Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱԿ ՍԷՐ Է

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱԿ ՍԷՐ Է

Նամակ երկրէն – Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

Րաֆֆի Տուտագլեան

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱԿ ՍԷՐ Է

Երկու շաբաթ տեւած հիւսիս-ամերիկեան շրջապտոյտէ ետք տուն վերադարձած եմ արդէն: Հայաստան եմ, Երեւան, Վերին Անտառային փողոց, ընտանիքիս հետ:

Տունէդ երկարատեւ բացակայութեան ընթացքին է որ կը հասկնաս “home, sweet home”-ի իմաստը: Տուն, քա՜ղցր տուն, Հայաստա՛ն:
Լոս Անճելըս եղած ժամանակ, ընկերներուս ցանկութիւն յայտնեցի «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ի աշխատանքներուն համար գարնան հանգանակութիւն մը կազմակերպել: Դիմեցի մի քանի մօտիկներու եւ անմիջապէս դրական պատասխան ստացայ բոլորէն անխտիր: Յայտնի իրաւաբան, հասարակական գործիչ, ընկերս՝ Կարո Ղազարեանը առանց մտմտալու ըսաւ. «տանս մէջ, գարնան»:

Տարի մը առաջ նոյնը ըսած էր եւ ըրած, իր տան մէջ, 2018-ի գարնան:

Թորոնթօ եւ Նիւ Եորք հանդիպումներ ունեցայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր ու քաղաքացիական դէմքերու հետ: Բոլորին մտքին, սրտին ու խօսքին մէջ մէկ նիւթ կար՝ Հայաստան: Բոլորը լեցուն էին յոյսով, սիրով, մտահոգութեամբ, գուրգուրանքով:

Ինծի համար չափազանց հուզիչ էր տեսնել, որ մեր հիմնադրամի ամերիկահայ եւ անգլիահայ անդամները, ծնած ու մեծցած արեւմուտքի մէջ, կրթութիւն ստացած այնտեղի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ, յամառօրէն տքնաջան աշխատած, վաստակ շահած ու բոլորէն յարգանքի արժանացած երկրորդ-երրորդ սերունդի սփիւռքահայեր, որոնք նոյնիսկ բախտը չէին ունեցած մայրենին սորվելու եւ հասկնալու, ի՜նչ լրջութեամբ, խոհեմութեամբ ու անսահման հաւատքով կը լսէին ազատագրուած տարածքներու վրայ մեր ծրագիրներուն մասին, ի՜նչ խորը վերլուծումներով կը քննարկէին մեր անցած տարին ու ի՜նչ վճռականութեամբ կը մշակէին բնակեցման ու զարգացման յառաջիկայ ծրագիրները:

Ինծի համար ոգեւորիչ էր տեսնել, թէ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ սերունդի ամերիկահայեր, ինչ խանդավառութեամբ հիւրասիրութիւններ կը կազմակերպէին Պոսթոնի մէջ, գումարներ կը նուիրէին՝ ազատագրուած Քաշաթաղի դպրոցներէն մէկը նորոգելու համար:

Հիմա արդէն Հայաստան եմ: Տուն, քա՛ղցր տուն: Գործի առաջին օրն իսկ հանդիպումներու եմ: Հիւրեր այցելութեան եկած են, արտասահմանէն: Կը հանդիպինք ու կը զրուցենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող եւ չունեցող փոփոխութիւններու մասին: Կը խօսինք Արցախի մեր ծրագիրներուն մասին, կը զրուցենք երբեմն յաջող, երբեմն ոչ-այդքան արդիւնաւէտ գործերու մասին:

Պատրաստակամութիւն կը յայտնեն օժանդակելու ազատագրուած տարածքներուն, մասնաւորաբար Քաշաթաղի բնակեցման ու զարգացման:

Հեռու, օտար քաղաքներէն կը հետեւին լուրերուն եւ տեղեակ են բոլոր իրադարձութիւններէն: Լաւատես են, յոյսով լեցուած են, Հայաստանի մնացեալ 70 տոկոս բնակչութեան նման: Յոյսով են եւ աջակցելու իրենց արարքով՝ յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն:

Այո, հաճելի է տուն վերադառնալը: Տունը՝ սէր է, մաքուր սէր, անկաշառ սէր, անբացատրելի սէր, ինչպէս՝ Հայաստանը…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail