ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – 24 դեկտեմբերին, Հայաստան ստանձնեց «Սու-30ՍՄ» գերժամանակակից բազմագործառոյթ օդանաւերը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – 24 դեկտեմբերին, Հայաստան ստանձնեց «Սու-30ՍՄ» գերժամանակակից բազմագործառոյթ օդանաւերը

30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Armenian military fighter jets s-30SM

Նշմար. Ձեռքբերումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

24 դեկտեմբերին, Հայաստան ստանձնեց «Սու-30ՍՄ» գերժամանակակից բազմագործառոյթ օդանաւերը, որոնց համար ռուսական կողմը ո՛չ միայն վարկ յատկացուցած էր, այլ նաեւ զանոնք վաճառած ոչ թէ արտածման, այլ ներքին ռուսական գիներով: Այսպիսով, Հայաստանը կը դառնայ յետխորհրդային տարածքին մէջ Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն ու Ղազախստանէն ետք չորրորդ երկիրը, որ զինուած է այս տիպի օդանաւերով, որոնք բնականաբար կը բարձրացնեն հայկական օդուժի մարտունակութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեալ ձեռքբերումին կարեւորութիւնը ընդգծող քայլով մը պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի հետ հետեւեցաւ կործանիչներու Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ այս առիթով կազմակերպուած ցուցադրական թռիչքներուն:

Վարչապետը այդ օդանաւերը նկատեց տարուան ձեռքբերումը: «Սու-30ՍՄ»-ներու ստանձնման լուրը ստեղծեց տօնական ու հպարտութեան զգացական մթնոլորտ մը, որ սակայն պէտք չէ վերածուի ինքնագոհութեան եւ անխոցելիութեան թիւր տպաւորութեան, որ վտանգաւոր է, որովհետեւ չի համապատասխաներ իրականութեան:

Այո՛, այդ բազմագործառոյթ օդանաւերու ստանձնումը ձեռքբերում մըն է եւ նկատառելի առաւել մը կը բերէ մեր պաշտպանական սպառազինութեան, յաչս յարձակողական Ազրպէյճանի, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ վերջինս մեր միակ թշնամին չէ, պէտք չէ մոռնալ գոյութիւնը Ազրպէյճանի հետ «երկու պետութիւն, մէկ ազգ» եղող Թուրքիոյ, որ Ազրպէյճանի սիրոյն 1993-էն ի վեր շրջափակման ենթարկած է Հայաստանը եւ շարունակ կը յայտարարէ, թէ անվերապահ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ իր կրտսեր եղբօր:

Այդ չորս օդանաւերուն ձեռքբերման կարեւորութեան ամէն չափազանցուած ընկալում անմիջապէս կը չափաւորուի, երբ նկատի ունենանք Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանին վրայ գտնուող թշնամին, որ վերջերս նոյնինքն Ռուսիոյ կողմէ ստացաւ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնք կրնան շատ արագ վար առնել մեր ստանձնած 4 «Սու-30ՍՄ»-ները:

Այստեղ ուշագրաւ է Ռուսիոյ կողմէ ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը. Մոսկուան Ազրպէյճանի յարձակողականութիւնը կը հակակշռէ Երեւանին տրամադրած իր «Սու-30ՍՄ»-ներով, իսկ Հայաստանի առաւելութիւնը` Թուրքիոյ իր մատակարարած «Էս-400»-ներով: Ստեղծուած Ազրպէյճան-Հայաստան-Թուրքիա շղթան Ռուսիոյ կ՛արտօնէ ընդհանուր կացութիւնը պահել իր վերահսկողութեան տակ: Սթաթիւս քոն կը պահպանուի. Հայաստան կը շարունակէ Թուրքիայէն պաշտպանուելու եւ Ազրպէյճանի վրայ առաւելներ ունենալու համար կարիքը ունենալ ռուսական վահանին:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459478

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail