ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ – Մուսա Լեռ – Ընտանեկան կառոյց – Ամուսնութիւն և ընտանիքի կազմութիւն

Մովսէս եւ Ռոզա Շէրպէթճեան Ամողլեան ընտանիքը, Պիթիաս, 1930-ականներ (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ – Մուսա Լեռ – Ընտանեկան կառոյց – Ամուսնութիւն և ընտանիքի կազմութիւն

Մուսա Լեռ – Ընտանեկան կառոյց

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան, 16/09/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 16/09/19), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

 

 

Ամուսնութիւն և ընտանիքի կազմութիւն

Արտամուսնութիւնը ընդունուած կարգ էր ընտանիքի կազմութեան համար. արեան կապի «եօթը պորտ» հեռաւորութիւնը կը պահպանուէր՝ ծննդականօրէն փոխանցելի հիւանդութիւններէ  խուսափելու համար: [1] Իբրեւ կանոն, ամուսնութիւնները նախօրօք դասաւորուած կ’ըլլային: Ծնողները իրե՛նք գիտէին թէ ինչն է լաւը իրենց զաւկին համար, բայց կ’առնէին անոր հաւանութիւնը յարմար աղջկայ մը վրայ կեդրոնանալէ ետք: Ապա անոնք տեղեկութիւն կը հաւաքէին աղջկան և անոր ընտանիքին ընկերային-տնտեսական վիճակին, համբաւին ու ֆիզիքական-մտային կարողութեան մասին: Որեւէ պայմանաւորուածութենէ առաջ, աղջկան ընտանիքը եւս կը հետաքրքրուէր իրենց ապագայ փեսային եւ անոր հարազատներուն մասին: Այս ստուգումները աւելի դիւրութեամբ կը կատարուէին գիւղամիջեան պարագաներուն, ուր մարդիկ զիրար շատ լաւ կը ճանչնային, քան արտագիւղական ամուսնութիւններուն, որոնք այնքան ալ ընդհանրացած չէին: [2] Շատ քիչ պարագաներու «փախիլներ» կը պատահէին, երբ տղան եւ աղջիկը սիրահարած էին, բայց աղջկան հայրը դէմ էր անոնց միութեան: [3] Դատական հետապնդումի պարագային, գերակշիռ էր աղջկան որոշումը: [4] Աղջիկները ընդհանրապէս կ’ամուսնանային անչափահաս տարիքին, իսկ տղաքը՝ քսաններու կէսերուն: Հազուագիւտ պարագաներու, մասնաւորաբար երբ աղջկան նիւթական հարստութիւնը կամ ժառանգի տուեալները կը գերազանցէին տղուն ունեցուածքը, աղջիկը կրնար տղայէն աւելի մեծ ըլլալ: [5]

 

Ընդհանրապէս, ամուսնութեան համար աղջկան ձեռքը խնդրելու եւ անոր ընտանիքին հաւանութիւնը ստանալու արարողութիւնը կ’ընդգրկէր ընտանեկան երեք այցելութիւն՝ ամուրի տղուն ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութեամբ մը: Առաջին այցելութեան ընթացքին քահանան/պատուելին, ծխական խորհուրդի/թաղականութեան ատենապետը, գիւղական անձնաւորութիւն մը եւկամ տղուն ընտանիքին մէկ աւագ անդամը կը բացայայտէին իրենց մտադրութիւնը: Երկրորդ այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը կը ստանար բանաւոր համաձայնութիւն: Իսկական նշանախօսութիւնը տեղի կ’ունենար երրորդ այցելութեան ընթացքին՝ երկու ընտանիքներուն մասնակցութեամբ: Այս առիթով տեղի կ’ունենար խնճոյք:

Նշանուած շրջանին զոյգը իրաւունք չունէր առանձին հանդիպելու կամ իրարու հետ խօսելու նոյնիսկ ուրիշներու ներկայութեան, որպէսզի պահպանուէր ընտանեկան «պատիւը» կամ «արժանապատւութիւնը», նաեւ անոնք որոշ հեռաւորութիւն պէտք էր պահէին՝ նկատի ունենալով որ դէպքերը կրնային նաեւ անբարեհաճոյ ընթացք մը առնել: [6]

 

1) Նշան Պոյաճեանի (Խըտըր Պէկէն) եւ Օվսաննա Ֆիլեանի (Պիթիասէն) ամուսնական պատկերը, 12 (կամ 21) հոկտեմբեր 1932, Պիթիա՞ս (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Եսայի Շիրիքեանի (1938-էն ետք՝ Տէր Մովսէս) եւ Նեկտար Պուրսալեանի ամուսնական պատկերը, 1923, Եողունոլուք (Աղբիւր՝ Տէր Նարեկ Շրիգեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս. շնորհակալութիւններ Լիզա Մանոյեանի)։

Հարսանիքները տեղի կ’ունենային Շաբաթ օրերը: Յատուկ պատրաստուած ճաշերն ու աւանդական երաժշտութիւնը, երգերն ու պարերը կը ճոխացնէին խնճոյքը: Փեսան եւ կնքահայրը հագցնելու պարտականութիւնը կը տրուէր իկիթպաշիին (քաջերու առաջնորդին) և անոր գիւղի ամուրիները ներկայացնող կամաւորներու անպաշտօն միութեան: Խումբ մը կիներ, որոնց շարքին ամուրիներ եւ նորապսակներ, նման արարողութիւններ կը կատարէին հարսին տունը: Ուրախ շքերթ մը փեսային տունէն ճամբայ կ’ելլէր դէպի հարսնացուին տունը, զայն կ’առնէր եւ կը տանէր եկեղեցի, ընդհանրապէս՝ ձիու վրայ: Իբրեւ կանոն, հարսնացուին ծնողները չէին մասնակցեր եկեղեցական արարողութեան, այն բացատրութեամբ, որ անոնք «կը սգային», որովհետեւ ան կը լքէր իրենց տունը՝ այլ ընտանիքի մը միանալու համար:

Հարսանիքի արարողութենէն ետք, փեսային հարազատները կ’ուղղուէին դէպի անոր բնակարանը՝ խնճոյքը շարունակելու համար: Հարսնացուին կողմէ երիտասարդ աղջիկներ կը կրէին գումաշը (կերպասը) և այլ առարկաներ իբրեւ անոր ուժէտին (օժիտ) մէկ մասը, մինչդեռ տղամարդ մը կը կրէր օժիտին աւելի ծանր արկղը: Նախքան զոյգին տուն մուտքը, հարսը կը փշրէր կաւէ կուժ մը՝ խորհրդանշականօրէն չար ոգիները վանելու նպատակով: Ան նաեւ նուռ մը կը նետէր գետին կամ պատին ուղղութեամբ՝ այն յոյսով որ կրնար այնքան զաւակներ ունենալ, որքան դուրս ժայթքած նռան կուտերու թիւը: Խնճոյքը կը շարունակուէր մինչեւ կիրակի ամբողջ օրը: Մեղրալուսինը տեղի կ’ունենար ամուսնոյն տան մէջ (նախասիրած կամ տարաշխարհիկ վայր մը ճամբորդելը անծանօթ պերճանք էր): Օդին մէջ արձակուած տօնական կրակոցները կ’աւետէին հարսին կուսութիւնը ամուսնութեան պահուն (կուսութիւնը ստուգելու եղանակը ճշդուած չէ)՝ գոհունակութիւն պատճառելով երկու ընտանիքներուն, որ իրենց պատիւը մնացած է անբիծ: Վերջապէս, նոյնքան կարեւոր է նշել, որ միայն մահը կրնար զոյգը իարմէ բաժնել. ամուսնալուծումը չտեսնուած երեւոյթ էր: [8]

 

1) Տէր Վահան (աւազանի անուն՝ Սարգիս) Քէնտիրճեան եւ իր ընտանիքը, Պիթիաս, 1930-ականներ (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Հարսանիք Մուսա Լեռի մէջ։ Տեղն ու անձերու անունները անյայտ են (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, 
Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970)։
3) Նշան Պոյաճեանի եւ Օվսաննա Պոյաճեանի (ծնեալ Ֆիլեան) ընտանիքը, Խըտըր Պէկ, 1930-ականներ (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

 

 

Ծնունդներ և ընտանիքի թիւ

Կ’ակնկալուէր, որ զաւակներ ծնին ամուսնութեան առաջին տարուան ընթացքին: Կ’օգտագործուէին աւանդական դարմանումներ՝ յաճախ միացած ժողովրդային ծէսերու, եթէ կին մը յղի չմնար: Բայց ամուսնալուծումը իբրեւ տարբերակ չէր ընդունուած, նոյնիսկ այն պարագային, երբ յղանալու բոլոր միջոցները ապարդիւն մնային: Կը նախընտրէին տղան իբրեւ առաջին զաւակ՝ երկու պատճառով. շարունակել կրելու ընտանիքին մականունը եւ ունենալու տնտեսական օժանդակ ձեռք մը: Առաջին տղայ եւ աղջիկ զաւակները անառարկելիօրէն կ’անուանակոչուէին իրենց հօրենական մեծհօր և մեծմօր անուններով: Տղաներն ու աղջիկները որոշ տարիքէ մը ետք տարբեր կը կրթուէին: Տղաներու պարագային շեշտը կը դրուէր տքնաջան աշխատանքին վրայ, որպէսզի հետագային անոնք կարենային նեցուկ կանգնիլ իրենց ընտանիքներուն: Աղջիկներու պարագային, մանկութիւնը յարմար ժամանակ կը նկատուէր լաւ տանտիկիններ դառնալու միջոցները սորվելու համար: Այդ իսկ պատճառով, ընդհանուր առմամբ, աղջիկներու դպրոցական պաշտօնական կրթութիւնը կարեւոր չէր նկատուեր [9], թէեւ այդ մտածելակերպը սկսած էր փոխուիլ:

 

Բոլոր տուեալերը ցոյց կու տան, որ Մուսա Լեռան մէջ ընտանիքի անդամներուն թիւը մեծ չէր: Այս իրողութիւնը կը հաստատեն երեք տարբեր հետազօտութիւններ: Նախ, հիմնուելով 1929-ին կատարուած մարդահամարի տուեալներուն վրայ, իւրաքանչիւր գիւղի մէջ ընտանիքի միջին թիւը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը. Պիթիաս՝ 5.05, Հաճի Հապիպլի՝ 4.4, Եողունոլուք՝ 5, Խըտըր Պէկ՝ 4.83, Վագըֆ՝ 5.4. Քապուսիէ՝ 5, միջին հաշւուվ 4.94: [10] Երկրորդ, 1939-ին, իբրեւ նախպատրաստութիւն հաւաքական արտագաղթի՝կատարուած մարդահամար մը ցոյց կու տար հետեւեալ թիւերը (դժբախտաբար, Եողունոլուքի և Վագըֆի տուեալները գոյութիւն չունին). Պիթիաս՝ 278 տան պարագլուխ, 946 ընտանիքի անդամ: «Տան պարագլուխի» ցանկին մէջ կային 63 ամուրիներ (մեծաւ մասամբ) և չամուսնացած կիներ (եւ թերեւս քանի մը այրի կիներ ու տղամարդիկ), որոնք ընտանիքի անդամներ չունէին: Հետեւաբար տան պարագլուխներու իսկական թիւը 215 էր, իսկ ընտանիքի միջին թիւը՝ 4.33, 10-ն՝ առաւելագոյն թիւը: Հաճի Հապիպլին ունէր 207 տան պարագլուխ՝ ընդհանուր 909 անդամով, միջինը 4.39 հոգի, 11-ը՝ ընտանիքի առաւելագոյն թիւը: Խըտըր Պէկի մէջ՝ 217 տան պարագլուխ, 1.037 անդամ, ընտանիքի միջին թիւը`4.77 հոգի, 11-ը` ընտանիքի առաւելագոյն թիւը: Քապուսիէի մէջ՝ 184 տան պարագլուխ, 890 անդամ, ընտանիքի միջին թիւը՝ 4.83, 9-ը՝ ընտանիքի առաւելագոյն թիւը: Ամփոփելու համար, այդ չորս գիւղերուն մէջ ընտանիքի միջին թիւը կը տարուբերէր 4.33 եւ 4.83 անդամի միջև՝ միջին հաշուով 4.58 հոգի:

 

Երրորդ՝ 22 Օգոստոս 1939-ին ֆրանսացիներու կողմէ Ռաս ալ-Պասիթի ճամբարին մէջ կատարուած մարդահամար մը ցոյց կու տար հետեւեալ պատկերը. Պիթիաս՝ 228 ընտանիք 982 անդամներով, միջին հաշուով 4.3 հոգի իւրաքանչիւր ընտանիք մէջ (միջինները իմս են). Հաճի Հապիպլի՝ 215 ընտանիք, 909 անդամ, միջին հաշուով 4.22 հոգի/ընտանիք; Եողունոլուք՝ 236 ընտանիք, 886 անդամ, 3.75 հոգի/ընտանիք. Խըտըր Պէկ՝ 243 ընտանիք, 1.082 անդամ, 4.45 հոգի/ընտանիք. Վագըֆ՝ 89 ընտանիք, 368 անդամ, 4.13 հոգի/ընտանիք. Քապուսիէ՝ 193 ընտանիք, 898 անդամ, 4.65 հոգի/ընտանիք: [11] Հետեւաբար, ընտանիքի թիւը կը տարուբերէր 3.75 և 4.65 հոգիի միջև՝ միջին հաշուով 4.25 հոգի: Եզրակացնելու համար, հակառակ անոր որ երեք մարդահամարներուն մէջ միջին ցուցանիշներուն միջեւ կան տարբերութիւններ, սակայն անոնք բացայայտ կը դարձնեն, որ Մուսա Լեռան մէջ ընտանիքի անդամներուն թիւը փոքր էր՝ հինգ հոգիէ պակաս իւրաքանչիւր ընտանիքի համար: Դժբախտաբար, մենք չունինք շօշափելի ապացոյցներ նոյն յարկին տակ միասին բնակող ընտանիքներու թիւին մասին, հակառակ անոր որ վերը նշուած բնակարաններու վերաբերող բաժնին մէջ ակնարկութիւն կայ այդ մասին:

 

 

 

Ներընտանեկան յարաբերութիւններ

Ամուսին-կին յարաբերութիւնները եւ առհասարակ այրերու եւ կիներու ընկերային կարգավիճակը որոշ չափով կը տարբերէր ըստ անոնց գտնուած վայրին և կրօնական դաւանանքին: Մուսա Լեռան գիւղերը մեր հայեցողութեամբ կարելի է բաժնել երկու խումբի: Առաջին խումբը՝ Եողունոլուք, Խըտըր Պէկ, Վագըֆ, Քապուսիէ. երկրորդ խումբը՝ Պիթիաս և Հաճի Հապիպլի: Առաջին խումբին մէջ նկատառելի անհաւասարութիւն կար երկու սեռերուն միջև: Տղամարդիկ կ’առնէին կարեւոր որոշումները և հրամաններ կու տային, մինչ կիները պարտաւոր էին հնազանդելու՝ առանց հարցադրելու զանոնք: Այսուհանդերձ, կիները եւ ոչ թէ տղամարդիկ կը փոխադրէին փայտի և թուփերու ծանր բեռները, ինչպէս նաեւ՝ ջուր կը կրէին աղբիւրներէն: Տղամարդիկ նոյնիսկ իրենց զաւակները չէին գրկեր հանրութեան առջեւ՝ գրկելը համարելով անտեղի, եթէ ոչ ամօթալի: [12] Հակառակ այն իրողութեան որ կիները աւելի ծանր պարտաւորութիւններ ունէին քան տղամարդիկ, ինչպէս՝ տան աշխատանքները, զաւակներու կրթութիւնը եւ նիւթականներդրումը, անոնց պարտականութիւնները ընդհանուր առմամբ չէին ընկալուած կամ գնահատուած հասարակութեան կողմէ: Եթէ որեւէ պատճառով ​​զոյգը միասին դուրս գար տունէն, անոնք կը քալէին անջատ՝ կինը քիչ մը ետեւէն հետեւելով ամուսնոյն: Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տղամարդիկ կը գրաւէին առջեւի շարքերը, տարեց կիները՝ մէջտեղի, իսկ երիտասարդները՝ ետեւի շարքերը, մուտքին մօտ: [13]

 

Երկրորդ խումբին մէջ, աւանդական, պահպանողական նկատառումները նուազ կաշկանդող էին կիներուն համար: Մասնաւորաբար Աւետարանական համայնքին մէջ, կիները աւելի համարձակ կ’արտայատէին իրենց տեսակէտները: Ամուսինները նուազ հակակշռող եւ աւելի յարգալիր էին իրենց կիներուն հանդէպ: Ամուսնացած զոյգերը սովորաբար կողք կողքի կը քալէին երբ դուրս գային, երբեմն նոյնիսկ՝ թեւանցուկ: Թէեւ անոնք ծանր աշխատանքով նուազ ծանրաբեռնուած չէին քան այլ վայրերու մէջ գտնուող կիները, այսուհանդերձ անոնք գնահատուած էին ընտանեկան բարեկեցութեան մէջ իրենց զգալի ներդրումին համար: Անշուշտ որ եկեղեցական պաշտամունքի ժամանակ առկայ էր սեռերու ֆիզիքական բաժանումը: Բայց անիկա զուգահեռ բաժանում էր, այսինքն՝ տղամարդիկ կը նստէին աջ կողմի նստարաններուն վրայ, իսկ կիները ձախ կողմի նստարաններուն վրայ՝ բոլորը բեմին դիմաց, հետևաբար ոչ առջեւ-ետեւի շարքով: Պիթիասի Առաքելական համայնքը, թէեւ ոչ այնքան ազատական, բայց ազդուած էր աւետարանականներէն եւ, հետեւաբար, նուազ պահպանողական էր քան առաջին խումբի իր հայրենակիցները [14]: Հաճի Հապիպլիի համայնքը, որ հիմնականօրէն կը պատկանէր Առաքելական եկեղեցւոյ, կը նմանէր Պիթիասի իր կրօնակիցներուն՝ ինչ կը վերաբերի կիներու կարգավիճակին և սեռերու յարաբերութեան: Այս մէկը կարելի է մասամբ բացատրել երկու գիւղերուն միջեւ շատերու ընտանեկան յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ անոնց աշխարհագրական մօտիկութեամբ: [15] Խըտըր Պէկի և Եողունոլուքի աւելի փոքրաթիւ Կաթողիկէհամայնքներուն պարագային, այր-կին յարաբերութիւններուն և անոնց կարգավիճակին վերաբերող տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին: Սակայն, յարաբերաբար ապահով պիտի ըլլայ ենթադրել, որ կաթողիկէներու պայմանները աւելի մօտ եղած են իրենց առաքելական համագիւղացիներու պայմաններուն:

Որոշ բացառութիւններով, առաջին խումբին պատկանող ամուսինը չէր խօսեր կնոջը հետ կամ անոր մասին՝ անոր անունը տալով: Փոխարէնը զայն կ’անուանէր մէյր (մեր), չուճխնէն մուար (զաւակներուն մայրը), կնակ (կին), աշկէյն (աղջիկ կամ [այսինչին՝ հօր անունը…դուստրը]) և այլն: [16] Իր կարգին, կինը իր ամուսնոյն հետ կամ անոր մասին կը խօսէր ըսլեով մուրդ (տղամարդ/ամուսին) կամ միյր մուրդ (մեր մարդը/ամուսինը):

Ինչո՞ւ: Տղամարդկանց պարագային, այն պատճառով, որ ջերմութիւն արտայայտելը, տան թէ հասարակութեան մէջ, նոյնիսկ միայն կնոջ անունը նշելով, կը նկատուէր ամօթալի, կամ անունը չտալով ան կը հաստատէր կամ կ’ամրացնէր իր հեղինակութիւնը կամ գերակայութիւնը: Կիներու պարագային, անոնք ստիպուած էին պահելու ակնկալուած ձեւականութիւնը՝ երրորդ դէմքով խօսելով իրենց ամուսնոյն հետ: [17] Բայց Պիթիասի մէջ, ամուսին եւ կին իրենց անուններով կը խօսէին իրարու հետ [18]՝ իբրեւ այլ դրսեւորում անպաշտօնականութեան կամ ջերմութիւն բացայայտող արտայատութեան: Այս եւ վերը նշուած կարգ մը երեւոյթները կարելի է վերագրել տասնամեակներով անոնց կրած ամերիկեան բողոքական միսիոնարական ազատականութեան ազդեցութեան՝ առնուազն համեմատելով Մուսա Լեռան մէջ առկայ պահպանողականութեան հետ [19], ինչպէս նաեւ՝ ամառային արձակուրդի համար եկած մարդոց քաղքենի ապրելակերպի ազդեցութեան:

 

Ընտանիքին տարբեր անդամները, ներառեալ խնամիներն ու կնքահայրը կը ճանչցուէին բարդ եզրերով: Տուտ եւ մար յաջորդաբար կը բնորշէին հայր և մայր: Պապակ կը նշանակէր հօրենական, ինչպես նաեւ՝ մօրենական մեծհայր: Բայց «մեծմօր» հանդէպ բոլորովին տարբեր վերաբերում կար: Մինչ տատիմար բառացիօրէն կը նշանակէր հօր մայրը, քիրըմար կը նշանակէր մօրեղբօր մայրը: Այլ խօսքով, մօրենական մեծմայրը կը ճանչցուէր իր որդիին եւ ոչ թէ ուղղակիօրէն իր դուստրին միջոցով: Այս մէկը կարելի է նաեւ նկատել այլ ցուցանիշ մը, որ Մուսա Լեռան ընկերութիւնը ամէն ձեւով ունէր հայրիշխանական դիմագիծ: Հօրեղբայրը կը ճանչցուէր իբրեւ ամմա, մինչդեռ անոր կինը կը կոչուէր աղբէրկէն, այսինքն (հօր) եղբօր կինը: Հուրքէր/հուրքայրը հօրաքոյրն էր, անոր ամուսինը` հուրքըրար: Քիրան մօրեղբայրն էր, իսկ անոր կինը՝ քիրէկէն: Մուրքեր/մուրքայրը մօրաքոյրն էր, իսկ ամուսինը՝ մուրքըրար: Կնոջ կէսուրհայրն ու կէսուրմայրը ծանօթ էին իբրեւ սկսրար և սկիսիւր, մինչդեռ տղամարդուն կէսուրհայրն ու կէսուրմայրը կը կոչուէին քայընպապա և քայնանա: Ամուսնոյն եղբայրը կը կոչուէր տաքրարի, իսկ կինը նիրտիկէն: Ամուսնոյն քոյրը` տուլ կամ տալտիկէն, բայց ըստ երեւոյթին որեւէ անուն գոյութիւն չունէր անոր ամուսնին համար: Միւս կողմէ, կնոջ եղբայրը քէյնա էր: Տղուն ընտանիքը անոր կինը կը կոչէին հուրս (հարս) և իրենց դստեր ամուսինը՝ փիսօ (փեսայ): Քոյր-եղբայրներ եւ զարմիկներ զիրար կ’անուանէին աղբար (եղբայր) և քայր/քուրէոկ (քոյր): Իւրաքանչիւր սեռի թոռը թուռըն էր: Ինչ կը վերաբերի կնքահօր, ապա զայն կը կոչէին պուպ, անոր կինը՝մում, մայրը՝ պապումար, իսկ քոյրը՝ պապուքէր: Հոս եւս պուպի հայրը և եղբայրը յատուկ նշանակութիւն չունէին: Այսուհանդերձ, կնքահօր ամբողջ ընտանիքը յարգալիր կերպով կը ճանչցուէր իբրեւ պուպընք (կամ պապընք): Մարդիկ ուշադիր կը հետեւէին խնամիներու եւ կնքահօր առնչուող արարողակարգերուն՝ նկատի առնելով որ փոխադարձ հրաւէրներ, այցելութիւններ եւ կամ նուէրներու փոխանակում տեղի կ’ունենային ընտանեկան յատուկ առիթներով և կրօնական տօներուն: [20]

 

Գէորգ («Ազիզ») Շէրպէթճեանի տան փակը. ընտանիքն ու հիւրեր, 1930-ականներուն, Պիթիաս։
Նստած, ձախէն աջ՝ Սուրէն Փափախեան (տարօնցի ուսուցիչ Պիթիասի ազգային վարժարանին մէջ, յետագային Տէր Սուրէն Փափախեան, կը պաշտօնավարէ Տիթրոյիթի – Միշիկըն – Ս. Սարգիս եկեղեցիին մէջ), Գէորգ («Ազիզ») Շէրպէթճեան, կինը՝ Վարդեր (ծնեալ Մաղզանեան), փեսան՝ Եսայի Սթանպուլեան, փոքրագոյն դուստրը՝ Զէքիէ։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մարի Շէրպէթճեան (այլ դուստր մը), Մաղզանեան մը (ազգական), Ճեմիլէ Շէրպէթճեան Սթանպուլեան (դուստր մը եւ Եսայիին կինը), Յակոբ Սիմոնի-Տասնապետեան՝ ՀՅԴ-ի ապագայ ղեկավարներէն Հրաչ Տասնապետեանի հօրեղբայրը (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

 

 

Մականուններ

Մուսա Լեռան մականունները, որոնք կարելի է բաժնել վեց հիմնական դասաւորումներու, կը ներկայացնէին յաւելեալ ցուցանիշներ ընկերային դերերու, կարգավիճակի կամ յարաբերութիւններու մասին:

Սկսելու համար, զգալի թիւով ընտանիքներ իրենք զիրենք կը ներկայացնէին հիմնադիր նախահօր կամ նահապետին անունով` աւելցնելով հայերէն «եան» վերջածանցը, ինչ որ կը նշանակէր «անոր ժառանգորդները»: Այսպիսով, Թովմասեան, Թորոսեան, Մաթոսեան, Անդրէասեան, Միքայէլեան, Աբրահամեան, Անտոնեան, Նիկողոսեան, Մելիտոնեան, Իսկենտէրեան եւ այլն: Նկատի առնելով որ որոշ ընտանիքներ քահանայական շարաւիղի մաս կը կազմէին,  անոնք իրենց մականունին սկիզբը կ’աւելցնէին Տէր (Հայր/Տէր) տիտղոսը՝ Տէր Գալուստեան, Տէր Պետրոսեան, Տէր Յովհաննէսեան, Տէր Առաքելեան: Երկրորդ, մականուններու շօշափելի բաժինը ցոյց կու տար անոր տիրոջ աշխարհագրական ծագումը, ինչպէս՝ Պոլիսեան (Սթամպուլէն), Սթամպուլեան (Պոլիսէն), Իզմիրլեան (Իզմիր/Զմիւռնիայէն), Պուրսալեան (Պուրսայէն), Այնթապեան (Այնթապէն), Ուրֆալեան (Ուրֆայէն), Քըպրըսլեան (Կիպրոսէն) և Քեսապլեան (Քեսապէն): [21] Այլ խօսքով, Մուսա Լեռան համայնքը կը բաղկանար տարբեր վայրերէ եկած մարդոց խառնուրդով, որոնց նախնիները տարբեր պատճառներով գաղթած էին կամ ապաստանած Մուսա Լեռ՝ այնու գումարուելով ենթադրեալ բնիկներուն վրայ, որոնք շատ հաւանաբար հոն կը գտնուէին շատ հին ժամանակներէ ի վեր:

 

Երրորդ՝ որոշ մականուններ կը թելադրէին տիրոջ աշխատանքը կամ արհեստը: Այս դասաւորման մաս կը կազմէին Պոյաճեանները (ներկարար), Գուշաքճեանները (գօտի պատրաստող/վաճառող), Պերպէրեանները (սափրիչ), Գույումճեանները (ոսկերիչ), Տեմիրճեանները (երկաթագործ), Թենեքէճեանները (թիթեղագործ), Գազանճեանները (կաթսայագործ), Քէօշկէրեանները (կօշկակար/հնակարկատ), Շէրպէթճեանները (հիւթ վաճառող), Գատըեան (դատաւոր), Քասամանեանը (տուրքերը բաժնող/ցրւուղ) և այլն: Բնականօրէն, 1920-1930-ականներու սերունդը, այսինքն անոնք, որոնք կը կրէին նման մականուններ, պայման չէր որ նման գործեր ունենային, այլ պարզապէս անոնք կը կրէին նախորդ սերունդներէն կտակուած մականուններ: Նոյն դասակարգին մէջ կային նաեւ մականուններ, որոնք կ’առնչուէին պաշտօնական կրօնական դերակատարութեան մը, օրինակ ՝Ժամկոչեան (եկեղեցիին զանգակը հնչեցնող/քահանային օգնական) և Շէմմասեան (լուսարար):

Չորրորդ, նախնիներէն մէկու մը իւրայատուկ ֆիզիքական կերպարանքը եւ/կամ կարողութիւնը կը բնորոշէին մականունը (փաստօրէն զարգանալով յորջորջումէ մը): Օրինակ՝ Ֆիլեանները (փիղ) այսպէս կոչուած էին իրենց ֆիզիքական ամրութեան պատճառով, Ճամպազեանները (լարախաղաց)՝ իրենց ճկունութեան համար, Թիլքիեանները (աղուէս) կա՛մ կը նմանէին կամ ալ կը վարուէին այդ խորամանկ կենդանիին նման, Քէրքէզեանները (անգղ) ձեւով մը առնչուած էին այդ գիշատիչ թռչունին հետ և այլն: Հինգերորդ՝ պատուարար տիտղոսներ նաեւ հիմք կը հանդիսանային քանի մի մականուններու, ինչպէս՝ Պէկեան (պարոն/ազնուական), Աղայեան (երեւելի), էֆենտիեան (ուսեալ պարոն/բարձրաստիճան օսմանեան անձնաւորութիւն) և Փաշայեան (օսմանեան զինուորական սպաներու բարձրագոյն կոչում): Արդեօք անոնք իսկապէ՞ս կը վկայէին կրողներուն բարձր աստիճան ունենալու իրողութիւնը (օսմանեան ժամանակաշրջանին), կարելի չէ անմիջականօրէն որոշել: Իսկ մականուններու վեցերորդ դասաւորումը բաղկացած կ’ըլլար անպաշտօն անուանումներու խառնուրդէ մը, ոմանք՝ բացատրելի, ուրիշներ՝ ոչ: [22]

 

1) Գէորգ («Ազիզ») եւ Վարդեր Մաղզանեան Շէրպէթճեանի դուստրերն ու թոռնուհին, Պիթիաս, 1920-ականներու սկիզբը։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Զաքիէ (հաւ մը բռնած), Ճամիլէ (ճերմակ, ձեռքի գործ պուպրիկ մը բռնած), Մարի Շէմմասեան (կատու մը բռնած, հետագային կ՚ամուսնանայ Յովհաննէս Պուրսալեանի հետ, Եողունոլուք)։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Մարի (Շէրպէթճեան), Մարթա (Շէրպէթճեան, ամուսնացած Գաբրիէլ/Ճապրա Շէմմասեանի հետ, Եողունոլուք, մայրն է իր առջեւ կանգնած փոքրիկ Մարիին) (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Տէր Մովսէս եւ Նեկտար Պուրսալեան Շիրիգեանի զաւակները, Եողունոլուք, 1938։ Հերմինէ (կեդրոնը) իր եղբայրներուն՝ Փայլակի (ձախին, հետագային կը դառնայ Տէր Կորիւն եւ կը ծառայէ Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին մէջ) եւ Գէորգի (աջին, հետագային կը դառնայ Տէր Նարեկ եւ կը ծառայէ Անճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ այլ եկեղեցիներուն մէջ) հետ։ Անոնք երկու այլ քոյր ու եղբայր ունէին՝ Սօսէ (ամուսնացած Նազարէթ Պիտանեանի հետ) եւ Գուրգէն (Աղբիւր՝ Տէր Նարեկ Շրիգեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս. շնորհակալութիւններ Լիզա Մանոյեանի)։

Բազմաթիւ ընտանիքներ ունէին նոյն արմատները, բայց կը կրէին տարբեր մականուններ: Այս երևոյթին համար առկայ են երկու բացատրութիւններ: Առաջինը կը վերաբերէր չափին: Ժամանակի ընթացքին երբ ընտանիքները կ’աճէին թիւով, կարգ մը տան պարագլուխներ կ’որոշէին որդեգրել իրենց հօր կամ անմիջական մեծհօր անունը իբրեւ մականուն՝ շփոթէ խուսափելու համար: Որոշ պարագաներու, անպաշտօն անուանումները կը ծառայէին իբրեւ գործնական լուծում, ինչպէս որ կը բացատրէ պիթիասցի Ալպերթա Մաղզանեանը.

«Ոմանք թերեւս անպաշտօն անուանումները նկատեն անհեթեթ նիւթ, բայց ոչ այն վայրին մէջ, ուր մարդիկ ծանօթ էին իրենց անպաշտօն անուանումներով և ոչ որևէ բուն անունով: Տակաւին, փոքր համայնքի մը մէջ, ուր աւանդութիւն էր անդրանիկ զաւակները կոչել մեծհօր/մեծմօր անունով, քանի մի սերունդ ետք, պիտի ունենային բազմաթիւ Յակոբներ, Աննաներ, Մուսաներ, Մարիներ և այլն:Անպաշտօն անուանումները հնարամիտ էին եւ կրնային ինքնութեան որոշ հարցեր լուծել: Որոշ պարագաներու անպաշտօն անուանումը կ’ընդունուէր իբրեւ ընտանիքին նոր մականունը՝ ստեղծելով մարտահրաւէր մը անոնց համար, որոնք կը փափագին հետագրել իրենց ընտանեկան ծառը, հարց մը, որ վստահ եմ, չէր հետաքրքրեր անոնց, որոնք կատարած էին այդ փոփոխութիւնը:Մեր ընտանիքին մականունը՝ Մաղզանեան հակամէտ եղաւ երթալու տարբեր ուղղութիւններով: Օրինակի համար, Ստամպուլեան նախատիպը Պիթիասի մէջ, մեր ընտանիքի որոշ անդամներուն պարագային վերածուեցաւ Քէշիշեանի»[23]

 

1) Պիթիաս՝ Անշարժ գոյքերու սեփականութիւն, 1939
2) Պիթիաս՝ Կենդանիներ եւ ծանրութիւն շարժուն այլ սեփականութեան, 1939
3) Հաճի Հապիպլի՝   Բնակիչներ, կենդանիներ եւ անշարժ սեփականութեան արժէք, 1939
4) Խըտըր Պէկ՝  Բնակիչներ, կենդանիներ եւ անշարժ սեփականութեան արժէք, 1939
5) Քապուսիէ՝ Բնակիչներ, կենդանիներ եւ անշարժ սեփականութեան արժէք, 1939

Եթովպիա ծնած Յակոբ Ադամեանը կը բացատրէ Ադամեան-Չէմէնեան բաժանման պատճառը Եողունոլուքի մէջ.

«Իմ մեծհայրս կը կոչուէր Խաչեր՝ Յակոբի որդին: Խաչերը իր մականունը Ադամեանէն փոխեց Չէմէնեանի: Ըստ հօրաքրոջս պատմածներուն, նամակներուն և այլն, որոնք հայրս Եթովպիայէն կ’ուղարկէր իր հօր, երբեմն սխալմամբ կը հասնէր միւս Խաչեր Ադամեանին (անոր զարմիկի՞ն): Ուստի, ըստ երեւոյթին բարկացած՝ մեծհայրս կ’որոշէ իր մականունը փոխել Չէմէնեանի (կ’ըսուի, որ ան կը սիրէր չէմէն ուտել [կծու համեմ մը]): Այսպէս, հօրս ընտանիքին մէկ մասը հետագային դարձաւ Չէմէնեան»[24]

Երկրորդ պատճառը բխած է մականունները իրենց թրքական բնատիպէն հայացնելու ցանկութենէն: Այս է պարագան, օրինակ, Քէշիշեաններուն (թրքերէն քահանայ) եւ Երէցեաններուն ու Պայրամեաններուն (թրքերէն տօն) և Տօնիկեաններուն, որոնց ընտանիքներու երկու խումբերն ալ Քապուսիէէն էին: Նկատի առնելով,որ այս և միւս ընտանիքները ժամանակի ընթացքին կը շերտաւորուէին բազմաթիւ ճիւղերու, անոնք, բնականաբար կը շրջանցէին «ընդլայնուած ընտանիքի» աւանդական հասկացութիւնը իբրեւ նոյն յարկի տակ ապրող երեք սերունդ: Հետևաբար, Մուսա Լեռան մէջ կարելի է հանդիպիլ, ինչպէս այլ համայնքներու մէջ, նոյն արմատները յաւակնող մարդոց, բայց տարբեր մականուններով, ոչ միայն իգական սեռի պարագային (որոնք բնականօրէն կ’որդեգրէին իրենց ամուսնոյն մականունը), այլև՝ տղամարդոց մէջ: [25]

Նաև պէտք է նշել, որ տարբեր գիւղերու մէջ ապրող նոյն մականունով մարդիկ կրնային ազգականներ ըլլալ, բայց ոչ անպայման: Օրինակ՝ Զոպեանները Հաճի Հապիպլիի և Պիթիասի մէջ կը դաւանէին ունենալ նոյն նախնիները: Քանի որ Խըտըր Պէկը և Վագըֆը ճիւղաւորուած էին Եողունոլուքէն, նոյն մականունով անոնց ազգաբնակիչները ընդհանրապէս ազգական էին, օրինակ՝ Եողունոլուքի և Վագըֆի Շէմմասեանները և Եողունոլուքի և Խըտըր Պէկի Ատաճեանները: Միւս կողմէ, Հաճի Հապիպլիի, Խըտըր Պէկի և Քապուսիէի Մարտիրեանները, ինչպէս նաև Պիթիասի և Խըտըր Պէկի Շէրպէթճեանները չունէին հարազատութեան կապեր:

 

 

 

Անպաշտօն անուանումներ

Ծնողներ իրենց զաւակներուն կու տային ծննդեան անուններ, բայց մարդիկ անպաշտօն անուններ կը յարմարցնէին իրարու՝ ըստ իրենց նախասիրութիւններուն կամ ընկալումներուն: Տեղական ըմբռնումով լաղապու (լաքապ արաբերէն կը նշանակէ՝ տիտղոս/պիտակ), անպաշտօն անունները սովորաբար կը տրուէին ոչ թէ մանկութեան տարիներուն, այլ պատանի տարիքէն ետք, երբ անձը ձևաւորած կ’ըլլար բացորոշ անհատականութիւն մը և կամ բաւական մեծցած էր, որպէսզի ճանչցուէր զատորոշ յատկութեամբ մը: Ըստ երեւոյթին, ոչ մէկ չափահաս տղամարդ (կամ որոշ կիներ) անձեռնմխելի էր այս սովորութենէն: Այն, որ պիտակաւորման երեւոյթը տարածուած և խորապէս արմատաւորուած էր Մուսա Լեռան ընկերութեան մէջ, կը դրսեւորուէր այն իրականութեամբ, որ մարդոց իսկական անուններն ու մականաունները երբեմն, եթէ ոչ յաճախ, կը մոռցուէին, որովհետեւ անոնք կը փոխարինուէին առօրեայ կեանքին մէջ սովորաբար գործածուող անպաշտօն անուններով: [26]

Տարբեր գործուններ կը ձեւակերպէին այս անպաշտօն որակումները: Սկսելու համար, անոնք անհատները կը նկարագրէին մեկնելով անոնց ծագումէն կամ պատմութենէն: 1909-ին Անտիոքի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն պատճառով որբացած փոքրիկ տղայ մը, որ Պիթիաս ապաստանած էր ապահովական նկատառումներով, սկսաւ ճանչցուիլ իբրեւ Անթաքալէն (անտիոքցին): Գրիգոր Առուշեան, պիթիասցի փռապան մը եւ անոր ընտանիքը կը կոչուէին Ուրֆացինք (ծագումով Ուրֆայէն): [27] Մ. Նահանգներ արտագաղթած մը, որ Առաջին աշխարհամարտէն ետք կը վերադառնար իր ծննդավայրը՝ Եողունոլուք, կը ճանչցուէր իբրեւ Ամիրիքիցէն (ամերիկացին) և այլն: [28]

 

Որոշ գործունէութիւն մը, վարմունք մը կամ բնաւորութեան գիծ մը իրենց արտայայտութիւնը կը գտնէին անպաշտօն անուններուն մէջ: Ուչըրըպ, որ թուրք-արաբական բարդ բառին աղաւաղուած տարբերակն էր եւ կը նշանակէր «երեք քառորդ» (այս պարագային՝ 1 լիրային), այն մարդն էր, որ նման գումար կը գանձէր իր համագիւղացիներէն՝ Անտիոքէն անոնց ապսպրանքները բերելու համար: Թահթըլպահարը՝ արաբերէն այլ բարդ բառ մը, որ կը նշանակէ «ծովուն տակ», կը սուզուէր Պույուք Քարաչային մէջ՝ ձուկ որսալու համար: Փըսթը հանդարտօրէն կը քալէր կատուի մը նման: Քութը Չարըքը, որ թրքերէնով կը նշանակէ «վատ կօշիկ», աւազակ էր: Քամպուզան կը պատրաստէր համանուն սոխով ճաշ մը: Թըք-թըքը իր մանկութեան տարիներուն սովորութիւն ունէր դռներ թակելու: Քեքլիքը կը կապկէր կաքաւին ձայնը: Տարեցկին մը ԱթաշՆէնէ կը կոչուէր, որովհետեւ ծանր գործ կ’ընէր եւ արագ կ’աշխատէր` սպառող կրակի մը նման: [29] Խուրուզինք այդպէս կը ճանչցուէին, որովհետեւ անոնց ընտանիքին նահապետը՝ Սարգիս Իկարեանը, կ’ընէր երկու բան. նախ՝ամէն անգամ, երբ տան մը շինութիւնը աւարտէր, ան տանիք կը բարձրանար և աքաղաղի պէս կը կանչէր՝ իբրեւ նշան գործին ամբողջացման: Երկրորդ, ան կը կազմակերպէր և/կամ կը սիրէր աքաղաղի մարտերը: [30] Մարդ մը, որ բամբասող էր, կը ճանչցուէր իբրեւ Ֆըսֆըս: [31]

Արտաքինը նաև կը գրաւէր անուանակոչներու ուշադրութիւնը: Քէլլէշը ճաղատ էր: Աշքարը շիկահեր էր: Ինկիլիզը անգլիացիի տեսք ունէր: Ըզղիրը (արաբերէն բառ) փոքր էր, ինչպէս էր պարագան Փըթի Վանիսին: Քըրրաճը մանրակազմ էր: Իշնունինքը (որ կը բխէր տեղական իշշէունք հայերէն բառէն, այսինքն՝ աշուն), աշնան կ’ունենար գունատ տեսք և կը նմանէր աշնանային տերևաթափ ծառի: Սապան և Տխրունին յաջորդաբար կը նմանէին անտիոքցի յոյն առևտրականի մը և Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) ղեկավարին՝ Սարգիս Տխրունիին (Քետէրեան): Քարթալօղլանը հպարտօրէն կը վսեմանար արծիւի մը նման: [32] Կարմերին (կարմիր) դէմքը կը ճառագայթէր այդ գոյնը. անիկա նաեւ կը մատնէր անձին համայնավար կողմնորոշումը: [33]

 

1) Մուսա Լեռի մէջ սրճարան մը։ Ճշգրիտ վայրը եւ մարդոց ինքնութիւնը անյայտ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)
2) Խումբ մը մարդիկ Մովսէս Մախուլեանի սրճարանին մէջ, Պիթիաս, 1930-ականներ։ Ձախէն աջ՝ Յակոբ Մախուլեան, Մովսէս Քէօշէեան, մնացեալը անյայտ  (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

Ֆիզիքական/մտային տկարութիւն ունեցող անձեր անմասն չէին մնար անուանումէ: Կայր (կոյր), Շաշկան (շիլ), Խէուլ (խուլ), Թուփալ (կաղ), Չուլախ (հաշմեալ ձեռք), Կարճ (կարճ), Խէյվ (յիմար), և այլ ածականները կը տրուէին առանց խպնելու: Որոշ անհաճոյ արարքներ նոյնպէս առիթ կը ստեղծէին անուանումներու, բայց անոնք հազուադէպ էին: Այս ցանկին մաս կը կազմէին նկարագրային գիծեր (ագահութիւն), խառնուածք (մելամաղձոտ), զբաղում (մսավաճառ, բախտագուշակ), եւ զանազան տարօրինակ ու անբացատրելի անուանումներ: [34]

Անհատի մը կողմէ մէկ կամ քանի մը անգամ ըսուածը կրնար անուանումի վերածուիլ անձի մը ամբողջ կեանքին տեւողութեան: Մաղզանեան կը մանրամասնէ իր մօրը պարագան.

«Պիթիասի տղամարդոց մեծամասնութիւնը հաւանօրէն անուանում մը ստացած էր իր կեանքին ընթացքին, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել կիներուն մասին: Այսուհանդերձ, կան քանի մը բացառութիւններ, ինչպէս էր պարագան…մեր մօր՝ Վիքթորիա Չաբարեան Մաղզանեանին: Փոքր տարիքին մեր մայրը շահած էր քէլէշըմ անուանումը, զոր պահած է ամբողջ կեանքին ընթացքին: Երբ մայրս շուրջ չորս տարեկան էր, ան իր Չաբարեան զարմիկներուն հետ կը մասնակցի դաշտագնացութեան մը գիւղին մօտ վայր մը, ուր պիտի հաւաքէին մանիղ, վայրի ուտելի մոլախոտ: Մինչ աւելի մեծ Չաբարեանները կը փորէին բոյսերը, ըստ երեւոյթին, մայրս հաւաքած է մաս մը անոնց բերքերէն և զայն տարած ու տուած է տարեց կնոջ մը Եողունոլուք գիւղին մէջ: Կինը ուրախանալով իր այս արարքէն անոր ըսած է հետեւեալ խօսքերը. «քելէշըմ, չուց էլ աղուէր լորջ իչուինիր կունա»: Թարգմանելով բարբառէն՝ «սիրուն, դուն ինչ ալ աղուոր կապոյտ աչքեր ունիս»: Եւ այդ կ’ըլլայ սկիզբը: Տուն վերադառնալու ճամբուն վրայ, զարմիկները հերթաբար իրենց ուսերուն վրայ կը շալկեն զինք՝ կարծէք յաղթանշան մը ըլլար, եւ անշուշտ անընդհատ զինք կոչելով քելէշըմ»: [35]

Պիթիասի մէջ այլ անձ մը կը կոչուէր խաշտակ (արաբերէն «բաւարար» բառին աղաւաղուած մէկ ձեւը), որովհետեւ ան այդ եզրը մնայուն կ’օգտագործէր: Փաստօրէն, ամբողջ ընտանիքը ծանօթ դարձած է խաշտակինք անունով: Գէորգ Շէրպէթճեան իր քաղցր խօսակցութեան եւ իր նշանածին հետ ազիզով խօսելուն համար կը կրէր Ազիզ (սիրելի) պիտակը: Մարդ մը որ ուրիշները կ’ողջունէր արաբերէն մարհապա (բարև) եզրով, իրեն տրուեցաւ Մահրապը անուանումը:Հարցումին, թէ ի՞նչ գործի վրայ է, մշակը կը պատասխանէ «ըքլըպօ», ըսել ուզելով հողը գլխիվայր շրջել: Այսպիսով մարդիկ զայն անուանած են Ըքլըպօ: [36] Վագըֆցի մը Ճստ-Վստ օծուած է, որովհետեւ ան անընդհատ «ճստ-վստ օլրայթ» կ’ըսէր երբ «կը պատասխանէր» անգլիացի այցելուի մը հարցումներուն: [37] Ցանկը երկար է:

Ընկերային-տնտեսական կարգավիճակի առումով, կեանքի անարդարութեան մերժումը կը հանդիսանար որոշիչ այլ ազդակ մը անուանումներու զարգացման: Ասիկա մասնաւորաբար, եւ թերեւս եզակիօրէն, ճշմարիտ էր Եողունոլուքի Վիրը Թէօղ թաղամասի բնակիչներուն համար, որոնք աղքատներու շարքին կը դասուէին: Զարգացնելով իրենց վիճակը ընդունելու զգացողութիւն մը՝ զուարթախոհութեամբ խառնուած, անոնք կը հեգնէին աղքատութիւնը` պատուարար մակդիրներ շնորհելով իրարու: Այսպիսով, աղքատ մարդը կը կոչուէր աղա, աւելի աղքատը՝ փաշա և ամէնէն աղքատը` էֆէնտի: [38]

 

Գիւղին երեւելիները անվիճելի աղաներ կամ պարիններ/պարիւններ (պարոններ) էին: Նոյնիսկ եթէ հազուագիւտ պարագաներու անուանումի անհրաժեշտութիւն կը զգացուէր, այնուամենայնիւ, անիկա կը կիրարկուէր պատուարար կոչումին հետ միասին. օրինակ ՝ Սալլան Պարիւն (խըտըր պէկցի Եսայի Աբրահամեան): Միւս կողմէ, Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ հաւանաբար, Առաջին աշխարհամարտէն ետք Մուսա Լեռան քաղաքական կեանքին մէջ ամէնէն հեղինակաւոր դէմքն էր, զայն կ’անուանէին էֆէնտի: Ինչ կը վերաբերի երեք դաւանանքներու հոգեւորականներուն (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական), ապա անոնք կը կանչուէին իրենց պատշաճ տիտղոսներով: Հաճի Հապիպլիի առաքելական քահանաներէն մէկը ՝ Յակոբ քհնյ. Քելեմեան, նաեւ կը կոչուէր Տէր Հմպալուս (Հայր Մրտի), թերևս այդ պտուղը չափազանց սիրելուն համար: Նմանապէս, Վագըֆի մէջ ծխականները ոչ բնիկ կրօնական մը անուանած էին Չար՝ իր անձնասէր, աշխարհիկ ապրելակերպին համար: [39]

Ընդհանուր առմամբ հանրութեան անծանօթ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) անդամները անուանումներու ձեւին տակ ծածկանուններ կը գործածէին ընդյատակեայ եւ գաղտնի գործածութեան համար: Կային կեղծանուններու տարբեր մակարդակներ: Ոմանք առնուած էին բնութենէն՝ արտայայտելով տոկունութիւն եւ կամ կարծրութիւն. սար (լեռ), ժայռ/ապառաժ, կայծակ/փայլակ/շանթ, հուր (կրակ), երկաթ: Ուրիշներ քաղուած էին կենդանական թագաւորութենէն՝ դրսեւորելով մարտունակութիւն, խաղաղութիւն և գեղեցկութիւն. առիւծ, գայլ, վարազ, արծիւ, բազէ/շահան, տատրակ, սոխակ: Կային նաեւ անուններ առնուած հայ քաղաքական և զինուորական առաջնորդներէ, ազատամարտիկներէ և հեթանոսական հին աստուածներէ. Արշակ, Վարդան, Վահրամ, Վահան, Մուշեղ, Սմբատ, Սուրէն, Քեռի, Մուրատ,Վահագն: Տակաւին, շարք մը անուններ ունէին «ունի» վերջածանցը, զոր բազմաթիւ հայ նախարարներ (միջնադարու հայ աւատապետներ) կը կրէին իբրեւ մէկ մասը իրենց մականունին՝ Փերունի, Ներկունի, Անմահունի: Այլ անուանումներու խառնուրդ մը, ներառեալ պարզ անուններու կրճատուած տարբերակները, ինչպէս նաև՝ տարօրինակ, անբացատրելի անուններ կ’ամբողջացնէին ծածկանուններու ցանկը: [40] Հաւանաբար Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան անդամները եւս ունէին կեղծանուններ գործածելու սովորութիւնը, բայց շօշափելի ապացոյցներ գոյութիւն չունին:

 

Իրարու անպաշտօն անուններ տալու մուսա լեռցիներու  սովորութիւնը կը բացայայտէր ժողովուրդի մը նկարագիրը: Առաջին հերթին անոնք կը յատկանշէին զօրաւոր երեւակայութիւն մը, յատկանիշ մը, որ հաւանաբար ձեռք բերած էին բնութենէն և մտքի անխախտ ազատութենէն, որ բնութիւնը տուած էր իրենց՝ բնածին կարողութեան կողքին: Երկրորդ, անոնք ցոյց կու տային սուր արթնամտութիւն ընկերային և ֆիզիքական միջավայրին վերաբերեալ: Ըլլալով բարձր ընկալութեան տէր մարդիկ, ոչինչ կը փախէր անոնց աչքերէն (և ականջներէն): Այս իմաստով, անոնք բաւական ճշգրիտ կը նկարագրէին իրենց դիտարկումները: Երրորդ, անոնց անտաշութիւնը չէր խնայեր ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող անձերը, շատ քիչ ուշադրութիւն կը դարձնէին մարդկային զգայնութիւններուն, և հոգեբանական վնաս պատճառելը կարծես թէ նշանակութիւն չունէր անոնց համար: Չորրորդ, անոնք ընդհանրապէս յարգալիր էին հոգևորականներու, մանկավարժներու և գիւղին երեւելիներուն նկատմամբ: Հինգերորդ, անոնք բառերը չէին ծամծմեր. ուղղամիտ ու անկաշկանդ էին: Վեցերորդ՝ անոնք ցոյց կու տային զուարթախոհութեան զգացողութիւն մը: Եօթներորդ՝ անոնք կը հեգնէին կեանքը՝ իր ընկերային-տնտեսական բոլոր անհաւասարութիւններով: Անոնք, սեղմ ասած, կ’արտացոլէին յատկութիւններ՝ դրական և բացասական, որոնք այնքան ալ տարբեր չէին մասնաւորաբար խստապահանջ միջավայրի մը մէջ ապրող մարդոցմէ:

 

 

  • [1] Գրիգոր Գէօզալեան,Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը (Երևան, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, «Գիտութիւն» հրատարակչատուն, 2001), էջ 149:
  • [2] Նոյն, էջ 150:
  • [3] Շուշանիկ Չափարեան Փափախեան, անտիպ յուշեր, Տիթրոյիթ, Միշիկըն, էջ 57:
  • [4] Գէօզալեան, Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 149:
  • [5] Նոյնը, էջ 148-49:
  • [6] Նոյնը, էջ 151-52; Տ. Մովսէս Շրիքեան, «Յուշագրութիւն Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիքեանի (Աւազանի Անուն, Եսայի)», անտիպ յուշեր, Մոնթեպէլլօ, Քալիֆորնիա, էջ 69. Մարտիրոս Գուշագճեան և Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լեռան (Պէյրութ, Աթլաս Հրատարակչատուն, 1970), էջ 163-65:
  • [7] Գէօզալեան, Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 202, 153-67. Գուշագճեան և Մատուռեան, Յուշամատեան, էջ 166-70: Տե՛ս նաև Տէր Շրիքեան, «Յուշագրութիւն», էջ 38, 70:
  • [8] Գէօզալեան, Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 147, 149:
  • [9] Նոյնը, էջ 167-74:
  • [10] Հայրենիք (Պոսթոն), 2 Նոյեմբեր 1929:
  • [11] Ֆրանսա, AMAE, E-Levant, Սուրիա-Լիբանան, 1930-1940, Ալեքսանտրէթի Սանճաքը, Carton no. 530, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Պարթէն (DELELATTA, այսինքն ՝ պատուիրակ Լաթաքիոյ մէջ) ուղղուած Բարձր Յանձնակատարին, Պէյրութ, 22 Օգոստոս 1939:
  • [12] Հեռաձայնային հարցազրոյց Վեհանուշ Գույումճեան Պուրսալեանի հետ, 25 Սեպտեմբեր 2013, Կրանատա Հիլզ, Քալիֆորնիա-Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Հեռաձայնային հարցազրոյց  Սօսէն Շրիքեան Պիտանեանի հետ, 25 Սեպտեմբեր 2013, Կրանատա Հիլզ, Քալիֆորնիա-Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Գուշագճեան և Մատուռեան, Յուշամատեան, էջ 170:
  • [13] Հեռաձայնային հարցազրոյց Շրիքեան Պիտանեանի հետ: Կիներու կատարած ծանր աշխատանքին մասին տես Խաչեր Մատուռեան, «Մեր հացը», Գուշագճեան և Մատուռեան, Յուշամատեան, էջ 148-58:
  • [14] Հեռաձայնային հարցազրոյց Ալպերթա Մաղզանեանի հետ, Կրանատա Հիլզ, Քալիֆորնիա-Օլնի, Մերիլէնտ, 25 Սեպտեմբեր 2013:
  • [15] Նոյնը, 31 Դեկտեմբեր 2013:
  • [16] Հեռաձայնային հարցազրոյց Շրիքեան Պիտանեանի հետ: Հեռաձայնային հարցազրոյց Գույումճեան Պուրսալեանի հետ, Գէօզալեան,Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 144:
  • [17] Գէօզալեան, Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 144, Հեռաձայնային հարցազրոյց Շրիքեան Պիտանեանի հետ:
  • [18] Հեռաձայնային հարցազրոյց Մաղզանեանի հետ, 21 Օգոստոս 2013:
  • [19] 19 դարու եւ 20 դարու սկիզբին Մուսա Լեռան մէջ ամերիկացի բողոքական միսիոներներու գործունէութեան համար տե՛ս Վահրամ Լ. Շէմմասեան, «Մուսա Լեռան Հայ Գիւղացիները, Պատմա-ազգագրական Ուսումնասիրութիւն, 1840-1915», դոկտորական ատենախօսութիւն, UCLA, 1996, էջ 81-98:
  • [20] Ընտանեկան անդամակցութեան եզրաբանութեան համար տե՛ս Սիմա Աբրահամեան, «Հաուշ Մուսայի Բնակիչները. Շերտաւորուած Հասարակութենէն Մինչև Անդասակարգ Ընկերութիւն Եւ Ապա Ընկերային Դասակարգերու Վերայայտնումը», դոկտորական ատենախօսութիւն, ՄքԿիլ համալսարան, Մոնթրէալ, Գանատա, 1989, էջ 72-3, Գէօզալեան,Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 144, հարցազրոյց Իսկենտէր Նաշալեանի հետ, 1 Յուլիս 1989ին, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, հարցազրոյց Ռոզին Շէմմասեան Գունտաքճեանի հետ, 1 Սեպտեմբերի 2013, Սան Գարլոս, Քալիֆորնիա:
  • [21] Մականուններուն համար տե՛ս 1-5 յաւելուածները: Անուններն ու մականունները ցանկագրուած են այնպէս ինչպէս որ արձանագրուած են բնագրային փաստաթղթերուն մէջ եւ հետևաբար, յաճախ կը տարբերին նիւթին մէջ կիրարկուած ուղղագրութենէն:
  • [22] Նոյնը: Անուններու թարգմանութիւնները/ մեկնաբանութիւնները իմս են:
  • [23] Ալպէրթա Մաղզանեան, նամակ, 2 Փետրուար 2011:
  • [24] Յակոբ Ադամեան, իմակ ղրկուած հեղինակին, 15 Դեկտեմբեր 2011:
  • [25] Գէօզալեան, Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը, էջ 141:
  • [26] Հարցազրոյց Մովսէս Սարգիս Շերպէթճեանի հետ, 6 Յունուար 2002, Թաուզընտ Օքս, Քալիֆորնիա:
  • [27] Նոյնը:
  • [28] Հարցազրոյց Յովհաննէս Հաճեանի հետ, 5 Յունուար 1990, Հոլիուտ, Քալիֆորնիա:
  • [29] Հարցազրոյց Շերպէթճեանի հետ:
  • [30] Հեռաձայնային հարցազրոյց Ֆլորանս Իկարեան Յարութիւնեանի հետ, 27 Հոկտեմբեր 1991, Վան Նայս, Քալիֆորնիա – Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա:
  • [31] Սարգիս Փենենեան,Յուշապատկերներ Մուսա-Լեռէնեւ Մօտիկ Անցեալէն (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Սարքօ հրատարակչատուն, 1983), էջ 81:
  • [32] Հարցազրոյց Շերպէթճեանի հետ:
  • [33] Փենենեան, Յուշապատկերներ, էջ 73-4:
  • [34] Հարցազրոյց Հաճեանի հետ:
  • [35] Մաղզանեան, նամակ, 2 Փետրուար 2011:
  • [36] Հարցազրոյց Շերպէթճեանի հետ:
  • [37] Փենենեան, Յուշապատկերներ, էջ 13:
  • [38] Թովմաս Հապէշեան,Մուսա-Լեռան Պապենական Արձագանքներ (Պէյրութ, Երեբունի հրատարակչատուն, 1986), էջ 204-06:
  • [39] Փենենեան, Յուշապատկերներ, էջ 70-1, 106:
  • [40] Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արխիւ, Պոսթոն (այժմ ՝ Ուոթըրթաուն), Մասաչուսեց, թղթածրար 965/28, ՀՅԴ Կիլիկիոյ կամ Լեռնավայրի Կ. Կոմիտէ 1921թ., Քապուսիէի ընկերներու անուանացանկ, Եողունօլուքի ընկերներու անուանացանկ:

Houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/vilayetaleppo/musaler/socioeconomicstructure/familystructures.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail