Թուրքիա` «Տագնապներու Եռանկիւն»-ին Մէջ Քաղաքական Դերակատարութեան Մը Հետապնդման Հետքերով

In this photo taken late Sunday, June 24, 2018, seen behind a Turkish flag, (AP Photo/Emrah Gurel)

Թուրքիա` «Տագնապներու Եռանկիւն»-ին Մէջ Քաղաքական Դերակատարութեան Մը Հետապնդման Հետքերով

22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Ա. Ա.

Միջինարեւելեան ընդհանուր կացութիւնը բաւական բարդ ժամանակահատուած մը կ՛ապրի: Եթէ նախապէս հարցերուն հարցը Սուրիոյ տագնապն էր, ապա այսօր Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութիւնը եւ Լիպիոյ տագնապը կը համարուին այն երկու ծիրերը, որոնք առաւել կը բարդացնեն արդէն իսկ պայթումի մը ամբողջական վտանգ դիմագրաւող տարածաշրջանին իրավիճակը եւ կ՛արգելակեն համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման միտող ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները:

Իրան-Միացեալ Նահանգներ աննախընթացօրէն վտանգաւոր լարուածութեան բախումներու դաշտին վերածուած Իրաքն ալ կու գայ աւելնալու Սուրիոյ եւ Լիպիոյ` կազմելու համար տագնապներու թատերաբեմ հանդիսացող միջինարեւելեան այն եռանկիւնը, ուր մեզ հետաքրքրողը Թուրքիոյ դերակատարութիւնն ու ունենալիք բաժինն է, ինչ կը վերաբերի լուծումներու եւ տնտեսաքաղաքական շահերու ձեռքբերման: Հոս է, որ առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ երեք երկիրներուն մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ Անգարայի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը:

Տագնապներու այս եռանկիւնը Անգարայի համար անկասկած Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային առանցքային դերակատարութիւն մը ապահովելու նպատակին իրականացման լաւ միջավայր մըն է, ուր նորագոյն քայլը եղաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Պաղտատ այցելութիւնը: Վերջին օրերու լարուածութեան դրդապատճառներու քննարկման քողին տակ Չաւուշօղլու Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Ատել Ապտուլ Մեհտիի, նախագահ Պարհամ Սալեհի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Հաքիմի հետ: Իսկ նման լարուած մթնոլորտի մը մէջ Պաղտատ այցելութեան նպատակին մասին խօսելով` Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ անիկա կ՛իյնայ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու Անգարայի քաղաքականութեան ծիրին մէջ:

Եթէ Իրաքի բաժին կ՛իյնար արտաքին գործոց նախարարին այցելութեամբ բնորոշուած միջամտութիւն մը, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ պարագաներուն միջամտութիւնը աւելի երկու պետութիւններուն ներքին գործերուն միջամուխ դառնալու թրքական բացայայտ քայլեր էին: Թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ՛ Լիպիոյ պետական գերիշխանութեան ոտնակոխմամբ բնորոշուած ծրագիրները` Սուրիա թրքական ուժերու ներխուժում, իսկ Լիպիա թրքական ուժերու առաքում եղան երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ինկող երկու երկիրներուն մէջ ալ թրքական ազդեցութեան ընդլայնման ծրագրով մը, որ իր մէջ համաթուրանականութեան երանգներ ունի:

Միւս կողմէ` պէտք չէ մտահան ընել, որ եթէ Լիպիա թրքական ուժ առաքելու Թուրքիոյ խորհրդարանին որոշման պատրուակը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած կառավարութեան օժանդակութիւնն է, Սուրիոյ եւ Իրաքի պարագային անիկա քրտական համայնքներուն ուղղուած հարուածներու ընդհանուր ծրագիր մըն է, մանաւանդ երբ ի մտի ունենանք այն սարսափը, որ թուրքերը կ՛ապրին` միայն ենթադրելով, որ քիւրտերը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միացնելով իրենց ուժերը, ի՛նչ կրնան իրականացնել` Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ուղղուելիք հարուածով մը: Թրքական այս սարսափն է, որ Էրտողանն ու անոր գործակիցները մղեց աճապարելու` Սուրիոյ քիւրտերուն պարագային հաշուեյարդարի նմանող ծրագրեր գործադրելու համար: Այս իմաստով, Անգարա նոյնիսկ քաղաքական որոշ փոփոխութեամբ մը թեքեցաւ դէպի Ռուսիա` առճակատման երթալով տարիներու իր ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցին` Միացեալ Նահանգներու հետ, որովհետեւ ամերիկացիք նախընտրեցին Սուրիոյ քրտական միաւորումներուն հետ սերտօրէն գործակցիլ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

Անգարայի իշխանութիւններուն եւ Ուաշինկթընի միջեւ խոր տարակարծութիւնները ցնոր տնօրինութիւն պիտի դրսեւորուին յատկապէս Մոսկուա-Անգարա առանցքին վրայ գործակցութեան բազմաբնոյթ եւ համապարփակ ռազմավարութեամբ մը, որ սակայն չի նշանակեր, թէ ամէն ինչ հեզասահ է թուրքերուն եւ ռուսերուն միջեւ` Սուրիոյ եւ Լիպիոյ պարագաներուն: Սուրիոյ Իտլիպ վարչական շրջանին մէջ թուրքերը կը զօրակցին սուրիացի ընդդիմադիր ուժերուն, իսկ ռուսերը կ՛օժանդակեն Սուրիոյ օդուժին, որպէսզի Իտլիպը ռմբակոծեն: Լիպիոյ մէջ ալ պատկերը այնքան փայլուն չէ: Մինչ թուրքերը կը զօրակցին վարչապետ Ֆայեզ Սարաճի, ռուսերը նոյնիսկ վարձկաններ առաքած են Լիպիա, ուր անոնք կը կռուին ընդդիմադիր զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի զինեալներուն կողքին: Բայց ասիկա բնաւ չի խանգարեր, որ Էրտողան Փութինը իր մտերիմը, իսկ Ռուսիան ալ Թուրքիոյ սերտ գործակիցը կոչէ: Ի վերջոյ բնաւ պէտք չէ մտահան ընել, որ ռուսեւթուրք գործակցութեան առանցքները նաեւ կը ներառեն բնական կազի եւ կորիզային հնոցի բազմամիլիառ տոլարի գործառնութիւններ, որոնք միանալով զինուորական եւ տնտեսաքաղաքական շահերու` ներկայ փուլին Ռուսիան եւ Թուրքիան կը վերածեն սերտ գործակիցներու:

GENOCIDE-© PHOTO – ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM INSTITUTE

www.aztagdaily.com/archives/461601

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail