ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Հայրիկ նորէն կարիքդ ունիմ – Ինձ խօսիր Հայ դատի գրասենեակի մասին եւ բացատրէ թէ ինչ՞ դերակատարութիւն ունի այդ գրասենեակը
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ:
Հայրիկ նորէն կարիքդ ունիմ ;
Ինձ խօսիր Հայ դատի գրասենեակի մասին եւ բացատրէ թէ ինչ՞ դերակատարութիւն ունի այդ գրասենեակը տարբեր երկիրներու մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման հետ․
Ինչու՞ կուզես այդ իմանալ տղաս․
Թէ՝, տարբեր դասատուներ տարբեր վերլուծութիւններ կընեն եւ ամէն մէկը կը բացատրէ իր հասկցած ձեւով սակայն այնքան իրար հակասական են որ ոչ մէկուն չեմ կրնար հաւատալ․
Օրինակ ինչ՞ կըսեն
Կըսեն թէ այդ պետութիւնները որոնք կը ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը հայի սեւ աչքերու համար չէ այլ իրենց սեփական շահի համար եւ հայ դատի գրասենեակները ոչ մէկ ազդեցութիւն չունին այդտեղ հիմա սա իրականութիւն՞ է կամ ոչ Հայրիկ․
Կէսը իրականութիւն է իսկ միւս կէսը ոչ;
Թող որ քեզ կը բացատրեմ օրինակով;
Բնականաբար Հայերու սեւ աչքերու համար չէ որ կընդունին, այդ արդէն գաղտնիք չէ որ ամէն պետութիւն կընդունի կամ չի ընդունիր իր երկրի սեփական շահը ամէն ինչէ վեր դասելով, եթէ նոյնիսկ 100 տոկոսով գիտեն որ կատարուածը ցեղասպանութիւն է բայց իրենց երկրի գերագոյն շահերուն չի համընկնիր այդ եւ հազար ու մի պատճառաբանութիւնով կը մերժէն բանաձեւեր․
Բայց այն որ Հայ դատի գրասենեակներ ոչ մէկ ազդեցութիւն չունին 100 տոկոսով սխալ կարծիք է եւ տգէտի վերլուծութիւն, բացատրեմ այսպէս;
Եթէ դուն կը ցանէս ծառ մը բնական է որ այդ ծառին պիտի տէրութիւն ընես որպէսզի երբ պտուղը հասնի քաղես զայն;
Հայ դատի գրասենեակները աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ ստեղծուած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ որոնց առաջին ցանած հունտը 1945 թուականին էր Սան ֆրանսիսքոյի մէջ եւ այդ օրուանից սկսեալ ամէն Աստծոյ օր արդուն պահակներ այդ հունտը կը ջրէին եւ կը խնամէին որպէսզի ստանային արդիւնքը, ամէն օր, ամէն պատեհ առիթի պահակ տղաք կսպասէին որ երբ հասուննայ պտուղը գաղէն զայն այլապէս եթէ մօտիկ չես ծառին պտուղը քեզ բաժին չի հասնիր․․․
Ու ահա այսօրուայ քաղաքական պայմանները նոյնինք թուրքիան իր կատարած ահաբեկչական երեւոյթներով տարբեր երկիրներու նկատմամբ, սատարելով ծայրայեղական իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումները առիթ տուաւ որպէսզի միջազգային ընտանիքը ոչ հաշտ աչքով վերաբերուի թուրքիոյ նկատմամբ եւ ահա այս պատեհ առիթը բաց չթողնուեցաւ Հայ դատի գրասենեակներու կողմէ եւ անոնց տքնաջան աշխատանքը տուաւ իր արդիւնքը, այո բանաձեւը ընդունուեցաւ ոչ թէ հայու սիրոյն կամ հայերու իրաւունքները պաշտպանելու համար այլ իրենց սեփական շահը այդպէս կը թելադրէր իսկ եթէ հայ դատի գրասենեակները արթուն պահակութիւն չընէին առիթը չէին նկատէր եւ մենք պտուղը չէինք կրնար քաղել,
Հասկցար՞ տղաս․
Այդ բաժինը հասկցայ կը մնայ միւսը, օրինակ Հայաստանի հանրապետութեան դիւանագիտական բաժինը եթէ կատարէ՝ այսպիսի Ազգային գործունէութիւն ապա այդ իրենց պարտականութիւնն է եւ այդ աշխատանքի համար անոնք աշխատավարձ կստանան բայց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատողներու մեծամասնութիւնը կամաւորներ էն եւ իրենց սուղ ժամանակէն կը յատկացնեն Հայ դատի աշխատագին․
Այո տղաս դուն շատ ճիշդ ես նկատած, վերադառնանք անցեալին եւ տեսնենք մեր ֆետայիները, Սեբաստացի Մուրատէն, Սերոբ աղբիւրէն Գէորգ Չաւուշէն հասնինք Նեմեսիսի գործողութեան մարտիկներուն Թէհլիրեանէն, Երկանեանէն, Շիրակեանէն, հասնինք մերօրեայ զինեալ պայքարի տղոց, մութ մայթերու վրայ կահաբեկեն թուրք դիւանագէտներ, բանտ, զրկանք, տանջանք, անցնինք Լիզպոնի մէջ 5 անձնազոհներու կատարած նախադէպը չունեցող անձնասպանական գործողութիւնէն, անցնինք Ընկեր Սերժ Թովմասեանի երեւոյթէն եւ պիտի տեսնես որ անոնք բոլորը Կամաւոր մարտիկներ են, անոնք ոչ աշխատավարձ ստացան ոչ փառք եւ ոչ ալ անուն, թէեւ անոնց փառքով ուրիշ խլէզներ փայլեցան, Անոնք Հայոց մարտիկներ էին տղաս իսկ Հայ դատի գրասենեակի աշխատողները որոնք կը սնուին այդ մարտիկներու արիւնով իրենք եւս Հայ դատի մարտիկներ են․․․
Ստացար՞ պատասխանդ տղաս
Ի հարկէ այսքան պարզ բացատրութիւնէ յետոյ հասկցայ եւ ըսեմ աւելին, վաղը նաեւ կը բացատրեմ իմ դասատուներուս թէ Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքը արդիւնաւէտ աշխատանք է․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի