Նամակ երկրէն — ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՏՈՒՆ, ՆՈՐ ԳԻՒՂԱՊԵՏԱՐԱՆ, ՆՈՐ ԲՈՒԺԿԷՏ՝ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱԿԻ ՄԷՋ

Բնակարանամուտ՝ հայկական կոնյակով, միրգերով եւ քաղցրաւենիքով - գիւղ - Հակ

Նամակ երկրէն — ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՏՈՒՆ, ՆՈՐ ԳԻՒՂԱՊԵՏԱՐԱՆ, ՆՈՐ ԲՈՒԺԿԷՏ՝ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱԿԻ ՄԷՋ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՏՈՒՆ, ՆՈՐ ԳԻՒՂԱՊԵՏԱՐԱՆ, ՆՈՐ ԲՈՒԺԿԷՏ՝ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱԿԻ ՄԷՋ

Տարեվերջի մեր աշխատանքները ամփոփելու, եկող տարուան ծրագիրները քննարկելու նպատակով անցնող երկու օրերուն դարձեալ Արցախ էի: «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ի աշխատակազմին հետ, մանրազննին քննարկումներով վերլուծեցինք անցնող տարուան մեր ծրագիրները եւ 2020 տարեշրջանի աշխատանքներու ժամանակացոյցը մշակեցինք: Յաջորդ օրը, առաւօտեան սուրճը մեր գրասենեակին մէջ խմելէ ետք, գործընկերներուս հետ ճամբայ ելանք դէպի Հակ գիւղ, որ կը գտնուի Բերձորէն (նախկին Լաչին) 45 քլմ դէպի Հիւսիս: Հակը մինչեւ 1920 թ. բնակեցուած էր հայերով:

Ադրբեջանական յարձկումներու պատճառով հայաթափուելէ ետք, ան ստացած էր թրքական Մինքենդ անունը եւ բնակեցուած քիւրտերով եւ ադրբեջանցի թուրքերով: 1992 Մայիսին հայկական ուժերը ազատագրեցին Լաչինն ու շրջանի գիւղերը եւ Մինքենդը վերանուանեցաւ իր պատմական անունով՝ Հակ: Գիւղը, ինչպէս շրջանի միւս բոլոր գիւղերը, հարուստ է հայկական պատմական յուշարձաններով: Հակի մէջ կը գտնուի 17-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Մինաս եկեղեցին, ինչպէս նաեւ խաչքարեր եւ 16-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերակները:

Հակը այսօր ունի 105 հայ բնակիչ, որոնք եկած են Հայաստանի եւ Ադրբեջանի տարբեր շրջաններէ: Մեծամասնութիւնը, սակայն, եկած են Սիսիանէն: Հետաքրքրական է այս մանրամասնութիւնը, որովհետեւ 1918-20 թուականներուն, ադրբեջանական յարձակումները երբ սկսան, Հակի հայերուն մեծ մասը բնակութիւն հաստատեցին Սիսիանի եւ Գորիսի կողմերը: Իսկ այսօր, Հակի բնակիչներու մեծամասնութիւնը եկած են Սիսիանէն…

Հակ գացինք, որովհետեւ տուն մը պիտի յանձնէինք նոր, երիտասարդ ընտանիքի մը, ինչպէս նաեւ բացումը պիտի կատարէինք մեր նորոգած գիւղապետարանին եւ բուժկէտին: Քաշաթաղի հիւսիսը գտնուող ազատագրուած 4 այլ գիւղերու հետ (Հերիկ, Միրիք, Տանձուտ եւ Մոշաթաղ) Հակը ներառած էինք համատեղ եւ համալիր զարգացման ընդհանուր ծրագրի մը մէջ: Անցնող 3 տարիներուն, այդ գիւղերուն մէջ նորոգած էինք բուժկէտ, մանկապարտէզ, գիւղապետարան, համայնաքային կեդրոն, երկու դպրոց, ըմպելի ջուրի ցանց, եւայլն: Տուներ յանձնած էին վերաբնակեցուող ընտանիքներու: Հակի գիւղապետարանը, դարմանատունը եւ վերաբնակուողի տունը ոչ միայն 2019 տարեշրջանի, այլեւ երեք տարիներու վրայ երկարող 5 գիւղերու զարգացման ծրագրի վերջին աշխատանքներն էին:

Գիւղապետին եւ գիւղացիներուն հետ բուժկէտի եւ գիւղապետարանի բացումը կատարելէ ետք, քալելով գացինք յանձնելու մեր սարքած նոր տունը՝ Սիսիանէն Ռուսաստան գացած եւ հիմա Հակ տեղափոխուած երիտասարդ ընտանիքի մը, Հայկ եւ Արփինէ Պօղոսեաններուն եւ իրենց երկու զաւակներուն: Բարի գալուստ եւ ջերմ, երջանիկ օճախ մաղթեցինք Հայկին ու Արփինէին: Երկուքն ալ համոզուած էին, որ ապրուստի համար Ռուսաստաններ երթալու փոխարէն, կրնային նոր կեանք սկսիլ ազատագրուած Հակի մէջ: Արփինէն արդէն աշխատանքի անցած էր մեր նորոգած տեղւոյն դպրոցին մէջ, իսկ Հայկը մեր հիմնադրամէն ստացած փեթակներուն զուգահեռ, պիտի զբաղուէր նաեւ անասնապահութեամբ ու այգեգործութեամբ:

Բաժակ բարձրացուց ու կենաց խմեց նաեւ Հայկի մայրը, որ այս առիթով եկած էր Սիսիանէն: Ուրախ էր, որ իր զաւակը, հարսն ու թոռները Ռուսաստանէն տուն վերադարձած էին: Ուրախ էր, որ անոնք, իր թոռնիկներուն հետ, եկած էին ծաղկեցներու հայու ազատագրուած հողը: Մայր էր եւ չէր ուզէր պանդուխտ զաւակ ունենալ: Իսկ հիմա չափազանց հպարտ էր. իր թոռնիկները հայերէն կի խօսէին, ազատ ու համարձակ կը խաղային գիւղի միւս երեխաներուն հետ, ու հայ կեանքը դարձեալ կը ծաղկէր այս բազմաչարչար հողերուն վրայ…

Հայկի մայրիկի կենացին միացանք բոլորս: Մեկնելէ առաջ, բարի նոր տարի մաղթեցինք գիւղացիներուն, ու յաջողութիւն՝ նորեկ ընտանիքին մասնաւորաբար: Գիւղապետը ըսաւ, որ գիւղին համար տարին փակելու եւ նոր տարի դիմաւորելու աւելի լաւ առիթ չէր կրնար ըլլալ: Չէինք կրնար չհամաձայնիլ: Տարին փակեցինք ազատագրուած տարածքներու վրայ հայ օճախի մը ստեղծումով, նոր դարմանատունով, նոր գիւղապետարանով: Սա լաւագոյն տարեփակն էր ու Նոր Տարին դիմաւորելու ամենալաւ առիթը՝ բոլորիս համար:

Նոր տուն ազատագրուած տարածքներուն վրա, գիւղ – Հակ
Նոր բուժկէտ – գիւղ – Հակ

 

Հայկն ու Արփինէն իրենց անդրանիկ զաւակին հետ – գիւղ – Հակ

 

Հայկի եւ Արփինէի առջինեկ զաւակը – գիւղ – Հակ

 

Հակի բնակիչ փոքրիկն իշխանուհի Մանէն – գիւղ – Հակ

 

Եւ երկրորդը – գիւղ – Հակ
գիւղ-Հակ
Նոր տուն ազատագրուած տարածքներուն վրա, գիւղ – Հակ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail