Նազարէթ Պէրպէրեան – Դուրս գալ․․․ «1915 մեթր խորութիւն ունեցող ջրհորէն»
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Դուրս գալ․․․
«1915 մեթր խորութիւն ունեցող ջրհորէն»
19 Յունուար 2020
«Հայ-թուրքական յարաբերութիւններն անհրաժեշտ է դուրս բերել 1915 մեթր խորութիւն ունեցող ջրհորէն։
«Մենք երկու հիւանդ ազգեր ենք՝ հայերը եւ թուրքերը։ (Turkish Weekly)
«Հայերը կ’ապրին մեծ տրավմայով (tραῦμα, trauma – վէրք, վնասուածք) հանդէպ թուրքերու, եւ թուրքերը կ’ապրին վախով (պարանոյա, παράνοια – խելագարութիւն) հանդէպ հայերու։ Մենք երկու կլինիկապէս հիւանդ պատահելիքներ ենք։ Ո՞վ կը բժշկէ մեզ։
Ֆրանսական խորհրդարանի որոշո՞ւմը։ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին որոշո՞ւմը։ Ո՞րը կու տայ դեղատոմսը։ Ո՞վ կ’ըլլայ մեր բժիշկը։ Հայերը թուրքերու դարմանն են։ Թուրքերը հայերու դարմանն են։ Բացի ասկէ, չկայ բժիշկ, եւ ոչ ալ նշանակում․․․
Երկխօսութիւնը միակ նշանակումն է։ Բժիշկը իւրաքանչիւրն է միւսին։ Ասկէ բացի լուծում չկայ․․․ (Turkish Weekly)
«Կան թուրքեր, որ չեն ընդունիր, թէ իրենց նախնիները ցեղասպանութիւն գործեցին։ Բայց եթէ ուշադրութիւն դարձնես, անոնք լաւ մարդիկ կ’երեւին․․․ ուրեմն ինչո՞ւ չեն ընդունիր։
Որովհետեւ անոնք կը մտածեն, թէ ցեղասպանութիւնը վատ բան է, ինչը անոնք երբեք պիտի չուզէին գործել, եւ որովհետեւ անոնք չեն կրնար հաւատալ, թէ իրենց նախնիներն ալ այդպիսի արարք մը կրնային գործել։
«Ես անձամբ կ’երթամ Ֆրանսա եւ հրապարակաւ կը յայտարարեմ, որ ոչ մէկ հայոց ցեղասպանութիւն ալ չի եղած, թէեւ ես բուռն կերպով ատոր հակառակին կը հաւատամ։ (Այն մասին, թէ ինք ի՞նչ է ընելու խօսքի ազատութեան հարցին վերաբերեալ, երբ Ֆրանսայի մէջ պաշտօնապէս ընդունուի հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու դէմ օրէնքը)»։
*
* *
Հայ եւ թուրք ժողովուրդներու յարաբերութեանց բնականոնացումին ծառայելու, Հայկական Հարցին արդար լուծում գտնելու եւ «հայաստանցիի ու թուրքիացիի իր կրկնակ ինքնութիւնները» դաշնադրելու եւ հաշտեցնելու նման երազներ իր մտքին ու սրտին մէջ փայփայողը Հրանդ Տինքն էր՝ հայոց Իրաւունքին ու Արդարութեան համար Թուրքիոյ մէջ մղուող պայքարին վերջին նահատակը։
Տինքի խօսքն ու գործը սաղմի մէջ խեղդել փորձեց թուրք ցեղասպանին հակահայ մոլուցքի անարգ փամփուշտը 2007ին, երբ Յունուար 19ի այս օրը, լոյս աչքով, «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ վատօրէն սպաննեց Հայ Դատի իրաւատիրութեան ու պահանջատիրութեան անվեհեր յառաջամարտիկը։
Բարի լոյս՝ Հրանդ Տինքի ինքնահաւատարմութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ այսօրուան առաւօտն ու արդար արեգակը ողջունող հայաշխարհին։
Բարի լոյս՝ ԱՅՍՔԱՆ ՉԱՐԻՔ չմոռացող եւ, միաժամանակ, ԲԱՐԻին ու ԱՐԴԱՐին հասնելու վճռականութիւնը իրեն միշտ ՈՒՂԵՑՈՅՑ պահող պահանջատէր հայութեան, այլեւ՝ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու պատրաստ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ թուրքերուն, որոնք «Բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք» դրօշով մինչեւ այսօր կը շարունակեն խոնարհիլ Տինքի ԱՒԱՆԴին առջեւ։
Հրանդի Տինքի մտածողութեան ծալքերուն եւ կենսագրութեան ու ազգային-քաղաքական կտակին նուիրուած գրառումներ կատարած եմ ստորեւ։ Ընթերցողը այս օրը Տինքով ջերմացնելու խորհրդածութեան բաւարար պահեր կրնայ գտնել հոն։
Տինք, ինչպէս եւ անոր երթը շարունակող թրքահայութեան իրաւատէրի ու պահանջատէրի ներկայի յանդուգն ձայները – Կարօ Փայլանը՝ նորագոյն յառաջամարտիկը – ըստ արժանւոյն հայ քաղաքական մտքին վերադարձուցին խորաթափանց հայեացքը նախաեղեռնեան արեւմտահայութեան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ։
Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեամբ՝ հակահայ թրքամոլութիւնը փորձեց ոչ միայն արմատէն բնաջնջել ՀԱՅ ԱԶԳն ու կործանել ՀԱՅԱՍՏԱՆը, այլեւ ԳԼԽԱՏԵԼ ՀԱՅ ՄԻՏՔը, որպէսզի ոչ մէկ հայ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ կամ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ համարձակութիւնը ունենայ թրքական պատութեան մականին տակ ապրող նոյնինքն թուրքերէն, քիւրտերէն կամ արաբներէն բնական ղաշնակիցներ ու զինակիցներ գտնելու՝ ընդդէմ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՑՆՈՐՔին անձնատուր ցեղապաշտ թուրք քաղաքական մտքին։
Բարի լոյս՝ Հրանդ Տինքի ՏԵՍԼԱԿԱՆով հայեւթուրք յարաբերութիւնները «1915 մեթր խորութիւն ունեցող ջրհորէն դուրս բերել»ու դժուարին, բայց եւ անխուսափելի ԵՐԹին։
Նազարէթ Պէրպէրեան