ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Էրտողանի Կողմնակիցները Կը Սպառնան Նոր Ցեղասպանութիւն Գործել Հայերու Դէմ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Էրտողանի Կողմնակիցները Կը Սպառնան Նոր Ցեղասպանութիւն Գործել Հայերու Դէմ

17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Պոլսոյ Փաստաբաններու միութեան անդամ խումբ մը ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններ յօդուած մը հրապարակած են նոյեմբեր 2019-ի իրենց տեղեկագիրին մէջ` սպառնալով անգամ մը եւս «տեղահանել» բոլոր հայերը Թուրքիայէն: Յօդուածի հեղինակ Մուսթաֆա Չալիք կը գրէ, որ «տեղահանութիւնը» կ՛ըլլայ «ամէնէն մեղմ գործողութիւնը» հայերու դէմ: Քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հեղինակը զայն կը յիշատակէ իբրեւ «տեղահանութիւն»: Յօդուածին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ «յաղթապսակ»:

Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով` Չալիք կ՛օրհնէ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր չարագործներու յիշատակը` մեծ նահատակ Թալէաթ փաշային, Էնվեր փաշային եւ Պեհաէտտին Շաքիրին` ըսելով, որ` «Մենք կը խոնարհինք բոլոր միութենականներու [երիտթուրքերու] սուրբ յիշատակին առջեւ եւ կը համբուրենք անոնց օրհնուած ձեռքերը… Կը մաղթենք Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ յաւերժական երանութիւն դրախտի բոլոր անանուն [թուրք] նահատակներուն, որոնք զրկուեցան կեանքէն հայկական կոտորածներու ընթացքին»:

Այնուհետեւ Չալիք կը գրէ, որ` «Եթէ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէն [երիտթուրքերու] «յանցագործութիւն» կատարած է, ապա անոնց միակ «յանցագործութիւնը» Պալքաններու մէջ մեզ պատուհասած աղէտին կրկնութեան կանխումը եղած էր արեւելեան Անատոլիայի մէջ»:

Յօդուածագիրը հաստատած է, որ` «Մենք կ՛աջակցինք 1915-ի հայերու տեղահանութեան: Անոնք, որոնք տեղահանութիւնը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն, պատերազմի յայտարարութիւն կ՛ընեն: Հայերուն եւ միւսներուն, որոնք այս եղածը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն, կը սպառնայ նոր տեղահանութիւն մը, որ ամէնէն մեղմ միջոցը պիտի ըլլայ անոնց դէմ»:

«Մեր նախնիները Համաշխարհային Ա. պատերազմի մէջ մտան իրենց սուրբ հայրենիքը եւ պատիւը պաշտպանելու համար: Այդ մէկը մեր պատիւն ու գլխապսակն է բոլոր մարտերու մէջ` Սարիղամիշէն մինչեւ Չանաքքալէ եւ հայերու տեղահանութենէն ետք մինչեւ անկախութեան պատերազմ: Մենք յաւերժական հպարտութեամբ պիտի կրենք այս թագը», կը գրէ Չալիք:

Չալիք կը շարունակէ. «Եթէ մենք կ՛ընդունինք, որ մեր հայրենիքն ու ազգային գոյութիւնը պաշտպանելու ուրիշ ճամբայ չկայ, ով ալ ըլլանք, ամէնէն փոքր գոհունակութիւնը, զոր մեզի պիտի տայ, նոր տեղահանութիւնն է»:

Իր գիրքին` «Հայոց ցեղասպանութեան պահանջները» նախաբանին մէջ Չալիք 1915-ի Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայերու պահանջները կը նկարագրէ իբրեւ «լալկան գրականութիւն…: Խոր արմատներով մեծ ազգերը չեն կրնար լալ եւ տրտնջալ: Անոնք խղճահարութիւնը եւ իրենց նկատմամբ խղճահարութեան ձգտումը կը նկատեն նուաստացուցիչ: Այդ իսկ պատճառով «ողբացող եւ լալկան գրականութիւնը» կա՛մ չէ զարգացած, կա՛մ ալ անհետացած է: Ասիկա լուրջ հարցերէն մէկն է: Ժամանակ առ ժամանակ, մենք նոյնպէս, ազդուած հայկական ողբացող հարուստ գրականութենէն, անտեղիօրէն կը մեղադրենք մենք մեզ այն բանին համար, որ չենք հրատարակեր անոնց չափ: Իրականութեան մէջ, մենք չենք կրնար մրցիլ անոնց հետ, եթէ նոյնիսկ ուզենք: Մենք ունինք այնպիսի հսկայական «սգացող գրականութիւն», որ ոչ միայն կ՛առնչուի հայկական վայրագութիւններուն, այլեւ` այլ աղէտներու, որոնք մեզի կապուած են: Փաստօրէն կ՛ըսուի, որ թուրքերու ցուցաբերած լռութիւնը դաշնակներու քարոզչութեան դէմ, որ տասնամեակներ շարունակ իրականացուած է ամբողջական թափով, գնահատուած է իբրեւ զրպարտութեան յանցագործութիւն եւ Ցեղասպանութեան «ժխտողականութիւն»»:

Չալիքի յօդուածէն բացի` ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններու տեղեկագրին մէջ կայ յօդուած մը եւս, որ գրուած է Ֆարուք Ուլքերի կողմէ` «1915-ի իրադարձութիւնները եւ հայկական վայրագութիւնները» վերնագիրով:

Ուլքեր կը գրէ, որ` «Հայկական հարցը եւ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջը կը շարունակեն մնալ մեր ժողովուրդին ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն մէկը վերջին հարիւրամեակի ընթացքին»: Ան ցեղասպանութիւնը կ՛անուանէ «ինքնապաշտպանութիւն»: Յօդուածը կը մէջբերէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Եուսուֆ Հալաճօղլուի յայտարարութիւնը. «Տեղահանութիւններու ժամանակ մահացած 300 հազար հայերը իրենց կեանքէն զրկուած են Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցած հիւանդութիւններու պատճառով»:

Կարծես թէ ժխտողական կեղծիքները բաւարար չէին, թրքական «Տէյլի Սապահ» թերթն ալ 8 դեկտեմբեր 2019-ին յօդուած մը հրապարակեց` «Թուրքիան պէտք է աշխուժացնէ ջանքերը` զրպարտութեան քարոզչութեան պայքարի մէջ» խորագիրով:

Թուրքիոյ կառավարութեան հաղորդակցութիւններու վարչութիւնը ստեղծած է 1915.gov.tr կայքը` տեղադրելով նիւթեր, որոնք կը հերքեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը: «Տէյլի Սապահ» կը յայտարարէ, որ «Թուրքիա դէմ է 1915-ի միջադէպերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» ներկայացնելուն, զանոնք աւելի շատ կը համարէ ողբերգութիւն, որուն պատճառով թէ՛ թուրքերը, թէ՛ հայերը կորուստներ ունեցած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի թոհուբոհին մէջ… «Այս կայքը միջազգային ասպարէզի մէջ բոլոր կարելի միջոցներով կ՛արձագանգէ մեր երկրին դէմ օգտագործուող Հայոց ցեղասպանութեան յերիւրանքին` առաջին գիծ մղելով պատմական տեղեկատուութիւնն ու տուեալները», ըսած է նախագահի հաղորդակցութեան տնօրէն Ֆահրեթին Ալթուն, շաբաթ օր Անթալիոյ ծովափնեայ նահանգին մէջ տեղի ունեցող ուսումնական ծրագրի ընթացքին:

Այնուհետեւ «Տէյլի Սապահ» կը յայտնէ, որ` «Օսմանեան կայսրութիւնը 1915-ին արեւելեան Անատոլիայի հայերը տեղափոխեց ապստամբութիւններէ ետք, անոնց մէկ մասը կողմ էր ռուսական բռնագրաւող ուժերուն: Տեղափոխութիւններու ընթացքին բազմաթիւ հայեր զոհուեցան: Հայաստան ներողութիւն եւ փոխհատուցում կը պահանջէ, մինչդեռ Թուրքիա պաշտօնապէս հերքած է հայկական մեղադրանքները միջադէպերու կապակցութեամբ` ըսելով, որ թէեւ հայերը մահացած են տեղափոխութիւններու ընթացքին, նոյնպէս ալ շատ թուրքեր կորսնցուցած են իրենց կեանքը Անատոլիայի մէջ հայկական աւազակախումբերու կողմէ իրականացուած յարձակումներու ժամանակ: Թրքական կառավարութիւնը բազմաթիւ անգամ կոչ ըրած է պատմաբաններուն` ուսումնասիրել դարաշրջանին վերաբերող օսմանեան արխիւները, որպէսզի պարզեն, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է օսմանեան կառավարութեան եւ անոր հայ քաղաքացիներու միջեւ: Մերժելով «ցեղասպանութեան» մեղադրանքները` Թուրքիա պաշտօնապէս ընդունած է անցեալի դէպքերը իբրեւ մեծ ողբերգութիւն, երբ երկու կողմերն ալ մեծ կորուստներ ունեցած են, անոնց շարքին` մահմետական հարիւրաւոր թուրքեր»:

«Տէյլի Սապահ» մէջբերած է նաեւ Ալթունը` նշելով, որ Թուրքիա կ՛ուժեղացնէ իր ջանքերը երկիրը թիրախաւորող հայերու դէմ: «Մենք պէտք է աւելի ուժեղ պայքար մղենք մութ քարոզչութեան դէմ»:

Աւելի կարեւոր է, աւելցուցած է Ալթուն, որ Թուրքիոյ բանակցային ուժը միջազգային ասպարէզի մէջ աճ կ՛արձանագրէ` իբրեւ արդիւնք տարածաշրջանի մէջ անոր հզօրութեան աճին: «Մեր նպատակն է իրականացնել բարձրորակ, արժէքաւոր աշխատանք, որ կը համապատասխանէ մեր երկրի վերելքին, որ ձայն ունի տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ», յայտարարած է Ալթուն:

Վերոյիշեալ նիւթերէն մենք պէտք է երկու եզրակացութիւն հանենք.

1) Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ «արիւնոտ թուրքը» վերջին 100 տարիներու ընթացքին շատ չէ փոխուած, ճիշդ են, այն բացառութեամբ, որ մենք պէտք չէ ընդհանրացնենք բոլոր թուրքերը: Կան բազմաթիւ թուրքեր, որոնք արդարամտօրէն եւ պատրաստակամօրէն կ՛ընդունին հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանական ոճրագործութիւնները: Այսուամենայնիւ, կան թուրք պաշտօնեաներուն կուրօրէն հետեւող բազմաթիւ այլ թուրքեր, որոնք միտումնաւոր կերպով կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական թուրքերու լաւագոյն օրինակներ են այս երկու յօդուածներու վերոնշեալ հեղինակները եւ Էրտողանի թրքական կառավարութեան կողմէ գործարկուած կայքը, որ նախատեսուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար:

2) Նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութիւններու տնօրէն Ֆահրեթին Ալթուն կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ հեղինակութեան աճման զուգընթաց` երկիրը դարձած է աւելի ուժեղ պետութիւն: Թէեւ, ցաւօք, ասիկա ճիշդ է, բայց այս իրողութիւնը պէտք է անխոնջ աշխատանքի մղէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը սիրող աշխարհի բոլոր մարդերը, որպէսզի բացայայտուի Թուրքիոյ բարբարոսական իրական բնոյթը ո՛չ միայն 100 տարի առաջ, այլեւ այսօ՛ր, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ` ընդդէմ քիւրտերու եւ քրիստոնեաներու: Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան հակասելը եւ զայն թուլցնելը պէտք է ըլլան պատմական արդարութեան հաստատման հիմնական նպատակներէն մէկը…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

aztagdaily.com/archives/457711

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail