Րաֆֆի Տուտագլեան – Յարութ Աշգէյանը Լիբանանէն է, Պուրճ Համուտէն, Երկու տարի առաջ տեղափոխուած էր Հայաստան

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ - ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Րաֆֆի Տուտագլեան – Յարութ Աշգէյանը Լիբանանէն է, Պուրճ Համուտէն, Երկու տարի առաջ տեղափոխուած էր Հայաստան

26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յարութ Աշգէյանը Լիբանանէն է, Պուրճ Համուտէն։ Երկու տարի առաջ տեղափոխուած էր Հայաստան, նոր կեանք սկսելու հայրենիքի մէջ։ Առաջին իսկ պատեհ առիթին սկսաւ աշխատանքի, իբրեւ մատուցող գործի անցնելով Երեւանի սիրուած ճաշարաններէն մէկուն մէջ։ Շատ արագ սիրուեցաւ իր գործատուներուն կողմէ, իր ընկերական եւ յաճախորդահաճոյ բնաւորութեան համար։

Այս տարի, իր ճաշարանի տէրերը մասնաճիւղ մը բացին Ծաղկաձորի մէջ, եւ թուրիսթաշատ այս եղանակին, Յարութին ուղարկեցին Ծաղկաձոր, քանի որ ան բազմալեզու է, կը խօսի նաեւ անգլերէն, արաբերէն եւ թրքերէն։

Յարութ ամուսնացած լիբանանահայ աղջկայ մը հետ եւ երկուքով որոշած են իրենց ապագան կերտել հայրենիքի մէջ։

«Ուրախ եմ, գործիս մէջ սիրուած ու յարգուած եմ։ Փառք Աստուծոյ, արդէն տեղաւորուեցանք եւ կը մտածենք արդէն երեխայ ունենալու մասին։ Ինչ լաւ է, որ անկախ հայրենիք ունինք, զարգացող հայրենիք», կ՚ըսէ Յարութ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail