Սայիտա Օհանեանի դիմումը Կարօ Փայլանը 2020 թուականի Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի ներկայացնելու մասին

«Международное женское объединение амшенских армян «Амшенка»

«Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար Սայիտա Օհանեանի դիմումը Կարօ Փայլանը 2020 թուականի Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի ներկայացնելու մասին

Սիրելի հայրենակիցներ, ԸՆԿԵՐՆԵՐ:

Ես Սայիտա Օհանեանն եմ` «Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավարը եւ Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր: Մեր կազմակերպութեան նպատակը կանանց իրաւունքներու, հայ ժողովուրդի նկատմամբ անոր բնօրրանին Արեւմտեան Հայաստանի` Համշէնի մէջ 1894-1923 թուականերու իրականացուած հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ աշխարհի միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, որոնք անոնց տրուած են միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համաձայն:

Մեր կազմակերպութեան համար մարդասիրական եւ համամարդկային ծրագիրները ունին առաջնային նշանակութիւն:

Այս տարի մեր կազմակերպութիւնը կրկին, արդէն երկրորդ անգամ, դիմած է Նոպէլեան կոմիտէ՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհելու առաջարկով՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր (առաջադրուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» կողմէ) Կարօ Փայլանին, մարդու` որ ողջ կեանքը նուիրած է հայերու եւ մեծ Մերձաւոր Արեւելքի, ներառեալ, Արեւմտեան Հայաստանի, Սուրիայի, Իրաքի եւ Թուրքիայի միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին` տարածաշրջանին մէջ:

Այսօր ան այն քիչերէն է, որ պատասխանատւութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական իրաւունքները, տարածաշրջանի բնիկներու, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

Ըլլալով արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիայի շրջանէն, 1894-էն 1923 թուականներուն Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիայի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ ողջ մնացած հայերու ընտանիքէ, որպէս իր պատմական հայրենիքի տարածքին ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգ՝ նա, անձնապէս ծանօթ է մարդկութեան դէմ ուղղուած այս սարսափելի հանցագործութեան բոլոր հետեւանքներու մասին, որը ճանչցած եւ դատապարտած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բոլոր առաջատար երկիրներու, Եւրախորհրդարանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազդեցիկ միջազգային եւ կրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Նա խստորէն դատապարտած է Թուրքիայի հարձակողական քաղաքականոթիւնը եւ ռազմական միջամտութեան ցանկութիւնը մերձաւոր ինքնիշխան պետութիւններու, մասնաւորապէս՝ Իրաքի եւ Սուրիայի տարածքին լիարժէք ռազմական գործողութիւններու կատարումը:

Անոր կողմէ ցանուած խաղաղութեան սերմերը` տարբեր ազգութիւններու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան ու փոխըմբռնման վերաբերեալ, արդէն կու տան դրական արդիւնքներ նոյնիսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրութեան մէջ:

Եւ այդ ամէնը, հակառակ այն շարունակական իրական ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն, որոնց կ՝ենթարկուի ան իշխանութիւններուն, Էրտողանի բռնակալ ռեճիմին կողնակից, ենթակայ ազգայնամոլական ու ծայրայեղական ուժերու կողմէ: Վերջիններս կը պահանջեն անոնցմէ դադրեցնելու մարդասիրական ու քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը:

Կրկին կը դիմենք բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, կանանց իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ միանալու մեր նախաձեռնութեան եւ ձայնը տալու Կարօ Փայլանին:

Կը խնդրենք նաեւ, Ձեր կողմէ ինքնուրոյն կերպով դիմելու Նոպէլեան կոմիտէ` 2020 թուականի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանանացնելու Կարօ Փայլանը, իբրեւ ժամանակաշրջանի մեծ մարդասէրի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի:

Յիշեցնենք, որ դիմումը ներկայացնելու ժամանակը խիստ սահմանափակ է, 2020 Յունուար 31-ը եզրափակիչ օրն է:

Վստահ ենք, Ձեր մասնակցութիւնը եւ Նոպէլեան կոմիտէի դրական որոշումը միասին էական ներդրում պիտի դառնան աշխարհի ամենատաք կէտին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, կայուն խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ իրական համաձայնութեան ու համագործակցութեան հաստատման գործին:

Սայիտա Օհանեան

«Համշէնուհի», համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ( Խորհրդարանի) պատգամաւոր

20 – ՅՈՒՆՈՒԱՐ – 2020 թուական:

Թարգմանուել է արեւմտահայերեն – Yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail