ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ–Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904) Հայոց անկաշկանդ հրապարակագրութեան ջահակիրն ու արդի հայերէնի մաքրայղկման վաստակաւորը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ–Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904) Հայոց անկաշկանդ հրապարակագրութեան ջահակիրն ու արդի հայերէնի մաքրայղկման վաստակաւորը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904).
Հայոց անկաշկանդ հրապարակագրութեան ջահակիրն ու արդի հայերէնի մաքրայղկման վաստակաւորը

Ն. Պէրպէրեան

«…Երկու բան կան, որ ժողովուրդները կը կրթեն. դպրոց եւ մամուլ, որոնց մէկը ամէն տեսակ կարեւոր ուսմանց դայեակը պիտի ըլլայ, եւ միւսն ալ հասարակաց կարծեաց լուսաւորութեան հանդիսարանը»։
1865ին լոյս տեսած հրապարակագրական յօդուածէ մը առնուած այս միտքը, թէ՛ իբրեւ գաղափարախօսութիւն եւ թէ իբրեւ աշխարհաբար հայերէն, լաւագոյնս կը բնութագրէ աշխարհայեացքն ու վաստակը նոյնինքն յօդուածագրին՝ Կարապետ Իւթիւճեանի, որ վախճանած է Փետրուար 10ի այս օրը։

Թէեւ մեր սերունդները ընդհանրապէս մօտէն ծանօթացած չեն իր վաստակին ու թողած մեծ ժառանգութեան, բայց անպայման յաճախակի հանդիպած են Կարապետ Իւթիւճեանի անունին յիշատակութեան՝ 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքին վերաբերեալ վկայութեանց եւ ուսումնասիրութեանց մէջ։

Կ. Իւթիւճեան իրաւամբ կը հանդիսանայ 19րդ դարու երկրորդ յիսնամեակին տիրական դէմքերէն մէկը հայ իրականութեան մէջ, ինչպէս հայ լրագրութեան վեթերան խմբագիրներէն մէկը ըլլալու իր հանգամանքով, նոյնպէս եւ մանաւանդ իբրեւ անխոնջ թարգմանիչի՝ արեւմտահայ աշխարհաբարի մշակման, զարգացման ու յղկման մէջ իր ունեցած պատկառելի վաստակին համար։

Իւթիւճեան գրական տաղանդ չունէր եւ գեղարուեստական ինքնուրոյն տեղծագործութիւններ չկտակեց մեր սերունդներուն։ Գլխաւորաբար այդ պատճառով ալ իր անունը հազուադէպ կը յիշատակուի հայերէնի մեր դասագիրքերուն մէջ։ Բայց ինչպէս հայ գրականութեան դասագիրքերու պատրաստութեան ձեռնարկած մեր բոլոր երախտաւորները միահամուռ կը վկայեն, անվիճելիօրէն հիմնական ու օրհնաբեր դերակատարութիւն ունեցաւ Իւթիւճեան՝ ե՛ւ աշխարհաբարի ժողովրդականացման ու թրքաբանութիւններէ մաքրազտման մէջ, ե՛ւ հայ ժողովուրդը դարաւոր գերութեան հետեւանք խաւարամտութենէն արթնցնելու եւ դարու ոգիով լուսաւորելու գործին մէջ։

Պատահական չէ, հետեւաբար, որ «Պատմութիւն արեւմտահայ արդի գրականութեան» անունը կրող իր գործին մէջ, Կարօ Սասունի յատուկ կարեւորութեամբ կ՚անդրադառնայ Իւթիւճեանի թարգմանչական հարուստ վաստակին, որ կը հաշուէ աւելի քան 50 հատոր գործերու թարգմանութիւն միջազգային գրականութենէն, ինչպէս Ժ. Վերնի «Ուղեւորութիւն դէպի լուսին»ը, Է. Սիւի «Թափառական հրեան», Մ. Թորէնի «Երկաթէ դիմակով մարդը» եւայլն։

Առաւելաբար դիւրին ընկալուող, ժողովրդականութիւն վայելող եւ ազգային հպարտութիւն առթող գործերէ իր կատարած թարգմանութիւններով՝ Իւթիւճեան ոչ միայն ընթերցողներու լայն շրջանակ գրաւեց եւ անոնց աշխարհաբար սորվեցուց, այլեւ իր թարգմանած գործերու թերթօնային հրատարակութեամբ նաեւ ամէնօրեայ հաղորդութեան եւ հոգեմտաւոր զարգացման հնարաւորութիւնը ընձեռեց Զարթօնքի փուլը թեւակոխած մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904) Հայոց անկաշկանդ հրապարակագրութեան ջահակիրն ու արդի հայերէնի մաքրայղկման վաստակաւորը

Աւելի՛ն. թարգմանչութիւնը դարձաւ ընդհանրապէս տիրական ուղղութիւնը Զարթօնքի ամբողջ Սերունդին եւ Կ. Իւթիւճեան, այդ բնագաւառին մէջ, անմրցելի մնաց հայերէն լեզուի վերանորոգման եւ հայաբանութեան վերաթարմացման իր բերած անզուգական ներդրումով։

Կարապետ Իւթիւճեան ծնած էր 1823ին, Պոլսոյ թաղերէն Պալաթուի մէջ, որուն թաղային վարժարանին մէջ ալ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։ Շարունակեց ուսումը Սամաթիոյ թաղային դպրոցին մէջ, ուր աշակերտեց ժամանակաշրջանի անուանի ուսուցիչներու։ 1839ին ընդունուեցաւ Սկիւտարի Ճեմարանը, ուր մեծահռչակ Յովհաննէս Տէրոյենց կը դասաւանդէր։ Մեծապէս գնահատելով պատանի Իւթիւճեանի ընդունակութիւնները՝ Տէրոյենց «դասագլուխ» փայփայիչ տիտղոսին արժանացուց իր աշակերտին (ինչպէս որ Մինաս Թէօլէօլեան կը վկայէ իր «Դար մը գրականութիւն» գործին մէջ)։

Բայց Ազգային Պատրիարքարանի եւ Ճեմարանի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած ինչ-ինչ վէճերու հետեւանքով, 1840ի աշնան չի վերաբացուիր վարժարանը եւ Իւթիւճեան կը ստիպուի ինքնաշխատութեամբ զարգացնել հայերէնի եւ հայագիտական իր պատրաստութիւնը։
Իւթիւճեան կը յաջողի ուսուցչական աշխատանք գտնել եւ քանի մը տարի դասաւանդութիւն կատարել Պէշիկթաշի, Սկիւտարի եւ Ենի Մահալլէի հայկական թաղային վարժարաններուն մէջ։

1848ին, ուսումը ամբողջացնելու նպատակով, կը մեկնի Փարիզ, Ֆրանսա, որ կը բոլորէր յեղափոխական վերիվայրումներու բուռն շրջան մը։ Իւթիւճեան ուսման կողքին աշխոյժ հետեւեցաւ յեղափոխական շարժումներու խմորումներուն, բայց չտարուեցաւ Եւրոպան վարակած ազատախոհական գաղափարներու ալիքէն. պահպանողական համոզումներու տէր անհատականութիւն էր, որ թէեւ լուսաւորութեան գործին մեծ հաւատացող մըն էր, բայց դէմ էր յեղափոխական ցնցումներու եւ վերիվայրումներու։ Այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր կեանքին վախճանը։

1851ին, կարճ ժամանակով Լոնտոն անցնելէ եւ հոն անգլիական գրականութեան ու անգլերէնի հետ մօտէն շփուելէ եւ իր պաշարը հարստացնելէ ետք, Իւթիւճեան վերադարձաւ Պոլիս եւ ուղղակի նետուեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ Աշխարհաբարի որդեգրման համար բռնկած սուր պայքարներու բովին մէջ։ Հաստատակամ կանգնեցաւ Գրիգոր Օտեանի, Նահապետ Ռուսինեանի եւ աշխարհաբարեան անոնց գործակիցներու կողքին՝ յառաջապահ դրօշակիրի դեր ստանձնելով յանուն Ազգային Զարթօնքին մղուած պայքարի մէջ։

Իւթիւճեան հազիւ Պոլիս վերադարձած էր, երբ Ազգային Պատրիարքարանը վէճ ունեցաւ իր պաշտօնաթերթ «Հայաստան»ի խմբագրին՝ Տէրոյենցի հետ։ Պատրիարքարանը դիմեց Իւթիւճեանին, որպէսզի ինք ստանձնէ պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը։ Իւթիւճեան ընդառաջեց, բայց պայման դրաւ, որ թերթին անունը փոխուի եւ «Մասիս» կոչուի, իսկ խմբագիրը ունենայ գործելու լայն ազատութիւն։

Այդպէ՛ս ալ եղաւ։

Այնուհետեւ Կարապետ Իւթիւճեանի անունը անքակտելիօրէն կապուեցաւ «Մասիս»ին, որուն տէրն ու տիրականը դարձաւ քանի մը տարի ետք՝ դուրս գալով Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթի կաշկանդումէն։ «Մասիս» անխափան հրատարկուեցաւ մինչեւ 1888 թուականը, երբ շրջան մը յանձնուեցաւ Տիգրան Արփիարեանի (գրող Արփիար Արփիարեանի կրտսեր եղբօր) խմբագրութեան։ 1895ին Իւթիւճեան վերստին ինք ստանձնեց խմբագրութիւնը «Մասիս»ին՝ զայն լոյս ընծայելով իբրեւ շաբաթաթերթ, մինչեւ 10 Փետրուար 1904ի իր վախճանը։

Որքան ալ չափազանցութեան տպաւորութիւն գործէ, բայց դիպուկ է Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի գնահատականը Կարապետ Իւթիւճեանի մասին՝ իբրեւ հայոց «արդի լեզուի հեղինակն ու հայրը»։

Իրաւամբ մեծակշիռ եղաւ Կարապետ Իւթիւճեանի ներդրումը աշխարհաբարի զարգացման եւ հայոց հոգեմտաւոր զարգացման մէջ՝ պահպանողական իր բոլոր կաշկանդումներով հանդերձ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail