Արտաշատի Մէջ Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած է Հնագոյն Ջրամատակարարման Համակարգ

Արտաշատի Մէջ Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած է Հնագոյն Ջրամատակարարման Համակարգ

Արտաշատի Մէջ Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած է Հնագոյն Ջրամատակարարման Համակարգ

17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Հնագիտութեան ասպարէզի 2019 թուականին կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրուած են, Յունուար 15-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան` ներկայացնելով նախորդ տարի տարբեր հնավայրերու մէջ կատարած պեղումներու արդիւնքները:

Անոր խօսքով` 2019-ին իրականացուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքով Արտաշատի մէջ յայտնաբերած են հնագոյն ջրամատակարարման համակարգի հսկայական հատուած, որ կը վերաբերի Հռոմէական շրջանին. «Ըստ էութեան, անոնք եղած են ջրանցքներ (աքուեդուկ): Ջրմատակարարման համակարգի տուեալ հատուածը կը զբաղեցնէ մօտ 1 քմ․ տարածք, որուն վրայ 20 ջրանցքներու հիմքեր բացուած են:

Անոր խօսքով` պատմական մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ վերջին 10-15 տարիներուն իրականացուած պեղումները կը վկայեն, որ ան լուրջ արքայանիստ քաղաք եղած է: 2020 թուականին, ըստ անոր, այստեղ պեղումները պիտի շարունակուեն, որպէսզի հասկնան, թէ այդ տարածքին մէջ ինչ պահպանուած է:

Պաւել Աւետիսեանը նշեց նաեւ, որ Խոր Վիրապի հարեւանութեամբ սեփականաշնորհուած հողերի մէջ գտած են հսկայական պալատական շինութիւններ, որոնց հիմքերը պահպանուել են: Ըստ նրա` պէտք է ծրագիրներ մշակեն եւ այս տարի արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՛իրականացուին:

«Պէտք է հասկնանք, թէ այդ տարածքին մէջ ինչպէս պեղումներ պիտի իրականացնենք, քանի որ անոնք սեփականաշնորհուած հողեր են»,- ըսած է հնագէտը:

Արտաշատի Մէջ Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած է Հնագոյն Ջրամատակարարման Համակարգ

Yerakouyn.com/2020/01/15/արտաշատի-մէջ-պեղումներու-ընթացքին-յա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail