ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ – Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը կը համարէ համահայկական օրակարգի ամենառաջին եւ ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնը
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՌԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ: – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝
Աշխարհասփիւռ հայութեան տարտղնուած, այս կամ այն պատճառով ազգային-հասարակական կառոյցներէն դուրս մնացած հայ անհատներու, խմբաւորումներու, ուժերու հաւաքագրում-համախմբումն է՝ քաղաքական-քաղաքացիական նոր, նախաձեռնողական ու յառաջադէմ շարժումի մը ամպհովանիին տակ,
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի սահմաններուն վրայ օրէ օր ամրացող հայկական պետականութիւնը կը համարէ ազգային գերագոյն եւ անձեռնմխելի արժէք,
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝
Հայաստանակեդրոն ըլլալով հանդերձ, կ’ընդունի հայկական աշխարհասփիւռ գոյութիւնը եւ քաջալեր կը հանդիսանայ համահայկական օրակարգի վերջնական ձեւաւորումին ու որդեգրումին,
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝
Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը կը համարէ համահայկական օրակարգի ամենառաջին եւ ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնը:
(…)
Րաֆֆի Տուտագլեան – Ֆէյսպուք –