ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը (Շար. 3 եւ վերջ)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը (Շար. 3 եւ վերջ)

05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Այսօր, հայ-թաթարական ընդհարումներէն 115 տարի ետք, երբ յետադարձ հայեացքով լուսարձակի տակ կ՛առնենք ե՛ւ պատմութիւնը, ե՛ւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող քաղաքական եւ ռազմական ելեւէջներու ծալքերը. խիստ ուսանելի դասերու ու խորհուրդներու ամբողջ թղթածրար մը կը բացուի մեր առջեւ.

– Համաթրքութեան ու համաթուրանական ծրագրին հետեւող տարածաշրջանի երկու եղբայրներ` թուրքեր եւ թաթարներ (այժմ` ազերիներ) կ՛երազէին իրարու միանալ, Պաքուն ցեղային զտման առաջին փորձն էր, որ կը հետապնդէր Թուրքիային միանալու կամ նոր անկախ թրքական պետութիւն ստեղծելու հեռանկարներ: Չէ բացառուած նաեւ, որ դեռ 1905 թուականին Թուրքիոյ մէջ կը քննարկուէր մեր տարածաշրջան ուղղակի ռազմական արշաւանք ձեռնարկելու հարցը: Եթէ ան այդպէս է, ապա Պոլիսը ուղղակի ժամանակ չունեցաւ, քանի որ հայերը կրցան արագ ու կոշտ ճնշել Պաքուի ջարդարարները:

– Փոքր այն ազգերը, որ իրաւունքի եւ արդարութեան համար կը պայքարին, դատապարտուած կ’ըլլան խայտառակ պարտութեան եւ ոտնահարման, եթէ չեն զինուած միասնական ոգիով մարտնչելու իրենց դէմ ցցուած բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն դիմաց:

– Պաքուի մէջ տեղադրուած կառավարական զօրքերը փաստօրէն ստանձնած էին համաթուրքիստներու կողմէ առաջնորդուող ջարդարարներուն ոչ աշխուժ սատարողի դերը: Այդ մասին գոյութիւն ունին բազմաթիւ վկայութիւններ, մասնաւորաբար` այդ ժամանակաշրջանի լրագրերու յօդուածները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական արխիւին մէջ գտնուող շատ մը թղթածրարները:

– Աշխարհի ճակատագիրը վարող մեծ պետութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած մրցակցութեան ենթակայ են փոքր ազգերու դատերն ու իրաւունքները: Այս մեկնակէտէն ելլելով է, որ փոքր ազգերու իրաւունքներու եւ պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ մղուած պայքարները կը վերածուին մեծապետական ուժերու ձեռքին գործածուող հիմնական յաղթաթուղթերու:

– Անկասկած, ազգախումբերու թշնամանք հրահրելու հարցին մէջ կը նպաստէր կրօնի գործօնը` հայերու քրիստոնեայ եւ թաթարներու մահմետական ըլլալու իրողութիւնը, բայց անհիմն է հայ-թաթարական բախումներուն տալ կրօնական բնոյթ: Ազերիները (անցեալի թաթարները) վերոնշեալ հարցը զանազան բնագաւառներով տեւական կրօնական բնոյթ կու տան:

– Կովկասահայութիւնը մեծ բացթողում մը արձանագրեց, երբ 1905-ի հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն իր ունեցած փորձը, ապա 1918-ի քաղաքա-ռազմական վերիվայրումներէն ետք չկրցաւ համարժէք իր արժեւորումն ու դրժումը կատարել ռուսական քաղաքականութեան հերթական այդ գործելաոճին` հայ-թաթար ընդդիմութեան հրահրումով Անդրկովկասին վերատիրանալու քաղաքականութիւնը:

– 1905-1907 թուականներուն հայ-թաթարական բախումները ի յայտ բերին շատ կարեւոր իրողութիւն մը: Ան ալ, որ հայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ դարձած էր բաւականին ազդեցիկ գործօն ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ ռազմական պատրաստուածութեան առումով, որուն հետ արդէն հաշուի չնստիլ ուղղակի հնարաւոր չէր: Անոր նպաստեց նաեւ այն, որ հայ ազգային ուժերը մահուան դատապարտեցին եւ այդ մահապատիժները ի կատար ածեցին:

– Հայ ժողովուրդի անմիջական դրացի եղող ինչպէս թուրք, այդպէս ալ ազերի (նախապէս թաթար) ժողովուրդի արմատներուն պէտք է քաջածանօթ ըլլալ, անոնց ուղղուածութեան, գաղափարախօսութեան եւ մարմաջներուն ու յատկապէս մեծ պետութիւններու ախորժակներուն, որոնց պատճառով ու հրահրումով Անդրկովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-թաթար (այժմ` ազերի) երկու ժողովուրդներու իրերայաջորդ հակամարտութիւնները, առաջինը` 1905-1906, երկրորդը` 1918-1920, իսկ երրորդը` 1991-1994 թուականներուն, եւ` անոնց պատճառով յառաջացած արիւնահեղութիւնները:

– Յետ հայ-թաթարական ընդհարումներուն, Նիկոլ Դումանի եւ անոր զինակից ընկերներու կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ անոր օրուան ազգային ինքնապաշտպանութեան որոշումները հայկական որոշ շրջանակներու մէջ տակաւին չեն ստացած իր ամբողջական գնահատանքն ու արժեւորումը: Մինչ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իբրեւ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ նշմարուող նոր, առողջ ու կենսունակ գաղափարական հոսանք` գերիշխող դարձաւ 1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակահատուածին մէջ:

Հայկական մամուլի կարգ մը անդամներ, ինչպէս նաեւ որոշ հայ պատմաբաններ ու մտաւորականներ երբ կը խօսին ու կը գրեն հայ-թաթարական կռիւներու մասին, եւ կամ առաւելագոյնը Նիկոլ Դումանի հերոսական կռիւներուն կ’անդրադառնան, կարգ մը նկատառումներով զանց կ’առնեն ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը, հիմնական դերակատարութիւնը եւ իրագործուած ամբողջական մարտավարութիւնը:

Այս նիւթը նաեւ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել ու շեշտել, քանի որ հայ-թաթարական ընդհարումներուն կատարուած ինքնապաշտպանութեան մարտավարութիւնն ու զայն իրականացնող կուսակցութիւնը եւ անոր առընթեր յայտնաբերուած իրադարձութիւնները անհրաժեշտ հիմնաքարեր են ազգային գաղափարախօսութեան քուրային մէջ միաձուլելու:

Այս հիմնաւորումները կատարելէ ետք լուսարձակի տակ կ’առնենք Պաքուի օրուան մամուլը ու մանաւանդ հետագային Ազրպէյճան պետութեան ստեղծումէն ետք մինչեւ օրս լոյս տեսած մամուլն ու հրատարակուած գիրքերը, ուր պիտի տեսնենք, թէ ազերիները մեծ քարոզչութիւն կատարեցին հայ-թաթարական բոլոր ընդհարումներուն մասին` թաթարներու կողմէ կազմակերպուած հայերու ջարդերը եւ հայկական ինքնապաշտպանութիւնը աղաւաղելով, ապատեղեկատուութիւն տարածելով եւ տարբեր անուանումներ տալով:

Մեր ուսումնասիրութենէն կը հետեւցնենք, որ անոնք յառաջ մղած են «հայ-թաթարական սպանդ» անուանումը, ու մանաւանդ երկու վարկածներ ուշադրութեան առարկայ դարձած են, առաջինը` թաթարներու մասին ակնարկութեան ընթացքին տեւական նախընտրած են օգտագործել «մուսլուման» եզրը, իսկ հայերու պարագային, ըստ առաջինի օգտագործման, որ պէտք է նշուի «քրիստոնեայ» եզրը, չէ նշուած, փոխարէնը օգտագործուած է «հայ» բառը:

Ահա այլ օրինակներ եւս. թաթար հրապարակախօս Մամետ Սայիտ Օրտուպատիի «Արիւնոտ տարիներ. 1905-1906 թուականներուն հայ-մուսուլման հակամարտութիւնը Կովկասի մէջ» աշխատութիւնը, եւ թաթար (ազերի) բանաստեղծ, նկարիչ, գրականագէտ, պատմաբան Միր Մուհսեն Նեւուապի 1993 թուականին, ազերի լեզուով

լոյս տեսած «1905-1906 հայ-մուսուլման բախումները»: Այս տեսակի խորագրերու ընտրութիւնը կարելի չէ կարծել, որ նման, այսպէս ըսած, դասակարգումը պատահաբար կիրարկուած դրոշմ է: Պարզապէս այդպիսի ոչ խորամանկ մեթոտով, ունկնդիրներու ենթագիտակցութեան վրայ ազդելով` Պաքուն կը փորձէ ժամանակակիցներու եւ յառաջիկայ սերունդներու աչքին հաւասարութեան նշան դնել ջարդարարներու ու բռնացողներու գործողութիւններու եւ բացառապէս այդ բռնացողի ոչնչացումին ուղղուած պատասխան քայլերու միջեւ: Հետեւաբար, 1905 թուականի իրադարձութիւնները անհրաժեշտ է մէկ բան որակել. Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդեր:

Միւս կողմէ` Նազըմ Մուսթաֆայի 2015-ին լոյս տեսած երկու գիրքերը, առաջինը` «Ազրպէյճանցիներու ծագումնաբանութիւնը Երեւանի մարզպետութեան մէջ: (1918-1920)», իսկ երկրորդը` «Երեւան քաղաք. ինչպէ՞ս ոչնչացաւ թուրք-իսլամական գոյութիւնը» նոյնանման խորագրերով կը ներկայանայ մեզի, օրինակ` «Երեւան քաղաք» գիրքին մէջ էջ 75-ը խորագրուած է «Քաղաքի էթնիք հաւասարակշռութեան այլափոխումը» եւ անոր ենթագլուխները` «1905-1906 կոտորածները» էջ 77, «1918-1920 ցեղասպանութիւնը» էջ 83, «1948-1953 բռնագաղթը» էջ 95 եւ «1988-1989 բռնագաղթը» էջ 104:

Ահա այս մեկնակէտէն ելլելով կը տեսնենք, որ թուրք-թաթար-ազերի թշնամիին կողմէ իրագործուած տեղեկատուական ճարպիկութիւնները, որ սկիզբ առին 1905-1906 թուականներուն, իրերայաջորդ ձեւով կատարուեցան նաեւ 1918-1920 եւ 1991-1994 թուականներէն (Սումկայիթի կամ Պաքուի) յետոյ ալ: Անոնք մինչեւ օրս քարոզչական ամէն տեսակի բնագաւառներու օգտագործումով կը գերազանցեն տեղեկատուական պատերազմի կատարելագոյնին հասնելու: Տեղեկատուութեան աղաւաղումը բնականաբար կը նպատակադրէ տեղեկութիւններ այլափոխելով վարկաբեկել եւ վարկազրկել հակառակորդի դիմագիծը` յաչս միջազգային ընտանիքին:

Հայ-թաթարական (հասկնալ` թուրք եւ ազերի) ընդհարումներու վերլուծողական այս աշխատութիւնը կ’աւարտենք` ընդգծելով, որ ոչ մէկ գործընթաց, յայտարարութիւն, յաւերժ բարեկամութեան մասին հաւաստիացում չեն կրնար զսպել բռնացողն ու մարդասպանը: Ժողովուրդին անվտանգութիւնը կրնան ապահովել միմիայն վճռական գործողութիւնները, այնպէս, ինչպէս իրականացուցին Նիկոլ Դումանը եւ իր մարտիկները: Դումանի կերպարին մէջ խտացուած է Հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը, ռազմական հմտութիւնն ու կոտորածէ փրկուելու մարտավարութիւնը:

Բայց Պաքուի հայերը չփոխուեցան, անոնք նոյն վարքագիծը դրսեւորեցին նաեւ հոկտեմբեր 1905-ի ջարդերու ժամանակ: Ամենայն հաւանականութեամբ ազգային բնաւորութիւնը փոփոխման ենթակայ չէ: Մենք այդպէս էինք, մնացած ենք այդպէս ե՛ւ 1905-ին, ե՛ւ 1988-ին, ե՛ւ 1990-ին: Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան, որ տարիներու թաւալումով հոն սկզբունքային ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է:

Հայ-թաթարական ընդհարումներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարածաշրջանին մէջ մարտահրաւէրները շատ են, իսկ պահը` ճակատագրական ու վտանգաւոր: Անկասկած սպառնալի փուլի մէջ է յայտնուած հայութիւնը տեւաբար, հարեւան թուրք ժողովուրդներու կողմէ ու յատկապէս անոնց համաթրքական եւ համաթուրանական «մեծ երազ»-ին` Օղուզիստան ու Թուրան պետութիւն ստեղծելու երազանքով, որ կա՛մ նորանոր արիւնահեղութեան պիտի յանգի եւ կա՛մ թուրքի օգտին պիտի լուծուի: Ուրեմն ուրիշ ելք չկայ. ինչպէս որ կարեւոր է հայ-թաթարական ինքնապաշտպանութեան մարտական կորովն ու մարտավարական բարձր պատրաստուածութիւնն եւ հնարքը, այդպէս ալ այսօր եւ վաղը ու միշտ հայ ժողովուրդը ու յատկապէս հայ զինուորը, հրամանատարը ու կամաւորը պատրաստ պէտք է ըլլան անկարելին կարելի ընելու. միայն այդ ճամբով կրնանք կանխարգիլել եւ թոյլ չտալ, որպէսզի պատմութիւնը չկրկնէ ինքզինք:

Հայ-թաթարական ընդհարումներու մանրամասնութիւնները վերլուծելով` անգամ մը եւս կը շեշտուի, որ հայ ժողովուրդը միայն իր կուռ միասնութեամբ ու հերոսական պայքարով կը կարողանայ ձեռք բերել ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը: Վերոնշեալ գաղափարներուն լոյսին տակ կը խտանայ հայ-թաթարական ընդհարումներու մարտական եւ գաղափարա-քաղաքական խորհուրդը:

(Շար. 3 եւ վերջ)

Ձախէն աջ, ոտքի՝ Հասրաթ, Ասլան, նստած՝ Մուշեղ, Արամ

 

Ձախէն աջ՝ Սարհատ, Համօ Ջանփոլատեան եւ Մարտիրոս Չարուխճեան

Օգտագործուած Աղբիւրներու
Եւ Գրականութեան Ցանկ

– Ա-Դօ, «Հայ-թուրքական ընդհարումը Կովկասում», Երեւան, 1907:

– Գալոյեան Գալուստ, «Պատմութեան քառուղիներում: Ազատագրուած ժողովուրդի վերածնունդը», Երեւան, Հայաստան, 1982:

– Գիւլխանդանեան Աբրահամ, «Հայ-թաթարական կռիւները Անդրկովկասում», «Հայրենիք» ամսագիր, 1935, թիւ 10, էջ 132-135, թիւ 11, էջ 129-135, թիւ 12, էջ 134-141:

– Գիւլխանդանեան Աբրահամ, «Բագուի դերը մեր ազատագրական շարժման մէջ», «Հայրենիք» ամսագիր, 1924, թիւ 1, էջ 123-131, թիւ 2, էջ 133-144, թիւ 3, էջ 60-66, թիւ 5, էջ 97-111, թիւ 6, էջ 102-108, թիւ 8, էջ 109-118, թիւ 9, էջ 106-112, թիւ 10, էջ 109-119, թիւ 11, էջ 98-103, թիւ 12, էջ 49-56, 1925, թիւ 3, էջ 125-131, թիւ 4, էջ 106-112, թիւ 5, էջ 116-121:

– Գիւլխանդանեան Աբրահամ, «Հայ-թաթարական ընդհարումները», հատ. Ա., Փարիզ, 1933, 218 էջ:

– Դուման Նիկոլ, «Նախագիծ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան», Ժընեւ, 1907:

– «Դրօշակ», 1905 թ., թիւ 3:

– Լէօ, «Թրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը», հ. Բ, Փարիզ, 1935:

– «Լումայ» գրական, պատմական եւ հանրային ամսագիր, տասներորդ տարի, 1905, թիւ 4, յունիս, Թիֆլիս:

– Luigi Villari, «Fire and Sword in the Caucasus», London, 1906:

– Խատիսեան Ալեքսանդր, «Քաղաքապետի մը յիշատակները», Պէյրութ, 1991:

– «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, 1932:

– Հանգոյց Ն. (Նիկոլ Աղբալեան), Մ. Շ-ի (Մարտին Շաթիրեան) յուշերը, «Հայոց հասարակական շարժումների պատմութիւնից», «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, 1923:

– Տասնապետեան Հրաչ խմբագիր, «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», հատոր Բ, բ. տպ., Պէյրութ, 1985:

– «Մշակ», 1906 յունուար 22: Թիւ 24: Թիւ 59, փետրուար 3 եւ թիւ 69, մարտ 17:

– Սիմոնեան Հրաչիկ, «Ազատագրական պայքարի ուղիներում», գիրք 1, Երեւան, 2003:

– Վարանդեան Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», առաջին հատոր, Փարիզ, 1932, էջ 358-434:

– Փամպուքեան Երուանդ խմբագիր, «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», հատոր Ե, Պէյրութ, 2007:

Հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատը Ալագյոզ-Մազրա գիւղի մէջ (Երեւանի նահանգ, Նախիջեւանի գաւառ, 1905):

Լուսանկարը օգտուած ենք Լուիճի Վիլլարի «Fire and Sword in the Caucasus» գիրքէն:

aztagdaily.com/archives/463593

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail