
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յանուն պետականութեան է, յանուն միասնականութեան, յանուն վերելքի, յանուն դրական փոփոխութեան
09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 –ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ համախմբող է, դէմ է բաժանումներուն եւ բաժնողներուն
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ անձի մը, կողմի մը, կազմակերպութեան մը կամ գաղափարախօսութեան մէ դէմ չէ, այլ՝
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յանուն պետականութեան է, յանուն միասնականութեան, յանուն վերելքի, յանուն դրական փոփոխութեան
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ գաղափարակից ընկերներու ներուժի, հնարաւորութիւններու, փորձի, հմտութիւններու եւ միջոցներու ուղղորդում է՝ դէպի հայրենիք ու հայոց պետականութիւն
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հակադրութիւններու վրայ հիմնուած չէ, հակառակութիւններ եւ հակառակորդներ ունենալու համար չէ
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ թափանցիկ է, տարբերութիւններու եւ հակառակ կարծիքներու մէջ վտանգ չի տեսներ, այլազանութիւնը հարստութիւն կը համարէ
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ միայն ու միայն Հայաստանի համար է, Հայաստանի հետ է, դէպի փայլուն ապագայ երթի մասնակից ուժ է՝ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններէն մինչեւ Հայաստանի ու Արցախի հեռաւոր գիւղերն ու սահմանները…






