ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԱ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԱ.

Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արհեստավարժական բարոյագիտութենէ (Professional ethics) եւ պարզ բարոյականութենէ բոլորովին զուրկ` հնագէտ Էնտրու Սելքըրք (իր մասին տես նախավերջին յօդուածը` Թ. մաս(1) մէջբերելով զինք Հայաստան հրաւիրած հնագէտ Յակոբ Սիմոնեանի հեղինակած գիրքերէն մէկուն մէջ նշուած հնութիւնները, որոնք` «Պատերազմական տեսարաններով եւ մարտակառքերով` պատկերացում մը կու տան այդ ժամանակաշրջանի հայկական զինուած զօրքերուն մասին» նախադասութիւնը, կայքէջի՛ն մէջէն հարցում կ՛ուղղէ այսպէս, գռեհիկ ոճով մը. «Յակո՛բ, այս նախադասութիւնը քու գիրքերէդ է, ասոնց նկարները ունի՞ս»… ձեւով մը, այսինքն` «գրածիդ փաստը ունի՞ս»… իր թերահաւատութիւնը նշելով կայքէջը այցելողին: Միթէ ան Յակոբ Սիմոնեանին ել-հասցէն չո՞ւնէր, որպէսզի նամակով կամ հեռաձայնելով այս հարցումը հարցնէր… Ան յունիս 2013-ին տիկնոջ հետ միասին Հայաստանի մէջ հնագէտ Սիմոնեան ամոլին հիւրը եղած էր…

1. Լճաշէն ՔԱ 2-րդ հազարամեակի պրոնզէ մարտակառք, 2. Արծաթէ պատկերազարդ գաւաթ, ՔԱ 23-22 դար, Քարաշամբ, եւ 3. Պրոնզէ տիեզերքը ներկայացնող քանդակ ՔԱ 2-րդ հազարամեակ:

Միւս կողմէ, սակայն, պատասխան նկարներէն մէկը արդէ՛ն կայքէջի նոյն էջին մէջն է, վերի թիւ 1 նկարը` Լճաշէնէն պեղուած ՔԱ 15-14 դարու պրոնզէ արձանիկը, որ կը ներկայացնէ վեց շառաւիղէ անիւներով, երկու ձիով եւ երկու զինուորով մարտակառք մը: Սակայն ինք, նկարին կողքին, հեգնական ոճով հետեւեալը գրած է. «Աջին` Լճաշէնէն քանդակ մը: Արդեօք ատիկա ցոյց կու տա՞յ ձիերով եւ շառաւիղէ անիւներով մարտակառք մը, երկու քշող կերպարանքներով: Եթէ այդպէս է, այս ամենահին ապացոյցներէն մէկն է` մարտակառքերու գործածութեան, ենթադրաբար, պատերազմի մէջ»… առանց աւելցնելու «Հայաստանի մէջ»:

4. Պրոնզի վրայ «պատերազմական տեսարաններով եւ մարտակառքերով` պատկերացում մը կու տան այդ ժամանակաշրջանի հայկական զինուած զօրքերուն մասին» պեղուած` Ստեփանաւանի մօտ (2):

Իսկ երկրորդը` նոյն կայքէջին այլ էջի մը մէջն է, նկար 4 (2):

5. Հայաստանի պատմութեան թանգարանի կայքէջի առաջին էջը, ուր երկու անգամ կ՛երեւի ՔԱ 2-րդ հազարամեակի պրոնզէ տիեզերքը ներկայացնող քանդակը (վերը ձախին` ուռուցիկ ըրած եմ*):

Սելքըրք բամբասող պառաւներու վայել եւ ծաղրական այս ոճը կը շարունակէ նոյն էջին վրայ եւ վերի երրորդ նկարին` ՔԱ 2-րդ հազարամեակի տիեզերքը ներկայացնող պրոնզէ քանդակին քով գրած է. «Այս քանդակը Ազգային թանգարանի (Հայաստանի Պատմութեան թանգարան*) գանձերէն մէկն է եւ ընդհանրապէս մեկնաբանուած է` իբրեւ նախատիպը արեգակնային դրութեան (երեւակայութիւնդ գործածէ՛!)», փակագիծի մէջ կ՛ըսէ ան` հասկցնելով, որ քանդակին բացատրութիւնը երեւակայածին է եւ ոչ թէ գիտական բացատրութիւն ունի: Մինչ այդ այս քանդակը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին խորհրդանիշն է, տես վերի կայքէջին նկար 5-ը, եւ համացանցին մէջ բազմաթիւ գիտական յօդուածներ գրուած են այս քանդակին մասին, իսկ Հայաստանը աստղագիտութեան մէջ առաջնակարգ երկիրներէն է:

Վերջապէս, վերի երկրորդ նկար` Քարաշամբէն պեղուած ՔԱ 23-22 դարու արծաթէ պատկերազարդ գաւաթին մասին կը գրէ. «Աջին` այս գերազանց արծաթէ գաւաթը Քարաշամբի դամբարանէն պեղուած, կրնայ շինուած ըլլալ իրանեան կամ բաբելոնեան աշխատանոցներու մէջ»: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ Հայաստանի մէջ… (3):

Ինչպէս նշած էի նախորդիւ, ուրեմն զարմանալի չէ, որ Սելքըրք իր խմբագրած «հնագիտական» երկու հանդէսներուն մէջ, 2013-ին իր Հայաստան` «բացօթեայ թանգարան» կոչուած երկիրը այցելութեան, եւ իր իսկ պատրաստած այս կայքէջին մասին երկու տարի ոչինչ գրած է, լուռ մնացած է… Ան Հայաստանի մէջ հրատարակութեան արժանի որեւէ հնութիւն չէ՞ տեսած… Կայքէջը կը փաստէ, որ թէ՛ տեսած է եւ թէ՛ ալ լուսանկարած է… Արդեօք պատճառը ի՞նչ է: Ուրիշ շատերու նման` ի՞նքն ալ Հայկական Լեռնաշխարհին եւ Հայաստանի հանդէպ դաւադիր համրութիւն եւ կուրութիւն ունի:

5. եւ 6. Ժայռապատկերներ, ձախին` հողագործութիւն, ՔԱ 5500 (ոմանք ՔԱ 12,000 – 7,000, ոմանք ՔԱ 4-րդ հազարամեակ), Ուղտասար, Սիւնիք. Նկատել նաեւ ընտանի շունը, որ իր տիրոջ կ՛ընկերանայ, նկարին վարը, կեդրոնէն ձախ:

Այս յօդուածաշարքին մէջ պեղումներով եւ ժայռապատկերներով հիմնաւորուած էր, որ ցարդ Հայաստանն է Առաջաւոր Ասիոյ ձիերու ընտելացման հնագոյն երկիրը` ՔԱ 5-4-րդ հազարամեակին, նմանապէս, ձիաքարշ կառքերու եւ մարտակառքերու հնագոյն ծննդավայրը` ցարդ կանգուն, առ նուազն 20 պեղուած նմուշներով, որոնց 12-ը այժմ իրենց հրաշալի վիճակով թանգարաններու մէջ կը գտնուին:

Նախորդող յօդուածով նշուած` Սելքըրքի խմբագրած «Ընթացիկ Աշխարհի Հնագիտութիւն» հանդէսի 30 յուլիս 2012-ի թիւին մէջ անանուն յօդուածագիրի մը` «Ձիու ուժ. ձիերը հնագիտութեան մէջ` ձիավարութիւն պատմութեան ընդմէջէն» խորագիրով  յօդուածին ամփոփումին (լրիւ յօդուածը չգտայ) պիտի անդրադառնամ, ուր ձիերու, ռազմական ձիերու եւ մարտակառքերու պատմականը կ՛ընէ եւ Հայաստանը նշուած է մի՛այն իբրեւ դրացի երկիր… «Ոչ ոք տակաւին յստակ թուական մը կրնայ ճշդել ձիերու ընտելացման մասին» կ՛ըսուի (4)

Արդեօք Սելքըրքի «հնագէտները» պատմութենէն տեղեակ չե՞ն: Փենսիլվանիա համալսարանի Արեւելեան Ասիոյ լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու կաճառին կողմէ հրատարակուած Պեւըրլի Տէյվիսի օգոստոս 2007-ի «Ձիերու զարգացման ժամանակացոյցը» (5)(6), 208 էջ հնագիտական պատմական ուսումնասիրութենէն տեղեակ չե՞ն, որ կը սկսի ՔԱ 75 միլիոն թուականէն, ուր Հայաստանի ձիերու ընտելացման վերաբերող հետեւեալ ժամանակացոյցը նշուած է.

6. Ուղտասարի 11 հազար ժայռապատկերները, փորագրուած 3.500 քարերու-ժայռերու վրայ (10) եւ 7. կաթնտու ու մսացու անասուններու դէպի արեւմուտք տարածումը Հայկական Լեռնաշխարհէն, ըստ Եոաքիմ Պըրկըր Մելինտա Զետերի (9):

1.- «ՔԱ 3000 ժամանակաշրջանի Հայաստանի մէջ գտնուած ժայռապատկերները ցոյց կու տան ՑԱՐԴ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ՆԿԱՐՆԵՐԸ, ուր մարդիկ կը քշեն ձիաքարշ ռազմակառքեր, սայլեր եւ արօրներ (ամբողջը կարդալու համար տես այս յօդուածաշարքին Ա. մասը (7)): Եւ ՁԻԱՔԱՐՇ ՍԱՅԼԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ, ՑԱՐԴ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆԵՐՆ ԵՆ:

Իսկ եթէ ՔԱ 3000 թուականին պատկանող արդէն սանձով, թամբով, սայլերով, ռազմակառքերով եւ արօրներով ձիու ժայռապատկերներ քանդակուած են, ուրեմն, հնէակենդանաբան Սոնա Մեջլումեան իր «Ընտանի ձին հայկական  լեռնաշխարհում» աշխատութեան մէջ կ՛եզրակացնէ, որ ձիու ընտելացումը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ սկսած է ՔԱ 5-րդ հազարամեակին: Աւելցնելով. «Հասկանալի է, որ այս մակարդակով տիրապետել ձիուն ո՛չ հարիւրամեակներու եւ ո՛չ ալ մէկ հազարամեակի արդիւնք է, եւ այս ամէնը տեղի ունեցած է շատ աւելի առաջ, քան` այդ իրողութեան արտացոլումը իր ժամանակի արուեստի ժայռապատկերներուն մէջ» (տես` յօդուածաշարքի Է. մաս (8)):

Գալով ՔԱ շուրջ 5500 թուականին փորագրուած նկար 5-ին, ուր յստակօրէն հողագործ մը երկու եղջերաւոր ցուլաքարշ արօրով հողագործութիւն կ՛ընէ, ինքնին «պոռացող» փաստ է, որ արդէն ՔԱ վեցերորդ հազարամեակին հայերը քաղաքակրթութեան տէր ժողովուրդ էին` հետեւեալ քաղաքակրթութեան չափանիշ եղող տուեալներով.

Ուրի մէջ պեղուած տուփին մէկ կողմը` էշաքարշ մարտակառքեր, Անգլիոյ թանգարան:

Ա.- Խոշոր եղջերաւոր ցուլերու ընտելացում` բուծանում, որ կ՛ենթադրէ նաեւ կովերու ընտելացում եւ կաթնեղէնի` պանիրի, մածունի օգտագործում եւ մշակում (9), (10):

Բ.- Այս անասուններուն մարզումը` իբրեւ մարդու հրահանգին ենթարկուող հլու հնազանդ «լծկան եզեր»:

Գ.- Հողագործութեան զարգացում, այսինքն `հողը հերկելու առաւելութեան, օգտակարութեան` գիտութեան տիրապետում: Ենթադրաբար այս թուականէն շատ առաջ սկսած են հողը մշակել նախ ձեռքով, ապա, հնարամտութեամբ` աւելի ընդարձակ արտերու համար, անասուններով «մեքենացած» մշակում:

Դ.- Հունտեր` սերմեր ամբարելու եւ օգտագործելու եւ ցանելու-հնձելու եղանակային շրջանի գիտութիւն:

Ե.- Ատաղձագործութիւն` փայտով բաւական բարդ արօրի կազմածի շինութիւն, գործիքներու եւ արհեստի տիրապետում` հնարամտութիւն:

Զ.- Մնայուն բնակութիւն հաստատելու փաստ, եւ ոչ թէ` թափառաշրջիկ ցեղախումբ, քանի որ հողի մշակումը այդ կ՛ենթադրէ, տարիներով նոյն բնակավայրին մէջ մնալ` յառաջացնելով գիւղերու զարգացում եւ որսորդութեան կողքին, հողէն սնունդ ստանալու ունակութիւն:

Հեգնօրէն, վերոնշեալ «Ձիու ուժ…» յօդուածը այսպէս կը սկսի, ամփոփ հատուածներ. «Ամէնը սկսաւ ո՛չ թէ ձիով, այլ էշով: Ամենահին պատկերներէն մէկը գտնուած է Շումերի Ուր քաղաքի թագաւորական դամբարանին մէջ, այժմ` հարաւային Իրաք, ՔԱ շուրջ 2600 թուականի փայտէ տուփի մը վրայ, որ կոչուած է «Ուրի բնօրինակ» (Standard of Ur): Նկարը ցոյց կու տայ հողագործութիւն, խնճոյք եւ պատերազմի տեսարաններ, ուր կ՛երեւին 4 անիւով եւ 4 էշով մարտակառքեր»: Արդեօք այն ժամանակ էշերը յամառ չէի՞ն… Իսկ ձիու մասին յօդուածը ինչո՞ւ էշով կը սկսի, նիւթին հետ ի՞նչ կապ ունի… Պարզապէս, քանի որ տուփը Անգլիոյ թանգարանին մէ՞ջ կը գտնուի…

«… ՔԱ 2000-ին ձիերը արդէն պատկերուած են պալատական պատի քանդակներով (2-3 հազար տարի աւելի հին ժայռապատկերներէն տեղեակ չե՞ն*): Սակայն ձիու օգտագործումին ամենահին հնագիտական փաստը` թէ՛ կաթին եւ թէ՛ հեծնելու, գտնուած է Ղազախստանի Պոթայ մշակոյթի գերեզմաններուն մէջ…. ՔԱ 3500-3000 թուականի խեցեղէն ամանի մը քննութիւնը յայտնաբերած է ձիու կաթի հետք, որ ակնկալուածէն 1000 տարի աւելի հին է:

«… Գրեթէ անխուսափելիօրէն, ձիուն ամէնէն անմիջական ազդեցութիւնը կարծէք թէ եղած է պատերազմներու բնոյթի փոփոխութեան մէջ` առաջնորդելով «մարտակառքի դարաշրջան»-ին ՔԱ շուրջ 1600 թուականէն սկսեալ: Հնէաբանները այժմ ռազմական ձիավարութեան եւ ռազմակառքով պատերազմի զարգացումը կը վերագրեն Միտաննի լեռնաշխարհի թագաւորութեան, հուրրիներուն, ժողովուրդ մը, որ կ՛ապրէր այդ լեռներու խիստ միջավայրին մէջ, որոնք այսօր տարածուած են Թուրքիոյ սահմաններուն, Հայաստան, Ազրպէյճան, Պարսկաստան եւ Իրաք (այժմու Իրանը եւ մանաւանդ Ազրպէյճանը բոլորովին դուրս էին Միտաննի քարտէսէն*): Հարեւան իշխանները սկսան իրենց բանակներուն մէջ հուրիները զինուորագրել` ստեղծելով մարտիկներու նոր դասակարգ մը, որոնք կը շարժէին թեթեւ, արագ կառքերով, զինուած` աղեղով եւ նետերով, նիզակներով, գեղարդներով ու ձեռքի զէնքերով:

«Յատկանշական է, որ այս շրջանէն գոյատեւած են ձիավարժութեան շարք մը «գիրքեր», ներառեալ` ՔԱ 15-րդ դարու խեթական (հիթիթ) 1080 տող սեպագիր գրութիւնը, որ պահպանուած է չորս կաւէ տախտակներու վրայ եւ կը ճանչցուի իբրեւ «Քիքքուլի մատեան», քանի որ ան իբրեւ «Միտաննի երկրի ձիավարժութեան վարպետ» նկարագրուած է: Մատեանը յատկանշական է նաեւ երկլեզու բաժիններով, ուր Քիքքուլին կ՛օգտագործէ հուրրիներու լեզուին յատուկ մասնագիտական բառեր, ապա կը փորձէ նման բառեր գտնել խեթերէնով:

«Քիքքուլին կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարժեցնել եւ կերակրել պատերազմի ձիերը, որպէսզի մարտի պատրաստուին: Միտտանի երկրին այս փորձառութեան շնորհիւ էր, որ մարտակառքերով կարողացան հաստատել խեթական հսկայական կայսրութիւնը, որ ՔԱ 14-րդ դարու կէսին ներառեց Փոքր Ասիոյ մեծ մասը:

«Յաջող արհեստագիտութիւնները արագօրէն կը ճամբորդեն. շատ ժամանակ չանցած` շրջանի բոլոր հնագոյն թագաւորութիւնները, եւ աւելի հեռուն` Հնդկաստանն ու Չինաստանը դէպիարեւելք, հիւսիսային Ափրիկէն եւ Յունաստանը դէպի արեւմուտք` ունեցան մարտիկներ, զրահ, կառքեր, ձիեր եւ զէնքեր` միտտաննիներուն օրինակով: Ձիու շարժունակութիւնն ու մկանային ուժը կարելի է գնահատել ՔԱ 2-րդ հազարամեակի «Ամառնա նամակներէն», Բաբելոնի հարեւան թագաւորներուն (պէտք է ըլլայ ՔԱ 14-րդ դարու Եգիպտոսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի*) միջեւ դիւանագիտական բարի մաղթանքներով: Այս սեպագիր նամակները կը սկսին «իշխող ընտանիքին, անոնց կիներուն, որդիներուն, երկրին, մեծերուն, ձիերուն եւ մարտակառքերուն» համար բարեմաղթանքներով»:

Իսկ հայութեան կապը Միտտանիի, հուրրիներուն, խեթերուն, հիքսոսներուն եւ Եգիպտոսի փարաւոններուն հետ` յաջորդիւ:

4 դեկտեմբեր 2019
(Շար. 11)

—————-

(1)  http://www.aztagdaily.com/archives/464766

(2)  http://www.armeniapast.com/forgotten-kingdom-revised/

(3)  http://www.armeniapast.com/prehistory/bronze-age/

(4)  https://www.world-archaeology.com/features/horse-power/

(5)  http://www.sino-platonic.org/complete/spp177_horses.html

(6)  www.sino-platonic.org/complete/spp177_horses.pdf

(7)  http://www.aztagdaily.com/archives/403155

(8)  http://www.aztagdaily.com/archives/461737

(9)  https://www.peopleofar.com/2017/07/16/milk-revolution-people-armenian-highlands-brought-milk-europe/

(10)  https://abluteau.wordpress.com/2010/10/16/how-middle-eastern-milk-drinkers-conquered-europe/

(11) «Goats – as far as the eye can see recording rock art in the syunik highlands (Armenia, Ughtasar), Franziska Knoll * and Harald Meller* In: F. Troletti (Hrsg.), Proceedings of the XXVI Valcamonica Symposium, September 9 to 12, 2015 (Capo di Ponte 2015), pp. 153–158.

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail