ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – «Մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է, ոչ ալ փարախ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – «Մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է, ոչ ալ փարախ»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է, ոչ ալ փարախ»

26 Յունուար 2020

1925ին, երբ Ժ․ Ընդհ․ Ժողովը կ’որոշէր Դաշնակցութեան Օրը տօնել ամէն տարի աշնան, գլխաւոր նպատակն էր ինքնաքննութեան, ամփոփումի փորձ մը կատարել։

Ակնարկ մը դէպի ետ՝ կտրուած ճամբան չափելու, չարն ու բարին դատելու, եւ վաղուան աշխատանքին պատրաստուելու համար։
Ամփոփուիլ, խորհրդածել, քննել եւ դատել,- այս արժանիքները միշտ ալ ունեցած է Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը, ինքնապաշտպանութեան ամեհի փոթորիկներուն մէջ, երբ կը գործէր հայրենի հողի վրայ։

Տարին անգամ մը եւս հանդիսաւորապէս կատարել այդ պարտականութիւնը՝ կը նշանակէ վերագնահատման եւ վերանորոգման ճիգ մը փորձել։

Այս միջոցին սարքուած տօնակատարութիւնները կը ձգտին ոգեկոչել անցեալը՝ իբրեւ ներշնչարան, բայց նաեւ իբրեւ ազդարարութիւն։

Այդ առթիւ՝ կը յիշենք «բազում գործս արութեան», որոնք նոր շրջան մը բացին մեր պատմութեան մէջ։

Յիշելով իսկապէս փառաւոր եւ աննախընթաց քաջագործութիւնները՝ չենք մոռնար, նաեւ, ճակատագրական վրիպումները։ Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի, ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը։

Մեր կուսակցութեան հիմնական արժանիքներէն մին է ինքնավստահութիւնը,- տոկուն կեցուածք, սուր նայուածք եւ վճռականութիւն՝ խօսքի թէ գործի մէջ։

Մենք ինքնավստահութիւնը չենք շփոթեր ինքնահաւանութեան հետ։

Եթէ այդ մեղքը գործէինք՝ Դաշնակցութիւնը շատոնց կէս ճամբան մնացած պիտի ըլլար։

Ինքնավստահութեան, ինքնագործունէութեան այդ առնական կորովն էր, որ հաւատք ներշնչեց անճար ժողովուրդի մը՝ աստիճանաբար հարթելով անոր ազատութեան ճամբան։

Մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է

․․․

Դաշնակցութիւնը չ’անտեսեր իր շարքերէն դուրս եղած ուժերը, երբ կ’ուզեն ծառայել պարկեշտօրէն, այս կամ այն ճակատին վրայ։
Մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է, ոչ ալ փարախ։

Որքա՜ն անկուսակցական արժէքներ ծաղկեցան՝ ներշնչուելով Դաշնակցութեան դաւանանքէն եւ գործէն։

Պատնէշի վրայ, աւելի քան երբեք, ընկերներ եւ ուղեկիցներ։
Բայց՝ չմոռնանք, որ դիրքերը կը մնան ամուլ փառքեր, առանց նոր ուժերու եւ յարատեւ աշխատանքի (Շ․, «Յառաջ», «ՊԱՏՆԷՇԻՆ ՎՐԱՅ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ» – 6 Նոյեմբեր 1954)։

*
* *

Բարի լոյս՝ արեւմտեան կողմն հայաշխարհի իրենց օրը նոր սկսողներուն։ Հայաստանամերձ գօտիի հայերուս համար արդէն երեկոյ է եւ, օրը չաւարտած, եկէք վերանորոգուինք ՊԱՏԳԱՄովը հայ քաղաքական մտքի անզուգական դրօշակիրներէն ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆի (1884-1957), որուն մահուան տարելիցը ոգեկոչելու օրն է Յունուար 26ը։

Դիմատետրի վրայ առանձին անդրադարձ կատարած եմ հայ հրապարակագրութեան անմահ վարպետին կեանքին ու ժառանգութեան, նաեւ ներկայացուցած եմ անկորնչելի էջեր՝ դաշնակցական առաջնորդող մտքի դրօշակիր պատգամաբերէն, Շ․ ստորագրութեամբ։

Բարի լոյսով օրը ողջունելու այսօրուան մեր խոկումին կիզակէտը թող ըլլայ հաղորդութիւնը Շաւարշ Միսաքեանի այն յայտնատեսութեան հետ, որուն համաձայն՝ Դաշնակցութեան ուժին եւ անխոցելիութեան աղբիւրը ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԶԴն է, որ միանգամայն երաշխիքն է մեր կուսակցութեան առանձնայատկութիւնը կազմող ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ։

Բայց զգո՜յշ․․․

Շաւարշ Միսաքեան նոյն տեղն իսկ անմիջապէս կը զգուշացնէ եւ կը սորվեցնէ, թէ՝ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ հետ պէտք չէ շփոթել այդ ինքնավստահութիւնը, եթէ չենք ուզեր կէս ճամբան թողուլ մեր ժողովուրդի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ յեղափոխական յարատեւ կռուի ԴԱՒԱՆԱՆՔով ու ԳՈՐԾով հարթած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ ինքնահաւանութեան դէմ գաղափարական անհաշտ պայքարի պատնէշներուն վրայ արթուն հսկող պահակներուն։
Բարի լոյս՝ Շ․ի պատգամած ինքնաքննութեան ներշնչումով, որպէսզի նորահաս սերունդները սորվին ու գիտնան, որ «մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է, ոչ ալ փարախ»։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail