Երջանկութիւն է բեկոր մը ճառագայթ ըլլալ խաւարին մէջ մոլորեալին

ԱԿՆԹԱՐԹՆԵՐ
ԱԿՆԹԱՐԹՆԵՐ
Երջանկութիւն է բեկոր մը ճառագայթ ըլլալ խաւարին մէջ մոլորեալին….պճեղ մը անուշ սիրտ՝ տառապեալին….յոյս սփոփարար՝ անմխիթար մորմոքողին….զօրավիգ ու զօրակից՝ մենաւորին….հոգեմտաւոր սնունդ ու մանանա՝ ոգիի սովէն տոչորուողին….Երջանկութիւնը միշտ ալ անանձնական է, եթէ նկատի չունենանք այն խորունկ հոգեկան գոհունակութիւնը, զոր կը խորապրի զայն պարգեւողը….
……..
Առօրեայ մանր, գձուձ հարցերը կ’անհետին երբ աշխարհը կ’ընկալեմ համապարփակ հայեացքով….ուր վերջինները փոքրիկ հիւլէ մը անգամ չեն տիեզերական ամբողջութեան մէջ…Իսկ այդ մանրուքները որքան կը սպառեն մեր ներուժը, ամպի ծուէններ կը ստեղծեն մեր ներաշխարհէն ներս, մեր հոգիի մաքուր երկինքը կը մշուշապատեն յաճախ…Բայց երբ վեր կը բարձրանամ այդ մանրուքներէն եւ կ’ընկալեմ համայնը, հոգիս կ’ընդլայնի, կ’ընդարձակուի եւ կարծես կը նոյնանայ տիեզերքին հետ….Մշուշը կը փարատի լայնահորիզոն տեսադաշտիս վրայ….
……..
Կեանքի փորձութիւններն ու տագնապներն են որոնք կը դառնան խթան ու մղիչ ոյժ ստեղծագործական աշխատանքի, արարման….Հանգիստ ու խաղաղ կեանքը մտքի եւ ոգիի լճացման կ’առաջնորդէ ընդհանրապէս….իսկ մարդ էակը ստեղծուած է արարման համար, նոր իմաստ գտնելու իր գոյութեանը այս աշխարհիս վրայ, նոր շունչ ու որակ փոխանցելու մարդկային կեանքին….
……..
Փայլուն եւ գունազարդ փետուրներով զարդարուիլը յատուկ է մասնաւորապէս այն մարդկանց, որոնց ներաշխարհը շատ է դատարկ….Արտաքինը այդպէս զարդարելով, անոնք կը կարծեն թէ ցուցամոլութեամբ կարելի պիտի ըլլայ պարտկել, ծածկել, սքօղել հոգիի եւ մտքի դատարկութիւնը, որ սակայն կ’աղաղակէ այդ փետուրներուն տակէն, առաւել շեշտելով դուրսի եւ ներսի ահաւոր հակադրութիւնը…
……..
Բառե՞րն ալ կը հիննան, կը ծերանան, կը ժանգոտին, երբ կը գործածուին տեղի-անտեղի, անհամ ու անբոյր, անիմաստ ու անյոյզ, գռեհկօրէն տափակ ու ճապաղ….կը պարպուին այն շունչէն, հեւքէն, ներքին կրակէն, որոնք ճշմարիտ ապրում մը կը փոխանցեն, գաղափար մը կը փոխադրեն միտքէ-միտք, զգայնութիւն մը կը հաղորդեն սիրտէ-սիրտ, յոյզով կը թրթռացնեն ջիղերը….որոնք բաբախուն կեանքով կ’օժտեն այլապէս բառարանին մէջ մրափող բառը, որ կը ծերանայ, դանդաղօրէն կը մեռնի ալ, եթէ չկայ անոր կենսատրոփ շունչ հաղորդող ոգիի կայծը….
……..
Բանը եւ բառը….Մարդ էակին գերագոյն արժանաւորութիւնն է գուցէ իր մաքառումն ու պայքարը յաւիտենական բառ ու բանին հետ…իր մտածումը, խոհն ու յոյզը բառերու վերածելու հոգեպարար աշխատանքը..: Միտքը մեր մէջ բանտուած պիտի մնար առանց խօսքի, որ խոհ-ապրումին կու տայ բառերու հանդերձանքը…: Եւ ի՛նչ ներքին ուրախութիւն ու բերկրանք է, երբ միտքն ու յոյզը կը գտնեն իրենց ճիշդ բառային զգեստաւորումը….: Կեանքիս ամէնէն լուսաթաթախ պահերը ապրած եմ, երբ կրցեր եմ Բանը եւ Բառը իրարու ներդաշնակ տարազումով յղանալ, արարել…: Բանն ու Բառը հոգեմտաւոր հաց են, որոնց պիտի մօտենալ խորունկ յարգանքով, երկիւղածօրէն….
……..
Եթէ որեւէ արուեստ չկարենայ թափանցել մարդկային սիրտը, չկարենայ բաժնել մարդուն տագնապը, ցաւը, ողբերգութիւնը, եթէ չկարենայ դառնալ հարազատ հայելին՝ մարդուն ներքին տուայտանքներուն, ապրումներուն, ներքին փոթորիկին, ալեկոծումներուն….յայնժամ այդ արուեստը լոկ ձեւական, ցուցադրական արուեստ է, որ ոչ մէկ լուրջ աղերս ունի մարդկային հոգիին խորախորհուրդ էութեան հետ….Նման արուեստը՝ երգ, երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն, գրականութիւն, նկարչութիւն….չի կրնար իսկապէս դպչիլ սրտիդ, անանուն խռովքներ արթնցնել մէջդ, ճշմարտօրէն յուզել քեզ….Ճշմարիտ արուեստը կը մարդկայնացնէ, կ’ազնուացնէ քեզ….Մնացեալը show-business է եւ ուրիշ ոչինչ….
……..
Անոնք որոնք ապրած են Հայաստանի սահմաններէն ներս, պիտի չճանչնան երբեք՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկաներու….մէջ ապրող տարագիր հայուն կարօտը, խռովքը, դիւթանքը, խորախորհուրդ զգացումը, երբ Հայաստան բառը հնչէ իրենց ունկերուն….ՀԱՅԱՍՏԱՆ…երազ էր անհասանելի, զերթ կապոյտ թռչուն…Հիմա ալ, անկախ բոլոր հանգամանքներէ, Հայաստանի իրականութիւնը աղբիւր է հայօրէն ապրելու, հայօրէն յարատեւելու մեր ճիգերուն, հաւատքին, տեսլականին….Առանց անոր քարեղէն, շօշափելի իրականութեան, թափուր է հայ կեանքը, անիմաստ ու աննպատակ, նոյնիսկ եթէ դրախտային թուի ըլլալ ամէն ինչ….
……..

Տարագիր սփիւռքահայ մարդ ըլլալը ծանր ճակատագիր է….Հայրենիքէն հեռու, ան կ’ապրի անոր անմար կարօտով, հայրենիքէն ներս, ան օտարի աչքով կը դիտուի իր հայրենակիցներուն կողմէ….եւ ներքին վիրաւորանք ու ցաւ կ’ապրի լռելեայն….Ո՞ւր է, վերջապէս, իր բուն տեղը այս արեւին տակ….Դուրսը՞՝ օտար ափերուն վրայ, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստա՞նի մէջ, որմէ վտարանդի է եղած…թէ՞ ներկայ ՀՀ-ի մէջ, ուր ան կիսա-օտար գոյութիւն մըն է, լաւագոյն պարագային՝ «աղբար» մը, այս բառին թելադրած ամէնէն տարբեր ենթա-իմաստներով….Երկփեղկուած, բազմափեղկուած ինքնութեան տագնապը անոր ո՞վ կրնայ հասկնալ…
……..
Կողոպուտի մշակոյթ….Սա է որ կը տիրապետէ ներկայիս սպառողական համատարած հասարակութեան բարքերուն մէջ…Սա կարելի է նաեւ կոչել՝ «Մարդը մարդուն՝ գայլ»….Այնքան կատարելագործուած է կողոպուտի այս մշակոյթը, յետին մանրամասնութիւններով մշակուած ու ծրագրուած, որ պետութիւններ, կառոյցներ, կազմակերպութիւններ՝ ա՛յս կամ ա՛յն ձեւով կը բանին այդ հիմքին վրայ….Կողոպուտի կամ թալանի այս մշակոյթը տիրական է նաեւ մեր երկրին մէջ դժբախտաբար….
……..
Անկեղծութիւնը կը զգաստացնէ, երբեմն կը վիրաւորէ, բայց անպայմանօրէն բան մը կը փոխէ մեր զրուցակցին մէջ, անդրադարձ մը կը թողու, մտածել տուող անդրադարձ մը, որ թերեւս մաքրէ հոգին կուտակուած ժանգէն, միտքն ալ՝ կուտակուած նախապաշարումներէն եւ քարացած կարծրատիպերէն….Անկեղծ խօսքը գիտակցութեան խթան է…
……..
ԲԱՐԻՆ տկար էակը չէ երբե՛ք….այլ՝ այն ուժեղ ձեռքը, որ թեւ ու թիկունք կ’ըլլայ տկարին ու անկարին….ամուր այն հոգին է ա՛ն, որ կը գօտեպնդէ, յոյս կու տայ անյոյսին, ոգի կը ներշնչէ…լուսաւոր ա՛յն անձն է, որ կը բարձրացնէ, կը վեհացնէ անկեալը…Բարին դրական ոյժ է, ոգի, սէր ու գորով, որով օժտեալ կ’ըլլան ճշմարտօրէն ուժեղները, մինչ չարը միշտ ալ տկար է, ոգեզուրկ եւ հոգեզուրկ, որ ուրիշը կոխկռտելուն մէջ միայն կը կարծէ գտնել իր ոյժը….
……..
Յատուկ ճիգ կը պահանջէ յաղթահարելու համար դուն քեզ, եւ անազնուութեան դիմաց շարունակել ազնիւ ըլլալ….անարդարութեան դէմ՝ արդար ու իրաւ, ստորնութեան դէմ՝ վեհոգի ու վեհսիրտ….Այդ կը պահանջէ սակայն արժանապատուութիւնդ, ներքին բարոյական ազատութիւնդ….Սա չէ՞ վերջապէս բուն ազատութիւնը, երբ վերջինը չի պայմանաւորուիր այլոց վերաբերմունքով, վարուելակերպով…: Կրնա՞յ մարդ էակը ազատ ըլլալ, եթէ անիրաւութեան պատասխանէ անիրաւութեամբ, անկրթութեան՝ անկրթութեամբ, վատութեան՝ վատութեամբ…Ինքզինք ըլլալ անպայմանականօրէն….Սա է, ըստ իս, իրաւ ազատութիւնը….
……..
Խոնարհութեամբ կը բարձրանաս, խոնարհութեամբ կրնաս սորվիլ, ուղղել սխալներդ, իմաստնանալ, խոնարհութեամբ կրնաս սրտակցիլ, հոգեկցիլ, կիսել այլոց ցաւերը, խոնարհութեամբ կրնաս զգալ ու հասկնալ ընկերդ, ծանօթդ, նոյնիսկ օտարականը….Խոնարհութեամբ կրնաս մարդ մնալ….

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ-ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ-ՆՈՅԵՄԲԵՐ
2015

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (52) Նոյեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail