ԱՄՆ Ծերակոյտը Հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը
12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏ:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քիչ առաջ միաձայն քուէարկութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող` ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։
Ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը վեթօ չդրաւ այս անգամ փաստաթուղթի քուէարկութեան վրայ: Վերջին ամիսներուն 3 անգամ հանրապետական տարբեր ծերակուտականներ` Քեւին Քրամըրը, Տէյվիտ Փերտիւն, Լինսի Կրահամը, արգելափակած ու չէին ձգած, որ բանաձեւը ընդգրկուի Ծերակոյտի օրակարգին մէջ:
Հետաքրքրական է, որ 3 ծերակուտականներն ալ սկզբունքօրէն դէմ չեն արտայայտուած բանաձեւի ընդունման, սակայն նշած են, որ այժմ ատոր ժամանակը չէ: Անցնող ամիսներուն, բանաձեւին կողմ արտայայտուելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ համաամերիկեան աշխատանք ծաւալած էր ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Բոլոր ծերակուտականները անոնց կազմակերպմամբ եղած են հայ ընտրողներու ուշադրութեան առարկան:
Ի դէպ, մինչ քուէարկութիւնը, գրեթէ մէկ ժամ առաջ Քիմ Քարտաշեանն ալ արձագանգած է Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին, եւ իր Instagram-ի էջին, շուրջ 135 միլիոն հետեւորդներուն կոչ ըրած է զանգահարելու ծերակուտականներու գրասենեակ եւ պահանջելու կողմ ըլլալ ներկայացուած բանաձեւին:
Յիշեցնենք, որ այս բանաձեւէն անկախ, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ փաստաթուղթ ընդունած էր նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը:
yerakouyn.com/2019/12/12/ամն-ծերակոյտը-հաստատեց-հայոց-ցեղասպա/