Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝ – Ընկեր Հրայր Մարուխեանը կը սիրէր յորդորել, որ Դաշնակցութեան մէջ քթի ծակ պէտք է ունենալ՝ ճիշդն ու սխալը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝ – Ընկեր Հրայր Մարուխեանը կը սիրէր յորդորել, որ Դաշնակցութեան մէջ քթի ծակ պէտք է ունենալ՝ ճիշդն ու սխալը

Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝

«Ընկեր Հրայր Մարուխեանը կը սիրէր յորդորել, որ Դաշնակցութեան մէջ քթի ծակ պէտք է ունենալ՝ ճիշդն ու սխալը, կեղծաւորն ու անկեղծը, մորթապաշտն ու նուիրեալը, ներքինին ու գաղափարապաշտը իրարմէ զատորոշելու համար։

Դիմատետրի վրայ հեռու, մօտիկ ընթերցողներուս, ընկերներուս եւ հարազատներուս ուղղուած քանի մը օր առաջուան գրառումս եւ անոր հետեւած արձագանգները քթի ծակ ունեցող դաշնակցականներուս օգնեց աւելիով համոզուելու մեր կուսակցութեան առեւանգուած ըլլալու իրողութեան մէջ։

Ցաւալի, բայց դառն փաստ է, որ Դաշնակցութեան անունով այսօր մեր ժողովուրդին ներկայացող կազմակերպութեան ղեկավար մարմիններուն մէջ սպրդած եւ շահակցական իշխանութիւն հաստատած են, այլ ոչ թէ պատասխանատուութեան կոչուած են Դաշնակցութենէն լրիւ այլասերած, կամ սկիզբէն իսկ Դաշնակցութեան հետ գաղափարական թէ բարոյական ոչ մէկ կապ ունեցող վնասակար տարրեր։

Այս այլասերածները ո՛չ Ծրագիր, ո՛չ Կանոնագիր գիտեն, ո՜ւր մնաց յարգեն։

Բայց ասոնց մոլորեցնողները «սորվեցուցած» են, թէ Կանոնագրի մեկնաբանութեան իրաւունքը իրենց կը պատկանի եւ իրենք կրնան իրենց ուզած ձեւով մեկնաբանել մեր Կանոնագիրը։

Ապացոյց փնտռողներուն ամենայն պարզութեամբ կը մատնանշեմ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամներուն եւ անոր պատասխանատու վարչութեան նկատմամբ արտաքսումի լեզուով խօսելու հակադաշնակցական, այլեւ հակակարգապահական վարքը հայաստանեան կազմակերպութեան պատասխանատու մարմիններուն եւ ներկայացուցիչներուն․

Այդ ե՞րբ կամ ո՞ւր Դաշնակցութիւնը կրթական մարզի վերաբերեալ որեւէ քայլի դիմած է՝ առանց իր Ուսանողականին տեսակէտն ու համաձայնութիւնը ունենալու եւ, աւելին ալ, Դաշնակցութենէն արտաքսելու իր կամայական որոշումին չենթարկուողները։

Իսկ եթէ յաւելեալ ապացոյցի պէտք կայ՝ ահա՛ օրինակս․

Նոյնիսկ այս պահուն, երբ այս տողերը կը գրեմ, տակաւին որեւէ պատասխանատու մարմնի կողմէ ինծի փոխանցուած չեն Բիւրոյի կողմէ հեռացման պատիժիս որոշման հիմք ծառայած ամբաստանութիւնն ու հիմնաւորումը, անկախ անկէ որ հեռացուած եմ առանց հարցաքննուելու կամ ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւն ունենալու։

Ամէն պարագայի դիմատետրի գրառումս օգնեց, որպէսզի ճանչնամ հրապարակ ու ասպարէզ փնտռող եւ ինձ քարկոծելու ճամբով «կարգապահ կուսակցական»ի «բարի վարուց վկայագիր» աղերսող դիմատետրի քանի մը հասցէատէրներ, որոնց «կարգապահութեան» տեսակին ու որակին մասին պատկերացում ունեցանք բոլորս ալ։

Դաշնակցութեան մէջ պատահականօրէն յայտնուած այդ ցեցերէն ի միջի այլոց լսուեցաւ «յոխորտանք» մը, թէ՝ Դաշնակցութիւնը ի հարկին կը գործակցի սատանային հետ ալ, եթէ – իբր թէ – հայ ժողովուրդին շահերը պահանջեն եղեր։

Յիսուն տարի առաջ, ատենի ՀՅԴ Լիբանանի Կ․ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ի՛նք օգտագործած էր – եւ հեղինակային իրաւունքի արժանացուցած էր – ի հարկին սատանային հետ ալ գործակցելու մարտավարական այդ տարազումը՝ ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան հերթական ժողովի մը ընթացքին։ Ղեկավար մեր ընկերը այդ տարազումը հիմնած էր հարցումի մը ի պատասխան իր պաշտպանած Հայկական Արեւելումի սկզբունքին վրայ՝ մերժելով նոյնացումը Աջի թէ Ձախի բեւեռներուն հետ, ի սպաս Հայ Դատի պայքարի ուժեղացումին պատգամելով՝ թէ ինքնըստինքեան ո՛չ Աջին եւ ո՛չ ալ Ձախին հետ ենք, այլ ԿՈՂՄ ենք մեր դատին՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերման զօրակցողներուն։

Դաշնակցական իր պարունակէն պարպուած է «սատանային հետ ալ գործակցելու» այսօրուան նորաբոյսներուն խոստովանութիւնը՝ «արդարացնելու» համար Ռ․ Քոչարեանի եւ Ս․ Սարգսեանի հետ կազմակերպութեան «ղեկավարութեան» կնքած սատանայական զինակցութիւնը։ Մեր ժողովուրդին կողմէ հետեւողականօրէն մերժուած իշխանաւորներու հետ կամայականօրէն պարտադրուած գործակցութիւն մը, որ ըստ ամենայնի կը հակասէ հայրենի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ շահերուն ծառայելու ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովներու հետեւողական որոշումներուն՝ թէ՛ ռազմավարական, թէ՛ մարտավարական առումներով։

Այդպէ՛ս, մեր կուսակցութեան միայն անունն ու պաշտօնական կնիքը սեփականաշնորհած ու յափշտակած այսօրուան կազմակերպութիւնը, իր «ղեկավարութեան» ինքնասիրահարուած չտեսութեամբ, մեզ եւ մեր ժողովուրդը զրկած է դաշնակցականօրէն ապրելու գաղափարական ուխտի եւ ծառայութեան սրբատեղիէն»։

Նազարէթ Պէրպէրեան

radioyan.com

Այստեղ Ալֆորվիլ է. Շնորհաւոր Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդ
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail