Այսօր Հայոց Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակի Օրն է

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, Արամ Մանուկեան

Ան Մերժեց Ե՛ւ «Փաշայ» Տիտղոսը, Ե՛ւ Պահակախումբը. Այսօր Հայոց Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակի Օրն է

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Արամ Մանուկեան

Այսօր հայոց պատմութեան ամենապայծառ դէմքերէն մէկուն՝ ականաւոր պետական, հասարակական գործիչ, Վանի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչ-ղեկավար, Վանի նահանգապետ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, նոյն հանրապետութեան կառավարութեան անդամ (Ներքին գործոց նախարար), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ Արամ Մանուկեանի Յիշատակի օրն է:

1918 Դեկտեմբերին ան վարակուեցաւ բծաւոր տիֆով եւ 1919 Յունուար 29-ին կնքեց իր մահկանացուն։ Կազմակերպչական աշխատանքներու բնագաւառէն ներս անփոխարինելի հմտութիւններու, անսահման համեստ վարքի ու կենցաղի տէր, սեփական ժողովուրդի հանդէպ բացառիկ սէր ունեցող Արամ Մանուկեան գործիչին, Արամ տեսակին վերջին հրաժեշտը տալու եկած էր ողջ հասարակութիւնը:

Արամ Մանուկեանի աճիւնը սկիզբը տեղ գտած է Երեւանի՝ այժմեան Կոմիտասի անուան պանթէոնի տարածքին գտնուած գերեզմանատան մէջ, այնուհետեւ՝ Կոզեռնի գերեզմանատան: Մեծ գործիչի գերեզմանը կրկին տեղափոխելէ ետք՝ այժմ կը գտնուի Երեւանի Կեդրոնական (Թոխմախի) գերեզմանատան մէջ:

1917-ի վերջը, իբրեւ Հայոց Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Երեւան ժամանած Արամ Մանուկեան օրեր անց կը դառնայ Արարատեան դաշտավայրի այդ փոքրիկ հողակտորի սիրտն ու ոգին: Ստեղծելով Յատուկ կոմիտէն` Երեւանի նահանգի իշխանութեան նոր մար­մինը, ան արագօրէն իր վրայ կը վերցնէ կազմակերպչական աշխատանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը: Ցուցաբերած բացառիկ նուիրումին շնորհիւ՝ 1918 Մարտին ժողովուրդը անոր կը հռչակէ տիքթաթոր: Եւ, եթէ հայ ժողովուրդը կրցաւ դիմակայել Մայիսին սկսած թրքական լայնածաւալ արշաւանքները՝ ատոր մէջ պարտական ենք Արամին եւ համախոհներուն, որոնք 1918-ի առաջին կիսուն կատարած բարդագոյն աշխատանքներու շնորհիւ Արարատեան դաշտավայրի քաոսը վերածեցին պայքարող բռունցքի:

Ժամանակի ընթացքին Արամի մասին ստեղծուած են պատմագիտական, յուշագրական եւ այլ երկեր: Անոնք լայնօրէն կը շարունակուին հրատարակուիլ նաեւ այսօր:

Yerkir.am-ը մէջբերած է Ա. Աստուածատրեանի՝ Արամի մասին ծաւալուն յուշագրութենէն հատուած մը, ուր լաւագոյնս կը բնութագրուի Արամի վեհ եւ օրինակելի կերպարը.

«…Արամը մօտէն ճանչնալէ ետք, մարդ կը տարակուսի, թէ ով անոր փաշայ տիտղոսը տուած է: Կատարեալ թիւրիմացութիւն մը գոնէ արեւելահայերուս հասկացողութեամբ, որովհետեւ անոր բնաւորութեան մէջ փաշայական ոչինչ կար: Եւ ինքը ինչպէս կը խորշէր այդ տիտղոսէն:

Օր մը, անոր տիքթաթոր ընտրելու յաջորդ օրը, տուն վերադառնալով, մուտքի երկու կողմը պահակ-զինուորներ կը տեսնէ, իսկ բնակարանի մուտքին փակցուած` «Արամ փաշայ» (Երեւանի պարէտ Արշ. Շահխաթունեանի կարգադրութեամբ): Անմիջապէս գրպանէն կը հանէ գրչահատը եւ կը քերէ փաշայ բառը, իսկ երկու օր ետք կը վերանան նաե’ւ զինուորները»:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2020/01/29/ան-մերժեց-ե՛ւ-փաշայ-տիտղոսը-ե՛ւ-պահա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail