ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919) Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան կերտիչը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ - ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919) Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան կերտիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշատետր:

Արամ Մանուկեան

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919).
Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան կերտիչը,
Հայոց նորօրեայ պետականութեան հիմնադիրը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Ն. Պէրպէրեան

29 Յունուարի այս օրը հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր մեծանուն զաւակներէն ԱՐԱՄի, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան մէջ անմահացած է եւ հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ անխորտակելի իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած է իբրեւ արդի ժամանակներու Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան կերտիչն ու հայոց ազգային ժամանակակից պետականութեան հիմնադիրը։

Յունուար 1919ի այս օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, ազատ ու անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքը հարուածած բծաւոր տիֆէն վարակուած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած՝ ցաւոտ, այլեւ մարտունակութեամբ բոցավառ իր աչքերը առյաւէտ փակեց Արամ Մանուկեան։

Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը շաղախող ու յառաջ մղող առաջնորդէն, յանուն ազգի եւ հայրենիքի գերագոյն զոհաբերութեան՝ ամբողջ ժողովուրդ մը Արարատի հզօրութեամբ եւ վեհութեամբ ոտքի բարձրացնող քաղաքական գործիչի կենդանի, առինքնող մարմնաւորումէն։

Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերեց այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմը դրաւ հայոց նորագոյն պատմութեան վրայ։

Միայն քառասուն տարի ապրեցաւ անզուգական Արամը, բայց սկսելով Շուշիէն, անցնելով Կարսէն ու Վանէն եւ վերջնականապէս հանգրուանելով Երեւան՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկը, հայ ժողովուրդի պետական վերածնունդին Ազգային Ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը հայոց սերունդներուն կտակեց ներշնչման անխառն ու անսպառ աղբիւր հանդիսացող արժանաւոր վարք ու գործք Արութեան։

Արամի հերոսապատումին գագաթնակէտը եւ, միանգամայն, խտացումը հանդիսացաւ Դեկտեմբեր 1917ի անկիւնադարձային Պահը։ Պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով եւ Լենինի անփառունակ կոչով՝ աւելի քան հարիւր տարի մեր հողերուն վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատած ռուսական զօրքը լքեց Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի դէպի Ռուսաստան փութաց, ցեղասպան թրքական զօրքին խուժումին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները։

Աստեղային այդ Պահուն էր, ահա՛, որ Երեւանի մէջ խցկուած շինական, այլեւ գաղթական հայութիւնը եւ հայ կամաւորական ջոկատները իրենց հայեացքը յառեցին Արամի ուղղութեամբ, «դիկտատոր» հռչակեցին ողն ու ծուծով ժողովրդավար եւ ընկերվարական Արամը եւ Հայաստանի ու հայութեան օրհասական բախտորոշ, այլեւ պատմակերտ ու հայրենակերտ կռուին ղեկավարութիւնը վստահեցան Արամի անյողդողդ Կամքին եւ Մարտունակութեան։

Եւ Արամ արժանաւորապէս ղեկավարեց աւելի քան հինգ ամիսներու վրայ երկարած հայ ժողովուրդի պատմական վերածնունդի այդ օրհասական կռիւները՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական յաղթանակներով պսակելով արդի Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու հայոց ազգային եւ ժողովրդավարական պետականութեան հիմնադրութիւնը։

Նորանկախ մեր պետականութեան դարբինն ու ոգին՝ Արամ առաջնորդուեցաւ դաշնակցականի իր անձնուէր ու անխարդախ նկարագրով եւ ազգային-գաղափարական յեղափոխաշունչ սկզբունքներով. Սարդարապատեան հերոսամարտները կերտած «Դիկտատոր»ի իր լիազօրութիւնները վար դրաւ եւ վարչապետ Յ. Քաջազնունիի գլխաւորած անդրանիկ կառավարութեան մէջ ստանձնեց ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, Արամ Մանուկեան

*
* *

Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ է, ծնած է 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։

Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու սիրտ չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի Կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու հոգին։

Թեմականի աշակերտութեան շրջանին Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ 1901ին ուղարկուեցաւ Պաքու՝ Անդրկովկասի նաւթային կեդրոնի հայ պանդուխտ բանուորներուն ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան ու կազմակերպման գործին լծուելու առաքելութեամբ։ Թէեւ Արամի սիրտը Երկիր անցնելու գաղափարական հուրով կ՚այրէր՝ հայ ազգային-ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով, բայց Պաքուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։

1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով։ Բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել հայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու տաղանդով առանձնացող գործիչին։ Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ «Կարսի Սերգէյ»ի հռչակով պսակուեցաւ անոր դաշնակցական գործունէութեան առաջին փուլը։

1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ սահմանը կտրէ դէպի Վան՝ հոնկէ Սասուն անցնելու համար։ Բայց դարձեալ կեանքը տարբեր դասաւորում ստացաւ։ Վանեցիք ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով մկրտուած դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։

Վանի մէջ գործունէութեան այդ երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային-քաղաքական ղեկավար գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։

Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան-Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ Արամ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն հատուածէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։

Օսմանեան կառավարութեան աչքին փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով յարգեցին Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։

Իբրեւ այդպիսին՝ ռուսական զօրքին ու հայ կամաւորական գունդերու յաղթական մուտքէն ետք, Արամ նշանակուեցաւ Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահութեան, այլեւ ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին։
Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային եւ պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։

1917ի Դեկտեմբերին իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 29 Յունուար 1919ի իր վախճանը, Արամ Մանուկեան բառին ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան մարտունակութեան խտացեալ մարմնաւորումը հանդիսացաւ։

Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։

Ահա թէ ինչո՛ւ պատահականօրէն չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։

Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ Կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 Յունուար 1918ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային Խորհուրդին Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց։

Ծայր աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով սեփական ժողովուրդին պաշտող Արամը անտարակոյս պիտի յաջողէր իր առաքելութեան մէջ եւ այդպէս ալ եղաւ։

Հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ընդառաջեց Արամի պատմական կոչին, իսկ ինք՝ հայոց ազատագրական պայքարին անզուգական ղեկավարը արժանաւորապէս առաջնորդեց հայութիւնը դէպի հայրենակերտ յաղթանակ։

Արամի անփոխարինելութեան խոր համոզումը ունէր հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին բացառիկ ներկայացուցիչներէն զօրավար Սիլիկեան, որ Մայիսեան յաղթանակներուն ընդհանուր հրամանատարը եղաւ։ Երբ 1917ի ձմեռնամուտին Թիֆլիսի մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կ՚ունենային ռուսական բանակին կողմէ լքուած հայ-թրքական սահմանին համար Զինուորական Վարիչի պաշտօնին յարմար թեկնածու գտնելու հարցին շուրջ, Արամի նշանակման ընդդիմացող եւ փոխարէնը իր անձնական թեկնածութեան վրայ պնդող շրջանակներուն զօր. Սիլիկեան կը պատգամէր.-
«Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին։ Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն էայդ պաշտօնին համար։

Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու։ Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդակցելու՝ ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում. իսկ վարիչի պաշտօնը յանձն առնելու պարագայում, գրասենեակս տեղափոխելու եմ նրա մօտ։ Ոչ մի զինուորական վերարկու ո՛չ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ ունի Արամը»։

Այսօրինակ ազգային ղեկավար ու քաղաքական առաջնորդ էր Արամ եւ կենսագիրները միահամուռ կը վկայեն, որ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ կենարար աւիշով մաքրաջրելով մեր ժողովուրդին ազգային-հասարակական միասնութեան եւ կենսունակութեան ներքին շաղախը։

Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։

Աւելի քան դար մը անցած է Արամի տարաբախտ վախճանէն ասդին, բայց անոր լուսաւոր կերպարը, գաղափարական շունչը եւ հայրենակերտ գործը կը շարունակեն ներշնչել ու դաստիարակել մեր սերունդները՝ հայոց Ազգի, Հայրենիքի եւ Պետականութեան պաշտպանութեան ու ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու անվեհեր Յանձնառութեան պատգամով ու վարակիչ օրինակով։

Ինչպէ՞ս կարելի է ներշնչման աղբիւր չունենալ լուսաւոր օրինակը Արամի, որ առիթով մը, հայ ժողովուրդի ազգային պայքարունակութեան եւ գերագոյն զոհաբերութեանց պատրաստ գտնուելու գաղտնիքը վերծանելով՝ օրագրային իր գրառումներուն մէջ պիտի պատգամէր.-
«Ես չէի կարողանում հասկանալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին, ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին։ Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունէր եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ՝ այդքա՜ն զոհաբերութիւններ վերցնող»։

Այդ մեծ գաղտնիքն ու անսակարկ Հայրենասիրութեան հրաշազօր ուժը մարմնաւորուեցաւ եւ վարակիչ դարձաւ Արամի պայծառագոյն կերպարով՝ անմա՛հ աւանդով։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail