակութիւններ ալ.

ա) Պատմական երկասիրութիւններու ժողովածու: Շատ նշանաւոր է թիֆլիսեցի ազգագրագէտ ու խմբագիր Գիւտ քհնյ. Աղանեանցի «Դիւան հայոց պատմութեան» շարքը, որ հրատարակուեցաւ 1893-1917, տասներեք ծաւալուն հատորներով:

բ) Վարչական մարմինի մը կամ ժողովի մը նախագահութիւնը` ատենապետ ու ատենադպիր: Կ՛ըսենք` «Դպրոցի հոգաբարձութիւնը կազմեց իր նոր դիւանը: Ատենապետ ընտրուեցաւ պր. այսինչեան…»:

* * *

Տանք համանման ուրիշ օրինակ մը եւս` ԴԵՐ:

Արմատ բառ մըն է այս ալ, որ առաջին հերթին կը նշանակէ «դերակատարութիւն»:

Եթէ այս փոքրիկ բառին ուղղագրութիւնը իւրացուցիք, այնուհետեւ անվարան ճիշդ պիտի գրէք բոլոր այն բառերը, որոնք կ՛առնչուին բեմական արուեստին կամ թատրոնի աշխարհին. դերասան, դերակատար, դերաբաշխում, դերուսոյց, դերընկեր:

Պէտք է անդրադառնանք նաեւ, որ «դեր»-ը կարգ մը բառերու սկիզբը դրուելով` կու տայ «փոխարէն»-ի կամ «փոխանակ»-ի իմաստ: Օրինակ` դերանուն, դերբայ, դերտնօրէն, դերհիւպատոս: Եթէ հայկական նախակրթարան մը աւարտեր էք, ապա վստահ կրնամ ըլլալ, որ գիտէք հայերէնի անձնական դերանունները (ես, զիս, իմ, ինծի, ինձմէ, ինձմով…): Սակայն գիտէ՞ք արդեօք «դերբայ»-ն ալ:

Դերբայ կը կոչենք անորոշ եղանակի (անդէմ) բայերը: Օրինակ` կարդալ, կարդալիք, կարդալու, կարդացած, կարդացող: Տանք օրինակներ. «Կարդալիք գիրքս նոր է»: «Կարդալը հաճոյք կը պատճառէ ինծի»: Ընդգծուած բառերը դերբայներ են:

Երբեմն ալ, փոխաբերական իմաստով, «դեր»-ը կը նշանակէ «ներգործութիւն, ազդեցութիւն»: Կ՛ըսենք. «Սպառնալիքները վճռական դեր խաղցան, որպէսզի ան խոստովանի իր յանցանքը»:

Հիմա «դեր»-ը գրեցէ՛ք «թ»-ով: ԹԵՐ:

Ի՞նչ է այս: Անպայման լսած էք «թեր ու դէմ կարծիքներ» ասութիւնը: «Թեր» կը նշանակէ «ի նպաստ, կողմ, յօգուտ»: Թաղապետական կամ նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին քաղաքացին իր քուէն կը գործածէ թեկնածուներէն մէկուն ԴԷՄ կամ ԹԵՐ:

Սա «թեր» բառին պոչին «ի» մը աւելցնելով` կազմած կ՛ըլլանք նոր բառ մը` ԹԵՐԻ:

Թերի` կիսաւարտ, պակասաւոր, անկատար:

Այս արմատով ալ կրնանք կազմել մեծաթիւ բառեր. թերակղզի, թերաւարտ, թերածնունդ, թերաճ, թերուս, թերահաւատ, թերավարժ, թերանալ, թերագնահատել եւ այլն:

Ու քանի որ «թերի» բառը գործածեցինք, առիթը յարմար կը սեպեմ ոգեկոչելու մեր մայրենի լեզուին անմնացորդ նուիրեալներէն մէկը` եգիպտահայ հայկաբան եւ «Յուսաբեր»-ի երբեմնի խմբագիր Բենիամին Թաշեանը (1896-1971): Ան ամէն օր սիրտ կը մաշեցնէր` յօդուածներու ճամբով ուղղումներ եւ պարզաբանումներ կատարելով հոս-հոն տեսնուող սխալագրութիւններու վերաբերեալ (ճիշդ այնպէս` ինչպէս կ՛ընէ բժ. Արմենակ Եղիայեան ներկայիս): Իր այդ գրութիւնները 1968-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսան առանձին հատորով` «Թիւրն ու թերին» խորագրով:

Ահա՛ բառ մը եւս` ԹԻՒՐ, որ կը նշանակէ սխալ, ծուռ, իսկական ուղղութենէն շեղած: «Թիւր կարծիք յայտնեց»: «Թիւր մեկնաբանութիւն կատարեց»: Հոսկէ ալ ծագում կ՛առնէ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ բառը, որ շատ գործածական է ու կը նշանակէ «սխալ հասկնալ կամ սխալ հասկցուիլ»:

Տեսա՞ք, թէ բառերը որքա՜ն հեռուները կը տանին մեզ ու որքա՛ն կը լայնցնեն մեր իմացական հորիզոնը:

* * *

Հիմա ալ, եկէ՛ք, օրէնքներ փնտռենք մեր քերականութեան մէջ` բառամէջի կամ բառավերջի «դ» եւ «թ» գիրերու ուղղագրութիւնը դիւրացնելու համար:

ա) «Ն» գիրէն ետք «Դ» դնել, օրինակ` սնունդ, անդաստան, անդրանիկ, հանդէս, թնդանօթ, վանդակ, խնդալ, քանդիչ, տաղանդ, ընդհանուր, ընդօրինակել, յանդգնիլ: Բացառութիւն են` ընթրիք, ընթացք, խենթ, ընթերցել, շանթ, կանթեղ, ենթակայ, ենթարկել:

բ) «Ր» գիրէն ետք «Դ» դնել, օրինակ` մարդ, սարդ, արդուկ, բերդ, ջարդ, Վարդան, երդում, թակարդ, կարդալ, արձակուրդ, ժողովուրդ, աճուրդ, ճամբորդ, յաճախորդ, որսորդ, երկրորդ եւ այլն: Բացառութիւն են` արթննալ, երթալ, թերթ, կիրթ, հորթ, խրթին, փարթամ եւ քանի մը ուրիշներ:

գ) «Զ» գիրէն ետք «Դ» դնել, օրինակ` ազդակ, մահազդ, կազդուրուիլ, Արտաւազդ:

դ) «Ղ» ու «Յ» գիրերէն ետք «Թ» դնել, օրինակ` խայթել, մայթ, փոյթ, ճառագայթ, հասոյթ, գաղթել, թուղթ, շղթայ, մաղթանք, յաղթել: Բացառութիւն են` այդ եւ խեղդել:

Կը մնայ մաղթել, որ դո՛ւք ալ յաղթահարէք ձեր դիմաց ցցուած ուղղագրական դժուարութիւնները ու… չխեղդուիք անոնց յորձանքին տակ:

Հալէպ

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/462484

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail