ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Հասարակաց միտքը (պոն սանս) մեր երկրորդական առաջնորդը միայն է – իսկ արուեստին կանոնները, եթէ կան,,,,,,,,
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
Բարի լոյս
«Հասարակաց միտքը (պոն սանս)
մեր երկրորդական առաջնորդը միայն է․
իսկ արուեստին կանոնները, եթէ կան,
միշտ ցանկալի եւ նախամեծար են»։
11 Փետրուար 2020
Անոնք որ ուրիշ բաներու համար դրութիւն եւ սկզբունք գործածել կ՚ընդունին, երբ իմաստասիրելու կու գայ, հասարակաց մտաց (ուղիղ բանի) ապաստան ըլլալ կ՚ուզեն։
Հասարակաց միտք ըսելով, ինչպէս կը կարծեմ, կ՚իմանան դատողութեան գործածութիւնը, առանց օգնականութեան որեւիցէ դրութեան կամ կանոնի։ Այս գործածութիւնը կ՚ընենք սովորաբար հասարակաց կենաց շատ գործողութիւններուն մէջ, որոնց մէջ մեր բնական խելքէն ուրիշ կանոն չունինք։
Ով որ ասոր մէջ յաջողակ է՝ կ՚ըսուի, թէ առաւելագոյն աստիճանի հասարակաց միտք ունի։ Բայց հասարակաց միտքը (պոն սանս) մեր երկրորդական առաջնորդը միայն է․ իսկ արուեստին կանոնները, եթէ կան, միշտ ցանկալի եւ նախամեծար են։
Եւ այս ցուցնելու համար ընդհանուր վկայութեան մը կը դիմեմ։
Մարդոց ընդհանրութիւնը մասնաւոր սէր մը ունի հասարակաց մտաց՝ ամէն բանի մէջ, ան բաներէն զատ, որոց դրութեանը կանոններն ինք գիտէ, կամ որոնք իր արուեստն են։
Զոր օրինակ՝ նաւապետ մը թերեւս բժշկութեան համար հասարակաց միտքը բաւարար կը դատի, բայց ծաղրելի կը համարի, եթէ իրեն ըսուի, թէ նաւուղղութեան համար հասարակաց միտքը բաւարար է։
Բժիշկ մը քաղաքական տնտեսութեան, տրամաբանութեան կամ ուսողութեան համար նոյնը կ՚ընէ, բայց հիւանդութիւններ բուժելու մէջ հասարակաց մտաց միայն ապաստան ըլլալ երբեք չ՚ընդունիր։
Երբեք պիտի չառնու յանձն ճարտարապետ մը շինողութեան համար, երաժիշտ մը նուագածութեան համար՝ արուեստին դրութիւնն ու կանոնները, որոնք փորձառութեան օգնութեամբը գիտնաբար իմաստասիրութենէ հանուած են, բառնալ թողուլ, եւ լոկ հասարակաց զգայութեան ապաւինիլ։
Ապա յայտ է, թէ մարդկային ազգն առհասարակ, թէպէտ յանգէտս եւ յակամայ, վկայութիւն կուտայ թէ դրութեամբ գիտնալը կարծեօք դատելէն նախամեծար է։
Տրամաբանութենէն ուղղակի եւ անուղղակի յառաջ եկող օգտակարութեան վրայ քաջ եւ յայտ համոզուած ըլլալուն համար էր, որ Օքսֆորտի համալսարանն, իր դրութիւնը նորէն յարդարելու ատեն, կէս գիտուններէն ոմանց բողոքելուն չանսալով, ուսման այս ճիւղը ոչ միայն պահեց, այլ եւ առանձին ուշադրութեան աժանի վճռելով, հոյակապ կարգի բարձրացուց։
(Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, «Սկզբունք Տրամաբանութեան», 1864)
*
* *
Տրամաբանութեան եւ ընդհանրապէս գիտական ու փիլիսոփայական մտքի եւ աշխատանքի կենսական կարեւորութիւնը շեշտող վերեւի խորհրդածութիւնները կը պատկանին հայագէտ ու պատմաբան, լեզուագէտ ու գիտնական, այլեւ իմաստասէր Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեանի (1818-1903), որուն ծնունդը կը զուգադիպի Փետրուար 11ի այս օրուան։
Բարի լոյս՝ գիտական եւ քննական մտածողութեան հայ վարպետներուն, որոնք մեր ժողովուրդի հազարամեակներու երթին յառաջապահները դարձան՝ ուղի հարթող եւ հորիզոն բացող, նաեւ այլ ազգերու մեծ մտքերուն ոչինչով զիջող իրենց իմաստասիրութամբ եւ գիտաշխատութեամբ։
Մ․ Ա․ Գարագաշեան ոչ միայն գիտաշխատութիւններու բեղուն եւ մեծարժէք ժառանգութիւն մը կտակած է հայոց սերունդներուն, այլեւ իր դարաշրջանի պատմագիտական եւ հասարակագիտական ամէնէն յառաջադէմ հոսանքներուն հետ քայլ պահելու, արդիականը եւ նորարարականը հայացնելու իր բացառիկ ընդունակութեամբ՝ ներշնչման աղբիւր ծառայած է հայ մտքի իրերայաջորդ ջահակիրներուն։
Բարի լոյս՝ դէպի աղբիւրը լոյսին յաղթաքայլ յառաջանալու ինքնավստահութեամբ իր օրը իմաստաւորող պահանջատէր հայութեան։
Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի արդիականացման ու բազմակողմանի զարգացման առջեւ դարու ոգիին համահունչ ուղիներ հարթելու կոչուած Հայ Մտքին։
Բարի լոյս՝ ժողովուրդին հասկնալի լեզուով մէկ կողմէ ողջմտութեան իր արժանի տեղը տալու, իսկ միւս կողմէ մասնագիտացման ուղիով քաղաքակրթական նուաճումներ իրականացնելու հրամայականը ուսուցանելու իմաստութեաՆ։
Ազգային եւ քաղաքացիական իմաստութիւն՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդի չարաշահումով ու մեր պետականութեան կողոպուտով յղփացած մակաբոյծներ սուտ արտասուք կը թափեն մեր երկրին իբր թէ սպառնացող անիշխանութեան ու անկայունութեան․․․ հաշւոյն, խոյս տալու համար համաժողովրդական ընդվզումի եւ ցասումի դատաստանէն։
Բարի լոյս՝ թէ՛ սեփական տունը կարգի բերելու, թէ՛ թշնամի սադրանքներու դիմակայելու, թէ՛ քաղաքակրթական մեր յառաջընթացը վերաշխուժացնելու զգօնութեամբ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ