Ն. Պէրպէրեան – Ֆրանսայի Ծերակոյտը օրէնքով պատժելի՝ քրէական յանցագործութիւն հռչակեց Ցեղասպանութեանց ժխտումը
Nazareth Berberian – //ՆԱԽՈՐԴԸ ՅՕԴՈՒԱԾԸ//:
Յուշատետր
23 Յունուար 2012ին
Ֆրանսայի Ծերակոյտը օրէնքով պատժելի՝ քրէական յանցագործութիւն հռչակեց Ցեղասպանութեանց ժխտումը
Ն. Պէրպէրեան
Յունուար 23ի այս օրը, յատկապէս հայութիւնը՝ աշխարհի չորս ծագերուն, ամբողջ ժամեր լարուած ուշադրութեամբ եւ անձկութեամբ հետեւեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին առանձնայատուկ բաց նիստին, որ յատկացուած էր Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն եւ օրէնքով պատժելի արարք հռչակող օրինագիծի մը քննարկման ու հաստատումին։
Շուրջ եօթուկէս ժամ տեւած բանավէճերէ ետք, օրինագիծի հաստատման քուէարկութեան մասնակցեցան 213 ծերակուտականներ, որոնց 127ն կողմ, իսկ 86ը դէմ քուէարկեցին օրինագիծին՝ վաւերացնելով զայն։
Այդպէ՛ս, Ֆրանսայի Ծերակոյտին 23 Յունուար 2012ի նիստը պատմական նշանակութիւն ստացաւ։
Ազատախոհ աշխարհի միջնաբերդը համարուող Ֆրանսան, աշխարհով մէկ հեռասփռուած իր Ծերակոյտի նիստին, ի լուր մերօրեայ մարդկութեան յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան օրինակով բոլոր ցեղասպանութեանց ժխտումը, Ֆրանսայի պետական օրէնքով, քրէական յանցանք է ու պատիժի ենթակայ յանցագործութիւն։
Օրինագիծը ցեղասպանութեանց ժխտման համար կը նախատեսէր 1 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրոյի տուգանք:
Օրինագիծին որդեգրումը մեծ յաղթանակ մը եղաւ ինչպէս արդարութեան եւ իրաւունքի համար պայքարող ֆրանսացի ազատախոհներուն, այնպէս եւ Հայ Դատի հետապնդման լծուած ֆրանսահայերուն եւ ողջ պահանջատէր հայութեան համար։
Ֆրանսայի Ծերակոյտին պատմական այդ նիստն ու որոշումը կը շարունակենք յիշել եւ յիշեցնել՝ հակառակ անոր, որ օրին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը, թրքական ճնշումներու առջեւ տեղի տուած իր անդամներու մեծամասնութեան քուէով՝ հակասահմանադրական նկատեց եւ մերժեց վաւերացնել եւ օրէնքի ուժ շնորհել Ծերակոյտի որոշումին։
Հակառակ այդ ընկրկումին՝ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք 23 Յունուար 2012ի Ֆրանսայի Ծերակոյտին քաջարի քայլը, որովհետեւ Սահմանադրական Խորհուրդի արգելակման դէմ յանդիման՝ ձեռնթափ չեղաւ ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն նկատելու եւ իբրեւ այդպիսին պատիժի ենթարկելու Ֆրանսայի պետական-օրէնսդրական նախանձախնդրութիւնը։ Ընդհակառակն՝ պահանջատէր հայութեան հետ ազատախոհ Ֆրանսան շարունակեց պայքարը եւ այսօր արդէն, Ֆրանսայի սահմանադրութեան համապատասխանաբար, վերամշակուած է ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակող եւ պատիժի ենթարկող օրէնքը։
Այսօր արդէն յետադարձ հայեացքով կրնանք հաստատել, որ փաստօրէն Ծերակոյտին կողմէ 23 Յունուար 2012ին Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը ձեռք բերուեցաւ լուրջ դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով։
Ծերակոյտի պատմական այդ նիստէն ամիսներ առաջ, 2011ի Մայիսին, նմանօրինակ օրինագիծ մը դրուած էր Ծերակոյտի օրակարգին վրայ առ ի վաւերացում, բայց յետ մղուած էր, որովհետեւ կը վերաբերէր միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական ու օրէնքով պատժելի յանցագործոթիւն հռչակելու առաջադրանքին։ Այնուհետեւ, օրինագիծը վերամշակումի ենթարկուեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման օրինակով բոլոր Ցեղասպանութիւններու պատմական ճշմարտութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակեց եւ, իրաւական ա՛յդ տարազումով, վերստին բերուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ։
Այսօր արդէն բացայայտուած է, որ թրքական պետութիւնը Մայիս 2011ին ամէն կարգի ճնշում բանեցուց Ֆրանսայի պետական եւ քաղաքական շրջանակներուն վրայ, որպէսզի վիժեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ժխտումը քրէական ու պատժելի յանցագործութիւն հռչակող նման օրինագիծի մը որդեգրումը։
Թրքական դիւանագիտութիւնը դիմեց ոչ միայն Ֆրանսայի հետ Թուրքիոյ ունեցած առեւտրական ու զինական գործառնութիւնները դադրեցնելու սպառնալիքին, այլեւ՝ օգտագործեց հանրային կարծիքի մոլորեցման այն մօտեցումը, ըստ որուն՝ նմանօրինակ օրինագիծ մը իբր թէ կը կապտէ եղեր կարծիքի ազատութեան մարդկային հիմնական իրաւունքը…
Ճնշումի իր այդ երկրորդ խաղաթուղթի պարագային, թրքական պետութիւնը փաստօրէն կ’օգտագործէր քսանամեակ մը առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հրէական Ողջակիզման ժխտումը քրէականացուցած օրինագիծին դէմ ատենին ծաւալած դժգոհութիւնները մարդկային իրաւանց պաշտպան շրջանակներուն կողմէ։ Այս վերջինները, մանաւանդ Մ. Նահանգներու տարածքին գործող իրենց ղեկավար մարմիններուն կողմէ, հարցականի տակ առած էին իրաւականութիւնը նման օրինագիծի մը՝ առարկելով, որ այդպիսով կը հալածուին մտածումի ազատութեան եւ կարծիքի անկաշկանդ արտայայտութեան իրաւունքները…
Հակառակ թրքական այդ ճնշումներուն, սակայն, 22 Դեկտեմբեր 2011ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին ստորին պալատը վաւերացուց վերամշակուած տարբերակը Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին։ Օրինագիծը յղուեցաւ Ծերակոյտին, որուն Իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը ինկաւ թրքական ճնշումներու տակ եւ, տեղի տալով, փութաց Ծերակոյտին առաջարկ ներկայացնելու, որ չընդունի իրաւական առումով վիճելի նման օրինագիծ մը։
Բայց Ծերակոյտը մերժեց հետեւիլ իր յանձնաժողովի առաջարկին եւ որոշեց 23 Յունուար 2012ի իր նիստը յատկացնել օրինագիծի քննարկման ու հաստատումին։
Այդպէ՛ս վաւերացուեցաւ օրինագիծը, որ իբրեւ օրէնք ուժի մէջ դրուելու համար այլեւս պէտք ունէր սոսկ Ֆրանսայի նախագահին ստորագրութեան։
Բնականաբար շատ բուռն եղաւ թրքական հակազդեցութիւնը, մանաւանդ որ թրքական տեսակէտը պաշտպանող ծերակուտականները, 23 Յունուար 2012ի պատմական նիստին, ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին օրինագիծը պաշտպանող եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ արդար հատուցումը պահանջող ծերակուտականներու գրոհին տակ։
Բայց օրուան գործող Ֆրանսայի նախագահ Սարքուզի արագ չշարժեցաւ եւ անմիջապէս չստորագրեց Ծերակոյտին հաստատած օրինագիծը։ Հետեւանքը եղաւ այն, որ թրքական շահերուն ծառայող ծերակուտականները օրինագիծին իրաւականութիւնը վիճարկեցին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին մօտ։ Թրքական կողմը այս անգամ «արդիւնաւէտ» աշխատանք տարաւ Սահմանադրական Խորհուրդի անդամներուն մօտ, որոնք թրքական խայծերը կուլ տալով՝ օրինագիծը հակասահմանադրական հռչակեցին…
Ծանօթ է, որ նախագահ Սարքուզի քանի մը ամիս ետք կորսնցուց Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց վերստին երկրի ղեկին ընտրուելու իր հնարաւորութիւնը։
Իսկ յաջորդը՝ նորընտիր նախագահ Հոլանտ խոստացաւ շարունակել Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակելու եւ օրէնքով պատժելու իր նախորդին քաղաքականութիւնը, որ փաստօրէն դրուեցաւ ընթացքի մէջ։
Այդպէ՛ս, 23 Յունուար 2012ին Ֆրանսա ամրագրեց քաղաքական իր վճռականութիւնը՝ օրէնքով պատժելու որեւէ ցեղասպանութեան ժխտումը։
Որպէսզի մարդկային իրաւանց եւ մտածումի ազատութեան պատրուակներով՝ ցեղասպանական ոճիրի որեւէ ժխտում անպատիժ չանցնի եւ, մանաւա՛նդ, որեւէ ցեղասպանութիւն… չարդարացուի։
facebook.com/photo.php?fbid=2830710687019887&set=a.2827889720635317&type=3&theater