Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է օրինագիծ մը, որ կ՛աջակցի Չինաստանի ույղուրներուն, որոնց իրաւունքները, ամերիկեան իշխանութիւններուն համոզումով, կը խախտուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով քուէարկութեան արդիւնքը:

Օրէնք դառնալու համար օրինագիծը պէտք է որդեգրէ նաեւ Ծերակոյտը եւ ստորագրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ. այս հոլովոյթներուն հեռանկարները առայժմ յստակ չեն:

Օրինագիծը որդեգրուած է գրեթէ միաձայնութեամբ` Ներկայացուցիչներու տան 407 անդամներ փաստաթուղթին թեր քուէարկած են, եւ միայն մէկը դէմ արտայայտուած է:

Փաստաթուղթով պատժամիջոցներ կը նախատեսուին այն չին պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն համոզումով, Սինցզեան-ույղուրական ինքնավար շրջանին մէջ կը խախտեն մարդու իրաւունքները:

Նախապէս ընդունուած եւ արդէն իսկ ուժի մէջ մտած «Հոնկ Քոնկի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան մասին» օրէնքը կրնայ սրել Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները, ինչպէս նաեւ ազդել երկու երկիրներուն միջեւ վարուող առեւտրական բանակցութիւններուն վրայ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց օրինագիծին որդեգրումը եւ Ներկայացուցիչներու տան կոչ ուղղեց` «սրբագրելու իր սխալը եւ չինական ներքին հարցերուն չմիջամտելու»` աւելցնելով. «Չինաստան պիտի հակադարձէ ըստ կացութեան զարգացման»:

aztagdaily.com/archives/456074

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail