ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Այս երկիրը ոչ-թուրք տարրերէն մաքրել պէտք է, Կրօնքը իմ քովս ոչ մէկ արժէք ունի, իմ կրօնքս Թուրանն է ․․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Այս երկիրը ոչ-թուրք տարրերէն մաքրել պէտք է

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Այս երկիրը ոչ-թուրք տարրերէն մաքրել պէտք է, Կրօնքը իմ քովս ոչ մէկ արժէք ունի, իմ կրօնքս Թուրանն է ․․․

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Այս երկիրը ոչ-թուրք տարրերէն
մաքրել պէտք է:
Կրօնքը իմ քովս ոչ մէկ արժէք ունի,
իմ կրօնքս Թուրանն է»․․․

8 Փետրուար 2020

1915 թուականի սկզբին Թալէաթի նախագահութեամբ «Իթթիհատ վէ Թերագգի» կենտրոնը գաղտնի ժողով է գումարում, որին բացակայ էր միայն Ջեմալը: ժողովը քննում է հայերի հարցը եւ որոշում.- «Աոանց սեռի եւ տարիքի խտրութեան՝ հայերու մէկ անհատ իսկ չձգելու պայմանաւ բնաջնջել որոշած է եւ անոր գործադրութիւնն ոճրագործ ու մարդասպաններէ բաղկացած մասնաւոր կազմակերպութեան մը յանձնած է եւ անոնց ղեկավարութիւնն ալ «եռեակ գործադիր յանձնախումբ» անուան տակ դոկտ. Նազիմի, Պեհաէդդին Շաքիրի եւ կրթութեան նախարար Շիւքրիին յանձնած էր»:

Այս ժողովում աոաջինը խօսում է դոկտ. Նազիմը, «Իթթիհատ վէ Թերագգիի» գլխաւոր քարտուղարը, որը մեղադրում է հայերին ու Դաշնակցութեանը, որ նրանք օգնում են ռուսներին, տեղերում խռովութիւններ եւ ապստամբութիւններ բարձրացնելու մէջ, իսկ Թալէաթը հաստատում է նրա ասածը, որ հայ «իժերը» կրկին անգամ գլուխ են բարձրացրել: Այնուհետեւ Նազիմը շարունակում է իր ճառը.- «Եթէ 1909ի մեր Ադանայի եւ այլ վայրերու մէջ կատարել տուածին նման տեղական ջարդերով պիտի գոհանանք, օգուտի տեղ վնաս կը հասնի, մեր մաքրագործել աոաջադրած ուրիշ տարրերը, արաբները, քրդերը կ՚արթնցնէ եւ վտանգը մէկի տեղ երեք կ՚ըլլայ. Կը մեծնայ եւ գործադրութիւնը կը դժուարանայ, այս ժողովուրդին մէջ քանիցս խօսած եմ եւ հիմա ալ կը կրկնեմ՝ եթէ այս մաքրագործումը ընդհանուր եւ վերջնական չպիտի ըլլայ, օգուտի տեղ վնասն անպայման է, պէտք է որ հայ ազգը արմատախիլ ըլլայ, մեր հողին վրայ անհատ մը անգամ չմնայ, հայ անունը մոռցուի:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Հիմա պատերազմի մէջ ենք, ասկէ յարմար առիթ չի գտնուիր, մեծ պետութեանց միջամտութիւնը, թերթերու բողոքի ձայնը նկատելի իսկ չի կրնար ըլլալ, ըլլայ նոյնիսկ, խնդիրը կատարուած իրողութիւն մը կը դառնայ եւ կը փակուի: Այս անգամուան գործողութիւնը բնաջնջումի գործողութիւն մը պիտի ըլլայ, հայերու մէկ անհատ իսկ չի մնալու պայմանով բնաջնջումը հարկ է…:

Ես թուրքութիւնը կենդանացնելու համար Ձեզի ընկեր, եղբայր եղայ, ես թուրքին, միայն թուրքին ապրիլը, այս հողին վրայ անկախ իշխող մը ըլլալը կը փափաքիմ, ոչ-թուրք տարրերը թող ջնջուին, ո՛ր ազգութեան եւ ո՛ր կրօնքին ալ պատկանած ըլլան, այս երկիրը ոչ-թուրք տարրերէն մաքրել պէտք է:

Կրօնքը իմ քովս ոչ մէկ արժէք ունի, իմ կրօնքս Թուրանն է»:

Իսկ մոլեռանդ պանթուրքիստ, հայերին ջարդող, «Իթթիհատ վէ Թերագգի» կոմիտէի երեքի նախագահ Շաքիրն ասում է.-
«Մեր ազգային կալուածին մէջ միայն թուրք յառաջադիմութիւնը եւ բարգաւաճումը կրնանք արտօնել՝ հինէն մնացած ազգերը, անհարազատ եւ վնասակար խոտերը արմատախիլ ընելով: Մեր հողը մաքրելու ստիպուած ենք, մեր յեղափոխութեան նպատակը, ծրագիրն այս է, ասոր համար էր, որ Իթթիհատ եւ Թերագգի իշխանութիւն, «նոր թուրքական պետութիւն» անունը տուինք, եւ օսմանցի անուան արժէքը զրոյի իջեցուցինք… Օսմանեան խառնուրդը ազգային դրօշ չունի…»:

Իսկ մի այլ առիթով նա նշում էր, որ «Հայերը կանգնած են մեր համաթուրքական ու համաթուրանական սրբազան իտէալներու իրականացման ճամբուն վրայ, եւ մենք անխուսափելիօրէն կը բախուինք անոնց հետ…: Մենք հարկադրուած ենք տարերայնօրէն ոչնչացնել մեր ճամբուն վրայէն այն ամէնը, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ մեր ազգային սրբազան իտէալներուն: Եւ յետոյ դուք միշտ ռուսներուն հետ էք, դուք անոնց առաջապահն էք, իսկ ռուսները մեր ոխերիմ թշնամիներն են: Պատմական թշնամիները»:

Այս ոգով են խօսում նաեւ միւսները, յատկապէս Թալէաթը, էնվերը եւ |սոճա Հասանը: վիճաբանութիւններն ու ճառերը վերջանալուց յետոյ, Թալէաթը քուէարկում է. «… Մէկ անհատն իսկ չմնալու պայմանով հայերուն բնաջնջման մասին միաձայնութեան գոյացած ըլլալը հասկցուեցաւ»:

(Աւետիս Յարութիւնեան, «ՊԱՆԹՈԻՐՔԻԶՄԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ» – http://echmiadzin.asj-oa.am/12393/1/45.pdf)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Կրօնքը իմ քովս ոչ մէկ արժէք ունի,
իմ կրօնքս Թուրանն է

*
* *

Բարի լոյս՝ Հայ Դատի պայքարի բոլոր պատնէշներուն վրայ եւ խրամներուն մէջ արթուն հսկող պահանջատէր հայութեան, որ աւելի քան դար մը, ահա՛, սերունդէ սերունդ արեգակն արդար ողջունելու պահուն, իր արի արանց կը յուշէ՝ «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»։

Փետրուար 8ի այս օրը, 1915 թուականին, ցեղասպան թրքական պետութեան իթթիհատական իշխանութիւնները վերջնական որոշում կայացուցին պետականօրէն ի գործ դնելու ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԲՆԱՋՆՋՈՒՄը՝ «մէկ հատ հայ իսկ ողջ չթողնելու պայմանով»․․․

8 Փետրուար 1915ի գումարուած Իթթիհատի գաղտնի ժողովին եւ անոր կայացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրելու զարհուրելի որոշումին մասին ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուած է յուշատետրով։

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Վերեւի մէջբերումով՝ լուսարձակի տակ կը դրուի ցեղասպան թուրքին մօտ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾի վերածուած ՈՃՐԱԾԻՆ ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄը, որուն «յաջողութեան» նախապայմանը Թալէաթներուն համար իրագործումն էր ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅ ԱԶԳի բնաջնջումին։

Իր որոշումը գործադրութեան յանձնելու պահուն իսկ ՑԵՂԱՍՊԱՆը ամբողջական «գիտակցութիւն»ը ունէր իր ՅԱՆՑԱՆՔին եւ իրեն հասանելի ՊԱՏԻԺին․․․

Պատիժ՝ որուն համար ԹԱԼԷԱԹՆԵՐը վախ չունէին ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԶՕՐՆԵՐէն, բայց ուղղակի հալածախտաւորի պէս ի սկզբանէ կը շեշտէին հրամայականը՝ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆՆԵՐը իրենց մօր ծոցին մէջ խեղդելու․․․ «ԱՊԱՀՈՎԻՉ»ին։

Բարի լոյս՝ Հայ Դատի պայքարը վերանորոգ թափով շարունակելու յաղթարշաւին նորովի միացող երիտասարդ հայուն, որպէսզի ցեղասպանը ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆին առջեւ կանգնեցնելու վերապրող հայութեան ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳՈՐՈՒՄը անաւարտ չանցնի պատմութեան գիրկը, այլ՝ յաղթանակով պսակուի։

Բարի լոյս՝ պետական իր տունը մաքրող եւ կարգի դնող մերօրեայ յեղափոխաշունչ հայութեան, որ անփոխարինելի ժառանգորդն ու իրաւատէրն է հայոց Իրաւունքի եւ Արդարութեան՝ Ազգի եւ Հայրենիքի ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ։

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail